1925–ին, Ինտիանա նահանգին Ինտիանապոլիս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած համաժողովը
1925. Հարիւր տարի առաջ
«Կ’ԱԿՆԿԱԼԵՆՔ որ այս տարի շատ կարեւոր բաներ պատահին», ըսաւ Դիտարան–ի 1 յունուար 1925 թիւը։ Յօդուածը շարունակեց, ըսելով. «Բայց քրիստոնեաները պէտք չէ հոգ ընեն թէ այս տարի ի՛նչ կրնայ պատահիլ։ Քանի որ ասիկա կրնայ իրենց ուշադրութիւնը ուրիշ բանի դարձնել, եւ այս պատճառաւ ուրախութեամբ չընեն, այն ինչ որ Եհովան իրենցմէ կ’ուզէ»։ Աստուածաշունչի Աշակերտները ի՞նչ կ’ակնկալէին որ պատահի 1925–ին։ Եւ անոնք ինչպէ՞ս Տիրոջ գործին մէջ զբաղած մնացին, հակառակ որ յուսախաբ եղան։
ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ՅՈՒՍԱԽԱԲՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1925–ին, շատ մը Աստուածաշունչի Աշակերտներ կ’ակնկալէին որ այդ թուականին երկիրը դրախտի պիտի վերածուի։ Ինչո՞ւ։ Եղբայր Ալպերթ Շրոտըրը, որ ետքը Կառավարիչ մարմինին մէկ անդամը եղաւ, բացատրեց. «Կը հաւատայինք թէ այդ թուականին՝ օծեալներուն մնացորդը երկինք պիտի ելլէ, որ Թագաւորութեան մաս կազմէ, եւ թէ Աբրահամին ու Դաւիթին նման հաւատարիմ տղամարդիկ յարութիւն պիտի առնեն եւ երկրի վրայ իշխաններ պիտի ըլլան»։ Բայց երբ այս բաները չպատահեցան, ոմանք յուսախաբ եղան (Առ. 13։12)։
Աստուածաշունչի Աշակերտներուն մեծամասնութիւնը շարունակեցին քարոզել, հակառակ որ յուսախաբ եղան։ Անոնք սկսան անդրադառնալ, որ Եհովային մասին վկայելը ամէնէն կարեւոր բանն է որ կրնան ընել։ Օրինակ, նկատի առ այն ջանքերը, որ անոնք թափեցին, որպէսզի ռատիօկայաններու միջոցաւ քարոզեն շատ մարդոց։
ԱՒԵԼԻ ՌԱՏԻՕԿԱՅԱՆՆԵՐ ՇԻՆԵՑԻՆՔ
Երբ 1924–ին WBBR ռատիօկայանը յաջողութիւն գտաւ, 1925–ին՝ Աստուածաշունչի Աշակերտները ուրիշ յաջող ռատիօկայան մըն ալ շինեցին՝ այս անգամ Շիքակոյի մօտ, Իլինոյ։ Ռատիօկայանին անունն էր՝ WORD։ Այդ ռատիօկայանին շինարարութեան մասնակցող մեքենագէտը՝ Ռալֆ Լեֆլըրը ըսաւ. «Շատ հեռուները գտնուող մարդիկ մտիկ կ’ընէին WORD ռատիօկայանը ձմրան պաղ գիշերներուն»։ Օրինակ, աւելի քան 5000 քիլոմեթր հեռու գտնուող Փայլըթ Սթէյշըն քաղաքին մէջ (Ալասքա) ապրող ընտանիք մը, մտիկ ըրաւ առաջին յայտագիրներէն մէկը։ Ատկէ ետք, ընտանիքը նամակ մը գրեց ռատիօկայանին մէջ աշխատողներուն, որպէսզի շնորհակալութիւն յայտնէ այդ քաջալերական հոգեւոր յայտագրին համար։
Ձախ. WORD ռատիօկայանին երկու աշտարակները, Իլինոյ նահանգին՝ Պաթավիա քաղաքին մէջ
Աջ. Ռալֆ Լեֆլըրը կ’աշխատի ռատիօկայանին մէջ
Դիտարան–ի 1 դեկտեմբեր 1925 թիւը բացատրեց, թէ ինչո՛ւ շատեր կրցան յայտագիրները լսել. «WORD ռատիօկայանը Միացեալ Նահանգներուն մէջ ամէնէն զօրաւոր ռատիօկայաններէն մէկն է (5000 ուաթց)։ Այս ռատիօկայանին յայտագիրները կը լսուին Միացեալ Նահանգներու թէ՛ արեւելեան ու թէ՛ արեւմտեան ծովեզերքները, նաեւ՝ Քուպայի մէջ եւ Ալասքայի ամէնէն հիւսիսը։ Շատեր, որոնք ասկէ առաջ բնաւ չէին լսած ճշմարտութիւնը, այդ յայտագիրները լսելէ ետք հետաքրքրուեցան ճշմարտութեամբ»։
Ճորճ Նէշ
Նոյն ժամանակը, Աստուածաշունչի Աշակերտները Քանատայի մէջ ալ ջանք կը թափէին որ ռատիոյի միջոցաւ քարոզեն բարի լուրը։ Մէկ տարի առաջ, CHUC ռատիօկայանը շինուած էր Սասքաթունի մէջ, Սասքաչուան։ Ատիկա Քանատայի առաջին կրօնական ռատիօկայաններէն մէկն էր։ Հիմա պէտքը կար որ ատիկա աւելի մեծ տեղ մը փոխադրուէր։ Ասոր համար, Դիտարանի ընկերութիւնը այդ ռատիօկայանը փոխադրեց Ռիճընդ Պիլտինկ, որ Սասքաթունի մէջ հին թատերասրահ մըն էր, որ եղբայրները գնած ու նորոգած էին։
Այս ռատիօկայանին շնորհիւ, Սասքաչուանի քիչ բնակուած շրջաններուն մէջ ապրողներէն շատեր, բարի լուրը լսեցին առաջին անգամ ըլլալով։ Օրինակ, հեռաւոր գիւղաքաղաքի մը մէջ ապրող Տիկ. Կրէյըմը, յայտագիր մը մտիկ ընելէ ետք, նամակ գրեց եւ հրատարակութիւններ խնդրեց։ Եղբայր Ճորճ Նէշը ըսաւ, թէ կնոջ խնդրանքը այնքա՛ն սրտանց էր, որ Սուրբ Գրութիւններու ուսումնասիրութիւններ–ու բոլո՛ր հատորները ղրկուեցան անոր։ Շատ չանցած, Տիկ. Կրէյըմը Թագաւորութեան բարի լուրը կը քարոզէր նոյնիսկ ա՛լ աւելի հեռաւոր տեղ մը։
ԿԱՐԵՒՈՐ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՍՈՐՎԵՑԱՆՔ
Դիտարան–ի 1 մարտ 1925 թիւին մէջ կարեւոր յօդուած մը կար, որուն վերնագիրն էր՝ «Ազգին ծնունդը»։ Այս յօդուածը ինչո՞ւ շատ կարեւոր էր։ Որոշ ատենէ մը ի վեր, Աստուածաշունչի Աշակերտները գիտէին թէ Սատանան կազմակերպութիւն մը ունի, որ բաղկացած է՝ երկինքի մէջ գտնուող անտեսանելի չար ոգիներէ, եւ երկրի վրայ սուտ կրօնքներէ, կառավարութիւններէ եւ վաճառականներէ։ Բայց այս յօդուածին միջոցաւ, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնեց հասկնալու, որ Եհովան ալ կազմակերպութիւն մը ունի, որ Սատանայի կազմակերպութենէն բոլորովին տարբեր է եւ անոր հակառակ է (Մատ. 24։45)։ Ասկէ զատ, «ծառան» բացատրեց որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը հաստատուած էր 1914–ին, եւ նոյն տարին ‘երկնքի մէջ ծագած պատերազմին’ պատճառաւ, Սատանան ու իր դեւերը երկնքէն դուրս վռնտուած եւ երկրի վրայ ձգուած էին (Յայտ. 12։7-9)։
Ոմանք դժուարութիւն գտան որ այս նոր հասկացողութիւնը ընդունին։ Ասոր համար, յօդուածին մէջ հետեւեալը ըսուեցաւ. «Եթէ Դիտարան–ը կարդացողներէն ոմանք համաձայն չեն հոս գրուածին հետ, կը քաջալերենք որ անոնք համբերեն եւ Եհովային վստահին, մինչ կը շարունակեն հաւատարմօրէն իրեն ծառայել»։
Բայց Բրիտանիայէն՝ Թոմ Իյրը, որ հրատարակութիւններ բաշխող մըն էր (որ ներկայիս ռահվիրայ կը կոչուի), պատմեց թէ Սուրբ Գիրքի աշակերտներուն մեծամասնութիւնը ինչպէ՛ս զգաց այս յօդուածին հանդէպ. «Եղբայրները շատ ուրախ էին Յայտնութիւն գիրքին 12–րդ գլուխին բացատրութիւնով։ Հազիւ թէ անդրադարձանք, որ Թագաւորութիւնը հաստատուած է երկինքին մէջ, շատ խանդավառուեցանք որ այս բարի լուրը հասցնենք ուրիշներուն։ Ասիկա մեզի օգնեց որ ա՛լ աւելի ծառայենք եւ տեսնենք, որ Եհովան հիանալի բաներ պիտի ընէ ապագային»։
ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՄԱՍԻՆ ՎԿԱՅԵԼ
Եհովայի վկաները այսօր շատ լաւ գիտեն Եսայի 43։10–ին խօսքը, որ կ’ըսէ. «Իմ վկաներս դուք էք, կ’ըսէ Տէրը, նաեւ իմ ընտրած ծառաս»։ Բայց 1925–էն առաջ, այս համարը շատ չէր յիշուած մեր հրատարակութիւններուն մէջ։ Բայց ասիկա փոխուեցաւ։ 1925–ին, Դիտարան–ի 11 թիւերու մէջ խօսուեցաւ Եսայի 43։10, 12–ին մասին։
1925–ի օգոստոսի վերջաւորութեան, Աստուածաշունչի Աշակերտները համաժողով մը ունեցան Ինտիանապոլիսի մէջ, Ինտիանա։ Եղբայր Ժոզեֆ Ֆ. Ռատըրֆորտը համաժողովի յայտագիրին վրայ տպած էր բարի գալուստի խօսք մը, որ կ’ըսէր. «Մենք այս համաժողովին եկած ենք. . . զօրութիւն ստանալու մեր Տէրոջմէն, որպէսզի կարենանք նոր թափով մը վերադառնալ դաշտ՝ իր վկաները ըլլալու համար»։ Համաժողովի ութ օրերուն ընթացքին, ներկաներուն քաջալերութիւն տրուեցաւ որ Եհովային մասին վկայեն ամէն մէկ առիթով։
Շաբաթ, օգոստոսին 29–ին, եղբայր Ռատըրֆորտը նկատի առաւ «Գործի լծուելու հրաւէր մը» բնաբանը։ Ան իր դասախօսութեան մէջ կեդրոնացաւ վկայելու գործին կարեւորութեան վրայ, ըսելով. «Եհովան իր ժողովուրդին կ’ըսէ. . . ‘Իմ վկաներս դո՛ւք էք. . . որ ե՛ս եմ Աստուած’։ Ետքը, ան այս զօրաւոր բառերով կը պատուիրէ. ‘Ժողովուրդներուն վրայ դրօշակ բարձրացուցէք’։ Երկրի վրայ [Եհովային ժողովուրդէն] զատ մէկը չկայ որ կրնայ ‘դրօշակ բարձրացնել’, այսինքն՝ իրեն մասին վկայել, քանի որ միայն անո՛նք ունին իր սուրբ հոգին եւ իր վկաներն են» (Եսա. 43։12. 62։10)։
Յոյսի պատգամ թերթիկը
Եղբայր Ռատըրֆորտը իր դասախօսութենէն ետք կարդաց «Յոյսի պատգամ» բնաբանով պաշտօնական որոշում մը։ Ներկաները ատոր համաձայնեցան, որ կ’ըսէր թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը միակ իրական յոյսն է՝ «խաղաղութեան, բարգաւաճութեան, առողջութեան, կեանքի, ազատութեան եւ յաւիտենական ուրախութեան օրհնութիւնները» ստանալու համար։ Այդ որոշումը ետքը թարգմանուեցաւ շատ մը լեզուներու եւ տպուեցաւ որպէս թերթիկ։ Ատկէ 40 միլիոն օրինակներ բաժնուեցան ծառայութեան մէջ։
Այդ թուականին, Աստուածաշունչի Աշակերտները տակաւին իրենց անունը չէին փոխած Եհովայի վկաներու, բայց անոնք երթալէն աւելի կ’ըմբռնէին իր մասին վկայելու կարեւորութիւնը։
ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱԾ ԱՆՀԱՏՆԵՐԸ ՎԵՐԱՅՑԵԼԵԼ
Երբ Աստուածաշունչի Աշակերտներուն թիւը սկսաւ աւելնալ աշխարհին չորս կողմը, կազմակերպութիւնը անոնց քաջալերութիւն տուաւ, որ ոչ միայն հրատարակութիւններ ցրուեն, այլեւ վերայցելեն անոնց որոնք հետաքրքրուած են։ Յոյսի պատգամ թերթիկը ցրուելու արշաւէն ետք, Տեղեկագիր–ըa սա ուղղութիւնը տուաւ. «Վերայցելեցէ՛ք անոնց, որոնց Յոյսի պատգամ թերթիկը տուիք, բայց հրատարակութիւններ չտուիք»։
Տեղեկագիր–ին յունուար 1925 թիւին մէջ կար այս տեղեկագիրը, որ ղրկուած էր Թեքսասի Բլանօ քաղաքէն եղող Աստուածաշունչի Աշակերտի մը կողմէ. «Զարմանալի է որ այն թաղամասերը, որոնք քանի մը անգամ ծածկուած են, աւելի արդիւնք կու տան քան՝ նոր թաղամասերը։ Մեր թաղամասին մէջ կայ պզտիկ գիւղաքաղաք մը, որ հինգ անգամ ծածկուած է անցեալ տասը տարիներուն ընթացքին. . . Բայց վերջերս, քոյր Հէնտրիքսը եւ մայրս նորէն քարոզեցին հոն եւ որեւէ ժամանակէ աւելի գիրքեր բաժնեցին»։
Բանամայի մէջ ալ, հրատարակութիւններ բաշխող մը գրեց. «Շատեր, որ առաջին այցելութեանս ատեն մերժած էին ինծի մտիկ ընել, տարբեր մօտեցում ունեցան իրենց երկրորդ կամ երրորդ այցելութեանս ատեն։ Այս տարի, ծառայութեան մէջ ժամանակիս մեծ մասը տրամադրեցի վերայցելելու անոնց, որոնց այցելած էի ատկէ առաջ, եւ շատ լաւ փորձառութիւններ ունեցայ անոնցմէ ոմանց հետ»։
ԱՊԱԳԱՅԻ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ
1925–ի վերջաւորութեան, եղբայր Ռատըրֆորտը նամակ գրեց բոլոր հրատարակութիւններ բաշխողներուն եւ ըսաւ, որ այդ տարին ի՛նչ բաներ ըրած էին ծառայութեան մէջ եւ յաջորդ տարին ի՛նչ պիտի ընէին։ Ան ըսաւ. «Անցեալ տարուան ընթացքին, առանձնաշնորհում ունեցաք մխիթարելու շատեր, որոնք տխուր էին։ Այս գործը ձեզ ուրախացուց. . . Եկող տարին, շատ առիթներ պիտի ունենաք վկայելու Աստուծոյ ու իր Թագաւորութեան մասին եւ ցոյց տալու, թէ որոնք են զինք պաշտողները. . . Թող որ բոլորս միասնաբար մեր ձայները բարձրացնելով փառաբանենք մեր Աստուածն ու Թագաւորը»։
Մինչ 1925–ը վերջանալու վրայ էր, եղբայրները ծրագիրներ կը դնէին որ Պրուքլինի Բեթէլը մեծցնեն։ 1926–ին, անոնք պիտի սկսէին աշխատելու կազմակերպութեան ամենամեծ շինարարական ծրագրին մէջ։
1926–ին՝ շինարարութիւն Էտըմզ փողոցին մէջ, Պրուքլին, Նիւ Եորք
a Հիմա կը կոչուի՝ Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. Ժողովի տետր։