Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ25 Սեպտեմբեր էջ 31
  • Հարցումներ ընթերցողներէն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումներ ընթերցողներէն
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Արծիւներու պէս թեւերով վեր բարձրանանք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Եհովան յոգնածին ոյժ կու տայ
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2017)
  • Դասեր քաղենք երկնքի թռչուններէն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2016
  • «Իմ պատուիրանքներս պահէ որպէս զի ապրիս»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
դ25 Սեպտեմբեր էջ 31

Հարցումներ ընթերցողներէն

Առակաց 30։18, 19–ին գրողը ըսաւ որ «աղջկան քով՝ այր մարդուն ճամբան» իրեն համար «զարմանալի» է։ Ան ի՞նչ ըսել ուզեց։

Այս խօսքերը շփոթեցուցած են շատ մը մարդիկ, նոյնիսկ՝ ուսումնականներ։ Լման համարը կ’ըսէ. «Այս երեք բաները ինծի զարմանալի կ’երեւնան եւ չորս բան կայ, որոնք չեմ հասկնար։ Օդին մէջ՝ արծիւին ճամբան, ապառաժին վրայ՝ օձին ճամբան, ծովուն մէջ՝ նաւուն ճամբան ու աղջկան քով՝ այր մարդուն ճամբան» (Առ. 30։18, 19)։

Անցեալին, հասկցած էինք որ «աղջկան քով՝ այր մարդուն ճամբան» ժխտական իմաստով է։ Ինչո՞ւ։ Այս գլուխին մէջ ուրիշ համարներ կը խօսին գէշ բաներու մասին, որոնք երբեք «հերիք է» չեն ըսեր (Առ. 30։15, 16)։ Իսկ 20–րդ համարը կը խօսի «շնացող կնոջ» մը մասին, որ կ’ըսէ թէ ինք ‘չարութիւն չէ ըրած’։ Ասոնց նայելով պատճառաբանեցինք, որ տղամարդը իր ըրածին հետքը չի ձգեր, ինչպէս որ օդին մէջ՝ արծիւը, ապառաժին վրայ՝ օձը եւ ծովուն մէջ՝ նաւը, հետք չեն ձգեր։ Այս պատճառաբանութեան վրայ հիմնուելով, հասկցած էինք որ «աղջկան քով՝ այր մարդուն ճամբան» կ’ակնարկէ ժխտական բանի մը, այսինքն՝ երիտասարդ մը կը խաբէ միամիտ երիտասարդուհի մը որ իր հետ սեռային յարաբերութիւն ունենայ, եւ երիտասարդուհին չ’անդրադառնար որ կը խաբուի։

Բայց այնպէս կ’երեւի, թէ պատճառներ կան ըսելու, որ այս համարները դրական բանի մը մասին կը խօսին։ Հոն, գրողը պարզապէս կը հիանա՛ր իր յիշած բաներուն վրայ։

Այս համարին եբրայերէն բնագիրէն ալ յստակ կը դառնայ, որ ատիկա լաւ բանի մը մասին կը խօսի։ Գիրք մը կ’ըսէ, որ Առակաց 30։18–ին մէջ յիշուած «զարմանալի» թարգմանուած եբրայերէն բառը «կ’ակնարկէ դէպքի մը, որ սովորականէ դուրս, անկարելի եւ նոյնիսկ հիանալի է մէկու մը համար» (Theological Lexicon of the Old Testament)։

Միացեալ Նահանգներու մէջ, Հարվըրտ համալսարանէն՝ Փրոֆէսոր Քրոֆըրտ Հ. Թոյը նաեւ նոյն եզրակացութեան եկաւ, որ այս համարը չի նկարագրեր ժխտական բան մը։ Ան կ’ըսէ. «Գրողը կը փորձէր նկարագրել, թէ այս յիշուած բաները որչա՜փ հիանալի են»։

Ուրեմն, տրամաբանական է ըսել, թէ Առակաց 30։18, 19–ի խօսքերը կը նկարագրեն իրապէ՛ս զարմանալի, կամ նոյնիսկ մեզի համար անհասկնալի եղող բաներ։ Այս խօսքերը գրողին նման, մենք ալ կը հիանանք թէ արծիւ մը ինչպէ՛ս կրնայ օդին մէջ թռչիլ, թէ ոտք չունեցող օձ մը ինչպէ՛ս կրնայ ժայռին վրայ սողալ, թէ ծանր նաւ մը ինչպէ՛ս կրնայ ծովուն մէջ ճամբորդել, եւ թէ երիտասարդ մը ու երիտասարդուհի մը ինչպէ՛ս կրնան սիրահարուիլ եւ միասնաբար երջանիկ կեանք մը ապրիլ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել