Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ուն յօդուած 57
  • Յիսուսին զոհէն օգտուէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Յիսուսին զոհէն օգտուէ
  • Ուրիշ նիւթեր
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուածաշունչի դասընթացք
  • Եհովայի վկաներու ժողովներ
  • Յօդուածներ եւ վիտէօներ՝ jw.org կայքին վրայ
  • Եհովայի վկաներու ժողովները ինչպէ՞ս կրնան քեզի օգնել
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Ժողովներուն յաճախելը ի՞նչ կը յայտնէ մեր մասին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2019
  • Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Տեսաերիզներ գործածել՝ սորվեցնելու համար
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2016)
  • Ո՞վ է Յիսուս
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
Տես աւելին
Ուրիշ նիւթեր
ուն յօդուած 57
Յիսուս շալկած է այն փայտը, որուն վրայ պիտի մեռնէր։

Յիսուսին զոհէն օգտուէ

Աշխարհի չորս կողմը, տարին անգամ մը, Եհովայի վկաները եւ միլիոնաւոր հիւրեր կը հաւաքուին, որ Յիսուսի մահը յիշատակեն, ինչպէս որ ան խնդրած էր (Ղուկաս 22։19)։ Այս առիթը մեզի կ’օգնէ, որ Յիսուսին ըրած զոհին կարեւորութիւնը հասկնանք։ Ասկէ զատ, այս առիթին ժամանակ կը տեսնենք, որ բոլոր մարդոց համար ըրած իր այդ զոհը ինչպէ՛ս մեր կեանքին կ’ազդէ թէ՛ հիմա եւ թէ ապագային (Յովհաննէս 3։16)։

Այս տարի Յիշատակատօնին ներկայ եղար կամ ոչ, ինչպէ՞ս կրնաս օգտուիլ Յիսուսին զոհէն։ Յիսուս սորվեցուց որ պէտք է երկու կարեւոր բան ընենք.

  1. 1. Աստուծոյ եւ Յիսուսին մասին սորվինք։ Երբ որ Յիսուս իր երկնաւոր Հօր կ’աղօթէր, ըսաւ. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր» (Յովհաննէս 17։3)։

  2. 2. Մեր սորվածները գործադրենք։ Յիսուս շեշտեց որ իր սորվեցուցածները գործադրենք։ Օրինակ, ան իր ծանօթ Լերան քարոզը եզրափակեց՝ գովելով այն անձը որ իր «խօսքեր[ը] կը լսէ ու զանոնք կը կատարէ» (Ղուկաս 6։46-48)։ Նոյնպէս, ուրիշ առիթով մը ան ըսաւ. «Եթէ դուք այս բաները գիտէք, երանելի էք եթէ ասոնք կատարէք» (Յովհաննէս 13։17)։

Կ’ուզե՞ս աւելի սորվիլ Աստուծոյ եւ Յիսուսին մասին։ Կ’ուզե՞ս գիտնալ որ ինչպէ՛ս կրնաս սորվածներդ գործադրել։ Նկատի առ կարգ մը կերպեր, որոնցմով կրնաս օգտակար տեղեկութիւններ առնել։

Աստուածաշունչի դասընթացք

Աստուածաշունչի մեր ձրի դասընթացքը շատերու օգնած է, որ Աստուածաշունչը քննեն եւ ատոր սորվեցուցածները գործադրեն։

  • Բաց Սուրբ Գիրքի դասընթացք՝ Եհովայի վկայի մը հետ էջը, որ այս դասընթացքին մասին աւելին գիտնաս։

  • Դիտէ Սուրբ Գիրքի դասընթացքը ինչպէ՞ս կ’ըլլայ վիտէոն, որ տեսնես թէ Եհովայի վկայի մը հետ Աստուածաշունչը սերտելը ինչպէ՛ս կ’ըլլայ։

Եհովայի վկաներու ժողովներ

Եհովայի վկաները շաբաթը երկու անգամ կը հաւաքուին իրենց պաշտամունքի վայրին մէջ, որ կը կոչուի Թագաւորութեան սրահ։ Այս ժողովներուն ընթացքին, մենք Աստուածաշունչը կը սերտենք եւ կը սորվինք ատոր սորվեցուցածները գործադրել։

Ամէն մարդ կրնայ այս ժողովներուն ներկայ ըլլալ։ Պէտք չունիս Եհովայի վկայ ըլլալու որ այս ժողովներուն ներկայ ըլլաս։ Կրնաս ժողովներուն անձամբ ներկայ ըլլալ կամ ալ համացանցի ճամբով ատոնք դիտել։ Ասիկա կախեալ է ապրած շրջանիդ պարագաներէն։

  • Դիտէ Թագաւորութեան սրահին մէջ ի՞նչ կ’ըլլայ վիտէոն, որ գաղափար առնես թէ ժողովները ինչպէ՛ս կ’ըլլան։

  • Բաց Եհովայի վկաներուն ժողովները էջը, որ քեզի ամէնէն մօտ ժողովը գտնես։

Յօդուածներ եւ վիտէօներ՝ jw.org կայքին վրայ

Այս կայքին վրայի շատ մը յօդուածները եւ վիտէօները կրնան քեզի օգնել, որ Յիսուսին սորվեցուցածներուն եւ անոր ըրած զոհին մասին աւելին գիտնաս։

Օրինակ, տեսնելու համար թէ ինչպէ՛ս կարելի է որ մէկ մարդու մահը միլիոնաւորներու օգտակար կը դառնայ, կարդա՛ «Յիսուս ինչպէ՞ս կը փրկէ» եւ «Յիսուս ինչո՞ւ տառապեցաւ ու մեռաւ» յօդուածները կամ դիտէ Յիսուս ինչո՞ւ մեռաւ վիտէոն։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել