Աստուած / Աստուած Երրորդութի՞ւն է
Աստուածաշունչին պատասխանը
Շատ մը քրիստոնեայ յարանուանութիւններ կը սորվեցնեն որ Աստուած երրորդութիւն է։ Բայց նկատէ թէ համայնագիտարան մը ի՛նչ կ’ըսէ. «Ո՛չ Երրորդութիւն բառը, ո՛չ ալ բացայայտ վարդապետութիւնը կը գտնուին Նոր Կտակարանին մէջ... Վարդապետութիւնը դարերու ընթացքին եւ բազմաթիւ տարակարծութիւններու միջոցով աստիճանաբար զարգացաւ» (Encyclopædia Britannica)։
Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչին մէջ Աստուած բնա՛ւ չի նկարագրուիր իբրեւ Երրորդութեան մը մէկ մասը։ Նկատի առ Աստուածաշունչի այս համարները.
«Մեր Աստուածը Եհովան մէկ Եհովա է» (Բ. Օրինաց 6։4, Նոր աշխարհի թարգմանութիւն)։
«Միայն դո՛ւն, որուն անունը Եհովա է, Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ» (Սաղմոս 83։18)։
«Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր» (Յովհաննէս 17։3)։
«Աստուած մէկ է» (Գաղատացիս 3։20)։
Ինչո՞ւ քրիստոնեայ յարանուանութիւններուն մեծ մասը կ’ըսէ, որ Աստուած Երրորդութիւն է։