Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ25 Հոկտեմբեր էջ 12-17
  • Եհովային սէրը յաւիտեան է

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովային սէրը յաւիտեան է
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՍԷՐԸ ՍԵՊԵՆՔ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ ՄԸ
  • ԽՈԿԱ՛ «ՁԵԶ ԿԸ ՍԻՐԷ» ԽՕՍՔԻՆ ՎՐԱՅ
  • ՀԱՍԿՑԻՐ ԹԷ ԿԱՍԿԱԾՆԵՐԸ ՈՒՐԿԷ ԿՈՒ ԳԱՆ
  • ՈՐՈՇԷ՛ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՄՆԱԼ
  • Եհովան վրադ կը գուրգուրայ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
  • Ընդունէ որ Եհովան քեզ կը սիրէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • Ի՞նչ բան մեզի կ’օգնէ երբ կասկածներ ունենանք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
  • Եհովայի հաւատարիմ սէրը կը գնահատե՞ս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
դ25 Հոկտեմբեր էջ 12-17

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 41

ԵՐԳ 18 Աստուծոյ մնայուն սէրը

Եհովային սէրը յաւիտեան է

«Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է. վասն զի անոր հաւատարիմ սէրը յաւիտեան է» (ՍԱՂ. 136։1, ՆԱ)։

ՆԻՒԹ

Երբ մեր միտքը պահենք որ Եհովային սէրը Սուրբ Գիրքի հիմնական ուսուցում մըն է, կրնանք նեղութիւններու տոկալ։

1-2. Կարգ մը քրիստոնեաներ ի՞նչ դժուարութիւն մը կ’ունենան։

ԵՐԵՒԱԿԱՅԷ որ նաւ մը փոթորիկի բռնուած է։ Բարձր ալիքներ նաւուն կը զարնուին եւ զայն աջ–ձախ կը տանին։ Եթէ նաւուն վրայ մէկը խարիսխը չիջեցնէ, փոթորիկը կ’առնէ կը տանի նաւը։ Բայց խարիսխը կը ձգէ որ նաւը հաստատ մնայ եւ գլուխը առնելով չ’երթայ։

2 Երբ դժուար պարագաներէ անցնիս, կրնայ ըլլալ զգաս որ այդ նաւուն պէս ես։ Կը զգաս որ հոգեկանդ օր մը բարձր է, օր մըն ալ գետինն է։ Մէյ մը կը զգաս որ վստահ ես թէ Եհովան քեզ կը սիրէ եւ կը հոգայ, մէյ մըն ալ կը կասկածիս եթէ ան նոյնիսկ գիտէ որ ինչերէ՜ կ’անցնիս (Սաղ. 10։1. 13։1)։ Կրնայ ըլլալ բարեկամ մը քաջալերական խօսքեր ըսէ քեզի եւ այդ վայրկեանին աւելի լաւ զգաս (Առ. 17։17. 25։11)։ Բայց ետքը նորէն կը սկսիս կասկածիլ։ Նոյնիսկ կրնայ ըլլալ մտածես, թէ Եհովային աչքին արժէքաւոր չես եւ թէ ան քեզ չի սիրեր։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնաս «խարիսխդ իջեցնել», այսինքն՝ ինչպէ՞ս կրնաս ոչ միայն վստահ ըլլալ որ Եհովան քեզ կը սիրէ եւ կը հոգայ, բայց նաեւ այս համոզումդ պահել։

3. Ի՞նչ կը նշանակէ «հաւատարիմ սէր» արտայայտութիւնը, որ յիշուած է Սաղմոս 31։7–ին եւ 136։1–ին մէջ, եւ ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ մէկը չկայ որ Եհովային չափ հաւատարիմ սէր ունի (տե՛ս նաեւ նկարը)։

3 Երբ նեղութեան ժամանակ միտքդ բերես որ Եհովան հաւատարի՛մ սէր ունի քեզի հանդէպ, այլեւս դիւրին–դիւրին կասկած չես ունենար իր սիրոյն վրայ։ Սաղմոս 31։7–ն (ՆԱ) կ’ըսէ. «Քու հաւատարիմ սիրովդ պիտի ցնծամ եւ ուրախ ըլլամ. վասն զի իմ թշուառութիւնս տեսար ու իմ տառապանքներս գիտցար»։ Սաղմոս 136։1–ը (ՆԱ) կ’ըսէ. «Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է. վասն զի անոր հաւատարիմ սէրը յաւիտեան է»։ «Հաւատարիմ սէր» արտայայտութիւնը ունի այն իմաստը, որ մէկը զօրաւոր եւ մնայուն կերպով կապուած է դիմացինին։ Մէկը չկայ որ Եհովային չափ հաւատարիմ սէր ունի։ Սուրբ Գիրքը իր մասին կ’ըսէ որ ‘առատ է հաւատարիմ սիրով’ (Ել. 34։6, 7, ՆԱ)։ Սուրբ Գիրքը նաեւ կ’ըսէ. «Մեծ է հաւատարիմ սէրդ այն ամէնուն հանդէպ, որոնք քեզի կը կանչեն» (Սաղ. 86։5, ՆԱ)։ Ասոնք ի՞նչ կը նշանակեն։ Թէ Եհովան բնա՛ւ երեսի վրայ չի ձգեր իր հաւատարիմ ծառաները։ Երբ միտքդ պահես որ Եհովան հաւատարիմ է, այլեւս դիւրին–դիւրին չես կասկածիր իր սիրոյն վրայ (Սաղ. 23։4)։

Ծով նետուած խարիսխը կ’օգնէ որ նաւը աջ–⁠ձախ չ’երթայ փոթորիկի ժամանակ։

Երբ համոզուած ըլլանք որ Եհովան մեզ կը սիրէ՝ հաստատ պիտի մնանք նեղութիւններու մէջ, ճիշդ ինչպէս որ նաւը գլուխը առնելով չ’երթար երբ անոր խարիսխը իջած է (տե՛ս պարբերութիւն 3)


ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՍԷՐԸ ՍԵՊԵՆՔ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ ՄԸ

4. Սուրբ Գիրքի հիմնական ուսուցումներու օրինակներ տո՛ւր, եւ բացատրէ թէ ինչո՛ւ մէկը դիւրին–դիւրին չի կրնար անոնց մասին միտքերնիս փոխել։

4 Երբ սեպես որ Եհովային սէրը Սուրբ Գիրքի հիմնական ուսուցում մըն է, այլեւս դիւրին–դիւրին կասկած չես ունենար իր սիրոյն վրայ։ Լաւ, քեզի համար ի՞նչ կը նշանակէ՝ «Սուրբ Գիրքի հիմնական ուսուցում»։ Թերեւս միտքդ գան բուն ճշմարտութիւնները որ սորված ես Աստուծոյ Խօսքէն։ Օրինակ, սորված ես թէ Աստուծոյ անունը Եհովա է, թէ Յիսուս Աստուծոյ միածին Որդին է, թէ մեռելները բան մը չեն գիտեր եւ թէ երկիրը դրախտի պիտի վերածուի, ուր մարդիկ յաւիտեան պիտի ապրին (Սաղ. 83։18. Ժող. 9։5. Յովհ. 3։16. Յայտ. 21։3, 4)։ Երբ այս ուսուցումները ընդունեցիր, մէկը դիւրին–դիւրին չէր կրնար անոնց մասին միտքդ փոխել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ըմբռնեցիր թէ անոնք իրականութիւններու վրայ հիմնուած են։ Հիմա, նկատի առնենք թէ երբ յիշենք որ Եհովային սէրը Սուրբ Գիրքի հիմնական ուսուցում մըն է, ասիկա ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ որ չկասկածինք, թէ Եհովան մեզմով հետաքրքրուած է եւ գիտէ ինչերէ կ’անցնինք։

5. Բացատրէ թէ ինչպէ՛ս կրնաս սուտ ուսուցումները մերժել։

5 Երբ սկսար Սուրբ Գիրքը սերտել, ի՞նչը քեզի օգնեց որ սխալ ուսուցումները մերժես։ Վստահաբար, քու կրօնքիդ սորվեցուցածները բաղդատեցիր Սուրբ Գիրքին սորվեցուցածներուն հետ։ Նկատի առ օրինակ մը. սեպենք թէ ժամանակին կը հաւատայիր որ Յիսուս Ամենակարող Աստուածն է։ Բայց երբ սկսար Սուրբ Գիրքը սերտել, սկսար դուն քեզի հարցնել. ‘Այս ուսուցումը ճի՞շդ է’։ Երբ Սուրբ Գիրքէն փաստեր տեսար որ ատիկա ճիշդ չէ, սկսար Սուրբ Գիրքին սորվեցուցած ճշմարտութեան հաւատալ, որ կ’ըսէ թէ Յիսուս «բոլոր ստեղծուածներուն անդրանիկ»ն է եւ «Աստուծոյ միածին Որդին» է (Կող. 1։15. Յովհ. 3։18)։ Այո, սուտ ուսուցումները հաւանաբար խոր արմատ կապած էին եւ դժուար էր զանոնք արմատէն հանելը (Բ. Կոր. 10։4, 5)։ Բայց մէյ մը որ կրցար զանոնք հանել, ետ չդարձար ատոնց (Փլպ. 3։13)։

6. Ինչո՞ւ կրնաս վստահ ըլլալ որ Եհովային «հաւատարիմ սէրը յաւիտեան է»։

6 Նոյն մօտեցումը կրնաս գործածել Եհովային սիրոյն նկատմամբ, քանի որ ատիկա ալ Սուրբ Գիրքի ուսուցումներէն մէկն է։ Երբ նեղութեան մը ատեն սկսիս կասկածիլ որ Եհովան քեզ կը սիրէ, դուն քեզի հարցուր. «Արդեօք մտածելակերպս ճի՞շդ է»։ Ետքը ունեցած կասկածներդ բաղդատէ՛ այս յօդուածին գլխաւոր համարին հետ՝ Սաղմոս 136։1։ Ինչո՞ւ համար Եհովան ինքն իր սէրը կը նկարագրէ իբր «հաւատարիմ»։ Ինչո՞ւ համար այս սաղմոսին մէջ 26 անգամ յիշուած է «անոր ողորմութիւնը [«հաւատարիմ սէրը», ՆԱ] յաւիտեան է» խօսքը։ Ինչպէս որ տեսանք, Եհովային հաւատարիմ սէրը Սուրբ Գիրքի հիմնական ուսուցում մըն է՝ միւս ուսուցումներուն նման, որ սորված ես Աստուծոյ Խօսքէն։ Սխալ է այն գաղափարը որ արժէք չունիս Եհովային աչքին եւ որ ան քեզ չի սիրեր։ Ուրեմն, հաստատ կերպով մերժէ՛ այս գաղափարը, ճիշդ ինչպէս որ կը մերժես որեւէ ուրիշ սխալ ուսուցում։

7. Նշէ կարգ մը համարներ, որոնք կը փաստեն թէ Եհովան քեզ կը սիրէ։

7 Սուրբ Գիրքին մէջ ուրիշ փաստեր ալ կան որ Եհովան մեզ կը սիրէ։ Օրինակ, Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Շատ ճնճղուկներէ լաւ էք դուք» (Մատ. 10։31)։ Եհովան ալ իր ժողովուրդին ըսաւ. «Քեզ պիտի զօրացնեմ ու քեզի օգնութիւն պիտի ընեմ ու իմ արդարութեանս աջովը քեզ պիտի բռնեմ» (Եսա. 41։10)։ Նկատէ որ այս խօսքերը հարիւր առ հարիւր վստահութեամբ ըսուած են։ Յիսուս չըսաւ. ‘Թերեւս շատ ճնճղուկներէ լաւ էք դուք’։ Ոչ ալ Եհովան ըսաւ. ‘Թերեւս քեզի օգնութիւն ընեմ’։ Հապա անոնք ըսին. «Շատ ճնճղուկներէ լաւ էք դուք» եւ «քեզի օգնութիւն պիտի ընեմ»։ Եթէ օր մը օրանց կասկածիս որ Եհովան քեզ կը սիրէ, այսպիսի համարներ կրնան քեզի օգնել, որ ոչ միայն աւելի լաւ զգաս, այլեւ աւելի վստահ ըլլաս։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ատոնք իրականութիւններու վրայ հիմնուած են։ Ուրեմն, Եհովային աղօթէ կասկածներուդ մասին եւ խոկա՛ ասանկ համարներու վրայ, եւ այսպիսով վստահութեամբ պիտի կարենաս ըսել Ա. Յովհաննէս 4։16–ին խօսքը. «Մենք ճանչցանք ու հաւատացինք թէ Աստուած մեզ կը սիրէ»a։

8. Ի՞նչ կրնաս ընել եթէ ատեններ կը շարունակես զգալ թէ Եհովան քեզ չի սիրեր։

8 Ի՞նչ կրնաս ընել եթէ ատեններ կը շարունակես զգալ թէ Եհովան քեզ չի սիրեր։ Այսպիսի զգացումներ բաղդատէ՛ գիտցածներուդ հետ։ Մենք կրնանք աւելի վստահիլ մեր գիտցած իրականութիւններուն քան՝ զգացումներու։ Սուրբ Գիրքը կը սորվեցնէ որ Եհովային սէրը իրականութիւն մըն է։ Ուրեմն, եթէ կը զգանք որ Եհովան մեզ չի սիրեր, կարծես թէ իր ամենակարեւոր յատկութիւնը անտեսած կ’ըլլանք, որ է՝ սէրը (Ա. Յովհ. 4։8)։

ԽՈԿԱ՛ «ՁԵԶ ԿԸ ՍԻՐԷ» ԽՕՍՔԻՆ ՎՐԱՅ

9-10. Յիսուս ի՞նչ բանի մասին կը խօսէր, երբ ըսաւ «ինքը՝ Հայրը՝ ձեզ կը սիրէ» խօսքը (Յովհաննէս 16։26, 27) (տե՛ս նաեւ նկարը)։

9 Եհովային սիրոյն մասին աւելի կը գիտնանք, երբ նկատի առնենք Յիսուսին այս խօսքը. «Ինքը՝ Հայրը՝ ձեզ կը սիրէ» (կարդա՛ Յովհաննէս 16։26, 27)։ Յիսուս այս խօսքը չըսաւ պարզապէս որպէսզի իր աշակերտները աւելի լաւ զգան։ Շուրջի համարներէն կը հասկնանք, որ հոս Յիսուս չէր խօսեր անոնց զգացումներուն մասին, հապա՝ աղօթքի մասին, որ լման տարբեր նիւթ մըն էր։

10 Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ որ անոնք պէտք է իր անունովը աղօթեն եւ ոչ թէ իրեն աղօթեն (Յովհ. 16։23, 24)։ Կարեւոր էր որ անոնք ասիկա գիտնային։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ապագային՝ Յիսուս յարութիւն առնելէ ետք, թերեւս իր աշակերտները ուզէին իրեն աղօթել, որովհետեւ Յիսուս իրենց բարեկամն էր։ Անոնք թերեւս մտածէին, թէ քանի որ Յիսուս զիրենք շատ կը սիրէր՝ պիտի ուզէր իրենց խնդրանքները լսել եւ ատոնք իր Հօրը փոխանցել։ Բայց Յիսուս ըսաւ որ այս մտածելակերպը սխալ է։ Ինչո՞ւ։ Յիսուս պատասխանը կու տայ ըսելով. «Ինքը՝ Հայրը՝ ձեզ կը սիրէ»։ Այս իրականութիւնը՝ Սուրբ Գիրքի հիմնական ուսուցում մըն է աղօթքի մասին։ Ասիկա ի՞նչ կրնայ նշանակել քեզի համար։ Ճիշդ է որ Սուրբ Գիրքը սերտելով Յիսուսին աւելի ծանօթացար եւ սկսար զինք սիրել, բայց իր աշակերտներուն պէս կրնաս համոզումով Աստուծո՛յ աղօթել, գիտնալով որ ‘Ինքը՝ քեզ կը սիրէ’ (Յովհ. 14։21)։ Ասանկով, ամէն անգամ որ Եհովային կ’աղօթես, կը փաստես որ այս խօսքին կը հաւատաս (Ա. Յովհ. 5։14)։

Շարք մը նկարներ. եղբայր մը երեք կարեւոր բաներու մասին կ’աղօթէ, մինչ դուրսը նստարանի մը վրայ նստած է։ 1. Ան անկողինին մէջ պառկած իր հիւանդ կնոջ ճաշ կը բերէ։ 2. Ան իր աղջիկին հետ Սուրբ Գիրքը կը սերտէ, եւ աղջիկը ուրախ է։ 3. Ան հաշիւներու վրայէն կ’անցնի։

Կրնաս համոզումով Եհովային աղօթել, գիտնալով որ ‘Ինքը՝ քեզ կը սիրէ’ (տե՛ս պարբերութիւն 9-10)b


ՀԱՍԿՑԻՐ ԹԷ ԿԱՍԿԱԾՆԵՐԸ ՈՒՐԿԷ ԿՈՒ ԳԱՆ

11. Սատանան ինչո՞ւ պիտի ուրախանայ, եթէ կասկածինք որ Եհովան մեզ կը սիրէ։

11 Ի՞նչ բան կրնայ պատճառ ըլլալ, որ կասկածիս թէ Եհովան քեզ կը սիրէ։ Թերեւս ըսես, որ Սատանա՛ն է որ կ’ուզէ այսպէս մտածենք, եւ ասիկա մասամբ մը ճիշդ է։ Սատանան կ’ուզէ մեզ ‘կլլել’, եւ ուրախ պիտի ըլլայ եթէ զգանք որ չենք արժեր Եհովային սէրը (Ա. Պետ. 5։8)։ Այդ սէրն է որ Եհովան մղեց փրկանքը կարգադրելու, եւ Սատանան կ’ուզէ որ զգանք թէ մենք փրկանքին արժանի չենք (Եբ. 2։9)։ Լաւ, ո՞վ կ’ուրախանայ եթէ մենք կասկածինք որ Եհովան մեզ կը սիրէ։ Սատանա՛ն։ Իսկ ո՞վ կ’ուրախանայ, եթէ մենք այնքա՛ն յուսահատինք որ Եհովային ծառայելէ դադրինք։ Դարձեալ, Սատանա՛ն։ Ծիծաղելին այն է որ Սատանան կ’ուզէ որ մենք կարծենք թէ Եհովան մեզ չի սիրեր, մինչ հակառա՛կը ճիշդ է։ Այսինքն, Սատանա՛ն է որ Եհովային կողմէ չէ սիրուած։ Բայց եւ այնպէս, Սատանան իր ամէնէն խորամանկ մեթոտը գործածելով կը փորձէ մեզ զգացնել որ Եհովան մե՛զ է որ չի սիրեր եւ մե՛զ է որ մերժած է (Եփ. 6։11)։ Երբ անդրադառնանք, թէ մեր թշնամին ի՛նչ կը փորձէ ընել, ա՛լ աւելի պիտի վճռենք ‘Սատանային հակառա՛կ կենալ’ (Յակ. 4։7)։

12-13. Մեր մեղաւոր վիճակը ինչպէ՞ս կրնայ պատճառ ըլլալ, որ կասկածինք թէ Եհովան մեզ կը սիրէ։

12 Ուրիշ պատճառով մըն ալ կրնանք կասկածիլ որ Եհովան մեզ կը սիրէ, այդ ալ՝ մեր մեղաւոր վիճակն է (Սաղ. 51։5. Հռով. 5։12)։ Մեղքը՝ մարդ արարածը հեռացուցած է իր Ստեղծիչէն եւ վնաս հասցուցած է մարդուն մտքին, սրտին եւ մարմնին։

13 Մեղքը նաեւ շատ գէշ կերպով ազդեց մեր զգացական վիճակին, եւ պատճառ դարձաւ որ յանցաւոր, մտահոգ, անապահով եւ ամօթ զգանք։ Նոյնիսկ եթէ մեղք չգործենք, մենք այս զգացումները կրնանք զգալ, քանի որ կը գիտակցինք որ մեղաւոր վիճակ ունինք, եւ ասիկա Եհովային նպատակին մէջ չկար (Հռով. 8։20, 21)։ Ճիշդ ինչպէս որ ֆսսած անիւը չի կրնար պէտք եղածին պէս իր նպատակին ծառայել, նոյնպէս մենք չենք կրնար լման կերպով Եհովային նպատակին ծառայել, քանի որ մեղաւոր վիճակ ունինք։ Ասոր համար, չենք զարմանար որ ատեններ կը կասկածինք թէ Եհովան մեզ կը սիրէ։ Երբ կասկածինք, պէտք է յիշենք որ Եհովան ‘մեծ ու ահեղ Աստուած է, որ զինք սիրողներուն եւ իր պատուիրանքները պահողներուն հաւատարիմ սէր կը ցուցնէ’ (Նէ. 1։5, ՆԱ)։

14. Փրկանքին մասին մտածելը մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ որ չկասկածինք թէ Եհովան մեզ կը սիրէ (Հռովմայեցիս 5։8) (տե՛ս նաեւ «‘Մեղքին խաբէութենէն’ զգոյշ եղի՛ր» տուփը)։

14 Բնական է որ ատեններ զգանք թէ չենք արժեր որ Եհովան մեզ սիրէ։ Խօսքին բացը, ասիկա իրողութիւն է. մենք արժանի չենք իր սիրոյն եւ ատոր համար է որ Եհովային սէրը շատ յատուկ բան մըն է։ Մենք բան մը ընելով չէ որ կը շահինք Աստուծոյ սէրը, եւ հակառակ ասոր, Եհովան փրկանքը տուած է, որպէսզի կրնայ մեր մեղքերը ներել (Ա. Յովհ. 4։10)։ Չմոռնանք որ Յիսուս եկաւ մեղաւորները փրկելու համար, եւ ո՛չ թէ՝ կատարեալները (կարդա՛ Հռովմայեցիս 5։8)։ Մեզմէ ոեւէ մէկը չի կրնար բան մը կատարեալ կերպով ընել, եւ Եհովան ալ մեզմէ ասիկա չ’ակնկալեր։ Երբ հասկնանք որ մեր մեղաւոր վիճակն ալ կրնայ պատճառ ըլլալ, որ զգանք թէ Եհովան մեզ չի սիրեր, կրնանք ա՛լ աւելի վճռել որ չձգենք որ ասիկա պատահի (Հռով. 7։24, 25)։

«Մեղքին խաբէութենէն» զգոյշ եղի՛ր

Սուրբ Գիրքը կը խօսի «մեղքին խաբէութեան» մասին (Եբ. 3։13)։ Մեր մեղաւոր վիճակը ոչ միայն կը ձգէ որ մենք սխալ բաներ ընենք, այլեւ կասկածներ ունենանք որ Եհովան մեզ կը սիրէ։ Այսպիսով, ‘մեղքը կը խաբէ’ մեզ։

Մարդ արարածը միշտ կ’ուզէ հաւատալ որ ինքը չի խաբուիր։ Օրինակով մը բացատրենք։ Թերեւս կը կարծենք որ անկարելի է որ մէկը մեզ խաբելով մեր դրամը առնէ։ Բայց եթէ ուշադիր չըլլանք, ասիկա կրնայ շատ սուղի նայիլ մեզի։

Նոյն կերպով, մենք պէտք է ուշադիր ըլլանք, որ չձգենք որ մեր մեղաւոր վիճակը մեզ ‘խաբելով’ համոզէ որ Եհովան մեզ չի սիրեր։ Մեր մեղաւոր վիճակը կը ձգէ որ մենք կեդրոնանանք մեր տկարութիւններուն եւ սխալներուն վրայ։ Մեղքը ասա՛նկ կը խաբէ մեզ, բայց մենք պէտք չէ խաբուինք։

ՈՐՈՇԷ՛ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՄՆԱԼ

15-16. Եթէ Եհովային հաւատարիմ մնանք, ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ, եւ ինչո՞ւ (Բ. Թագաւորաց 22։26)։

15 Եհովան կ’ուզէ որ ‘իրեն յարինք’, այսինքն՝ իրեն հաւատարիմ մնանք (Բ. Օր. 30։19, 20)։ Այսպիսով, կրնանք վստահ ըլլալ որ ինքն ալ մեզի հաւատարիմ պիտի մնայ (կարդա՛ Բ. Թագաւորաց 22։26)։ Մինչեւ այն ատեն որ Եհովային հաւատարիմ կը մնանք, կրնանք վստահ ըլլալ որ ան մեզի պիտի օգնէ ի՛նչ պարագայի մէջ ալ ըլլանք։

16 Ինչպէս որ տեսանք, շատ պատճառներ ունինք որ մեր «խարիսխը» հաստատ պահենք երբ նեղութիւններու հանդիպինք։ Մենք գիտենք որ Եհովան մեզ կը սիրէ եւ մեզի պիտի օգնէ, քանի որ Աստուածաշունչը այսպէս կը սորվեցնէ։ Եթէ օրին մէկը կասկածինք որ ան մեզ կը սիրէ, կրնանք խոկալ այն բաներուն վրայ, որոնք գիտենք թէ ճիշդ են, քան թէ՝ այն բաներուն վրայ, որոնք կը զգանք թէ ճիշդ են։ Կ’ուզենք համոզուած մնալ Սուրբ Գիրքի այն հիմնական ճշմարտութեան վրայ, թէ Եհովային հաւատարիմ սէրը յաւիտեան կը մնայ։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

  • Ինչպէ՞ս կ’օգտուինք երբ մեր միտքը պահենք որ Եհովային սէրը՝ Սուրբ Գիրքի հիմնական ուսուցում մըն է։

  • Մեր ժառանգած մեղքը ինչպէ՞ս պատճառ կ’ըլլայ որ կասկածինք թէ Եհովան մեզ կը սիրէ։

  • Ինչպէ՞ս կրնանք այլեւս չկասկածիլ որ Եհովան մեզ կը սիրէ։

ԵՐԳ 159 Եհովային փառք տուէք

a Նաեւ կրնաս խոկալ այս համարներուն վրայ՝ Բ. Օրինաց 31։8, Սաղմոս 94։14 եւ Եսայի 49։15։

b ՆԿԱՐ. Եղբայր մը աղօթքով Եհովայէն կը խնդրէ որ իրեն օգնէ իր հիւանդ կնոջ հոգ տանելու, դրամական հարցերու հետ իմաստութեամբ գլուխ ելլելու եւ իր աղջիկին օգնելու որ Եհովան սիրէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել