Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ հիւլէական պատերազմի մասին
Աշխարհը միշտ հիւլէական պատերազմի վտանգին մէջ է, քանի որ աշխարհակալ ուժերը հիւլէական զէնքեր ունին եւ ատոնք կը շատցնեն։ Անոր համար, մարդիկ բնականաբար մտահոգ են, որ հիւլէական զէնքերը ո՛րքան աւելի շատնան, ա՛յնքան աւելի վտանգ կայ, որ հիւլէական պատերազմ սկսի։ Մարդիկ նոյնիսկ կը վախնան, որ եթէ երկիր մը միայն մէկ պզտիկ հիւլէական ռումբ գործածէ, ատիկա կրնայ սկիզբ տալ հիւլէական պատերազմի, որ կրնայ աշխարհը քանդել։ Պարբերաթերթ մը կ’ըսէ, որ մենք կ’ապրինք «հիւլէական պատերազմի վախով» (Bulletin of the Atomic Scientists)։
Կրնա՞յ ըլլալ որ հիւլէական պատերազմ ըլլայ։ Եթէ այո՛, արդեօք մեր մոլորակը պիտի գոյատեւէ՞։ Իսկ ինչպէ՞ս կրնաս հիւլէական պատերազմի նկատմամբ ունեցած մտահոգութեանդ հետ գլուխ ելլել։ Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ։
Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, թէ արդեօք...
Ինչպէ՞ս կրնաս հիւլէական պատերազմի նկատմամբ ունեցած մտահոգութեանդ հետ գլուխ ելլել
Աստուածաշունչը մարգարէացա՞ծ է, որ Արմագեդոնը հիւլէական ռումբերով պիտի ըլլայ
Աստուածաշունչի «Յայտնութիւն» գիրքը հիւլէական պատերազմի մասին կը խօսի՞
Աստուածաշունչը կ’ըսէ՞ որ հիւլէական պատերազմ պիտի ըլլայ
Աստուածաշունչը մասնայատուկ կերպով չի խօսիր հիւլէական պատերազմի մասին։ Բայց ատոր մէջ մարգարէացուած էր դէպքերու եւ մարդոց ունենալիք կեցուածքներուն մասին, եւ որոնց պատճառով այսօր հիւլէական պատերազմի վտանգը կայ։
Նկատի առ Աստուածաշունչի այս համարները եւ ատոնք բաղդատէ դէպքերու հետ, որոնք այսօր աշխարհի մէջ տեղի կ’ունենան.
Աստուածաշունչի համարներ. Յիսուսին աշակերտները հարցուցին. «Քու գալուստիդ ու աշխարհիս վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ Յիսուս պատասխանեց. «Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ» (Մատթէոս 24։3, 7)։
Աշխարհի մէջ տեղի ունեցող դէպք. Երկիրները, մէջը ըլլալով հիւլէական զէնքեր ունեցող կամ արտադրող երկիրներ, երթալով աւելի՛ կը դիմեն պատերազմներու։
«Վերջերս, աշխարհը շա՛տ աւելի վայրագ դարձած է. պատերազմներուն թիւը շատցած է» (The Armed Conflict Location & Event Data Project)։
Աստուածաշունչի համար. «Վերջին ժամանակը հարաւի թագաւորը [հիւսիսի թագաւորին] վրայ պիտի յարձակի» (Դանիէլ 11։40)։
Աշխարհի մէջ տեղի ունեցող դէպք. Իրարու հակառակող երկիրներ եւ անոնց դաշնակիցները կը մրցակցին ամէնէն զօրաւորը ըլլալու համար,– ինչպէս որ Աստուածաշունչը մարգարէացած էր։ Ճիշդ է որ այսօր հիւլէական հսկայ կարողութիւններ ունեցող երկիրներ իրարու դէմ չեն պատերազմիր, բայց անոնք կը շարունակեն իրենց հիւլէական զէնքերը աւելի՛ զօրաւոր դարձնել։
«Վերջին տասը տարիներուն, պատերազմներուն թիւը շատցած է։ Նոյնիսկ շատցած է թիւը այնպիսի պատերազմներու, որոնց ընթացքին աշխարհակալ ուժեր կողմ կը բռնեն իրարու հակառակող երկիրներէն մէկուն հետ» (The Uppsala Conflict Data Program)։
Աստուածաշունչի համարներ. «Վերջին օրերը չար ժամանակներ պիտի գան. վասն զի մարդիկ պիտի ըլլան... անհաշտ, բանսարկու, անժուժկալ, դաժանաբարոյ» (Բ. Տիմոթէոս 3։1-3)։
Աշխարհի մէջ տեղի ունեցող դէպք. Շատ մը մարդոց նման, աշխարհի կառավարիչներն ալ շատ անգամ իրարու հետ չեն համաձայնիր։ Եւ փոխանակ իրենց անհամաձայնութիւնները խաղաղութեամբ լուծելու, անոնք իրարու կը սպառնան կամ կ’ուզեն բռնի ուժով իրենց ուզածը գործադրել. ինչ որ հիւլէական պատերազմի վտանգը կ’աւելցնէ։
«Եթէ իրարու հետ համագործակցելու համար գործնական քայլեր չառնուին, ա՛լ աւելի կործանարար պատերազմներ պիտի ըլլան» (S. Saran and J. Harman, World Economic Forum)։
Աստուած թոյլ պիտի տա՞յ, որ հիւլէական պատերազմ ըլլայ
Աստուածաշունչը այս նիւթին մասին բան մը չ’ըսեր։ Բայց անիկա կ’ըսէ, որ «սոսկալի բաներ», այսինքն՝ վախնալիք դէպքեր, պիտի պատահին (Ղուկաս 21։11)։ Այս տեսակ դէպք մը պատահեցաւ, երբ Համաշխարհային Բ. Պատերազմին, հիւլէական ռումբեր նետուեցան։ Աստուածաշունչը կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ Աստուած թոյլ տուած է, որ պատերազմներ ըլլան։ Ասոր մասին աւելի գիտնալու համար, դիտէ՛ Աստուած ինչո՞ւ կը ձգէ որ մարդիկ չարչարուին վիտէոն։
Երկիր մոլորակը պիտի գոյատեւէ՞
Այո՛։ Նոյնիսկ եթէ մարդիկ նորէն հիւլէական զէնքեր գործածեն, Աստուած պիտի չձգէ որ հարցը այնքա՛ն բարդանայ, որ ամբողջ աշխարհը կործանի։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ մեր մոլորակը ոչ միայն պիտի գոյատեւէ, հապա նաեւ՝ մարդ արարածը անոր վրայ յաւիտեա՛ն պիտի ապրի։
Ոմանք կ’երեւակայեն, որ ապագային Երկիր մոլորակին վրայ միայն քիչեր պիտի ապրին, որոնք վերապրած պիտի ըլլան հիւլէական պատերազմէ մը. եւ թէ անոնք մեծ ջանքեր պիտի թափեն, որ կարենան գոյատեւել ամայի եւ այդ պատերազմէն թունաւորուած միջավայրի մը մէջ։ Բայց Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ որեւէ վնաս որ Երկրին կը հասնի պատերազմի պատճառով, ամբողջովին պիտի վերցուի։
Աստուած կ’ուզէ որ գեղեցիկ երկրագունդին վրայ ուրախութեամբ ապրինք
Մեր Ստեղծիչը Երկիր մոլորակը ստեղծած է ինքզինք նորոգելու հիանալի կարողութեամբ։ Բայց, վերջ ի վերջոյ, Աստուա՛ծ իր ուժը պիտի գործածէ Երկիրը նորոգելու համար. եւ ատիկա մարդոց հոյակապ տունը պիտի ըլլայ՝ յաւիտեա՛ն (Սաղմոս 37։11, 29. Յայտնութիւն 21։5)։
Ինչպէ՞ս կրնաս հիւլէական պատերազմի նկատմամբ ունեցած մտահոգութեանդ հետ գլուխ ելլել
Ոմանք միշտ մտահոգ են, որ որեւէ ատեն հիւլէական պատերազմ կրնայ ծագիլ՝ ցաւալի արդիւնքներով։ Աստուածաշունչին խոստումները եւ խրատները կրնան այսպիսիներուն օգնել եւ անոնց վախերը վանել։ Ինչպէ՞ս։
Աստուածաշունչը կը նկարագրէ գեղեցիկ ապագայ մը՝ Երկիր մոլորակին եւ անոր վրայ ապրողներուն նկատմամբ։ Այս գեղեցիկ յոյսին մասին գիտնալը, կրնայ «անշարժ խարիսխ» մը ըլլալ մեր անձին եւ մեր մտահոգութիւնը թեթեւցնել (Եբրայեցիս 6։19)։ Ասկէ զատ, երբ օրը օրին ապրինք եւ շարունակ չմտածենք բաներու մասին, որոնք թերեւս բնաւ չպատահին, մեր մտահոգութիւնը կը թեթեւնայ։ Յիսուսը ըսաւ. «Հերիք է օրուան իր նեղութիւնը» (Մատթէոս 6։34)։
Իրականութեան մէջ, լաւ կ’ըլլայ որ բոլորս մեր մտային եւ զգացական առողջութեան հոգ տանինք։ Ատիկա կրնանք ընել, երբ անտեղիօրէն չկարդանք, չլսենք կամ չդիտենք լուրեր, որոնք կը քննարկեն, կը գուշակեն կամ ասոր–անոր կարծիքը կ’առնեն հիւլէական վերջին զարգացումներուն նկատմամբ։ Անշուշտ, ասիկա ընելը չի նշանակեր, որ մենք իրողութիւնները կ’անտեսենք, հապա թէ քայլեր կ’առնենք որ չկեդրոնանանք դէպքերու վրայ, որոնք մեր հակակշռէն դուրս են եւ որոնք թերեւս բնա՛ւ չպատահին։
Անդադար գէշ լուրերու հետեւելու փոխարէն, ժամանակ տրամադրէ կեդրոնանալու կեանքիդ մէջ պատահած դրական բաներուն վրայ։
Աստուածաշունչը ապագային մասին վստահելի յոյս կու տայ
Աստուծոյ խոստումներուն մասին աւելի՛ն գիտնալը կու տայ՝ յոյս, ներքին խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն։
Աստուածաշունչը մարգարէացա՞ծ է, որ Արմագեդոնը հիւլէական ռումբերով պիտի ըլլայ
Ոմանց կարծիքով, Արմագեդոնը հիւլէական համաշխարհային պատերազմ է. եւ բնականաբար անոնք կ’երեւակայեն, թէ ատիկա կործանարար հետեւանքներ պիտի ունենայ։
Բայց Աստուածաշունչը «Արմագեդոն» բառը գործածելով՝ կ’ակնարկէ պատերազմի մը, որ տեղի պիտի ունենայ Աստուծոյ եւ «բոլոր աշխարհի թագաւորներուն», այսինքն՝ մարդկային կառավարութիւններուն, միջեւa (Յայտնութիւն 16։14, 16)։ Արմագեդոնին, թացը չորին հետ պիտի չայրի. ինչ որ կրնայ պատահիլ հիւլէական պատերազմի ժամանակ։ Հապա, Աստուած միայն չար մարդիկը պիտի բնաջնջէ։ Այսպիսով, երկրի վրայ իսկական խաղաղութիւն ու ապահովութիւն պիտի ըլլայ (Սաղմոս 37։9, 10. Եսայի 32։17, 18. Մատթէոս 6։10)։
Ըստ Աստուածաշունչին, պատերազմներուն լուծումը ի՞նչ է
Եհովաb Աստուած իր զօրութիւնը ցոյց պիտի տայ պատերազմող ազգերուն, երբ վերջ դնէ անոնց պատերազմներուն եւ ամէն տեսակի զէնք բնաջնջէ։ Ան ասիկա պիտի ընէ իր Թագաւորութեան միջոցաւ,– երկնային կառավարութիւն մը, որ ամբողջ աշխարհի վրայ պիտի իշխէ (Դանիէլ 2։44)։
Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մարդոց պիտի սորվեցնէ իրարու հետ խաղաղութեամբ եւ համերաշխութեամբ ապրիլ։ Եւ քանի որ միայն մէ՛կ կառավարութիւն պիտի իշխէ ամբողջ երկրագունդին վրայ, այլեւս միջազգային անհամաձայնութիւններ պիտի չըլլան եւ մարդիկ նոյնիսկ պատերազմիլ պիտի չսորվին (Միքիա 4։1-3)։ Արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։ «Ամէն մարդ իր որթատունկին տակ ու իր թզենիին տակ պիտի նստի, վախցնող պիտի չըլլայ» (Միքիա 4։4)։
a Տե՛ս «Արմագեդոն պատերազմը ի՞նչ է» յօդուածը։
b Աստուծոյ անձնական անունը Եհովա է (Սաղմոս 83։18)։ Տե՛ս «Ո՞վ է Եհովան» յօդուածը։