Ստորանիշ
c Բոոս վեց չափ գարի տուաւ, որուն կշիռքը յայտնի չէ,– թերեւս հասկցնելով, թէ ինչպէս վեց աշխատանքի օրերուն կը յաջորդէր հանգիստի շաբաթը, այնպէս ալ Հռութին այրիութեան ծանր օրերուն շուտով պիտի յաջորդէր «հանգիստ» մը՝ ապահով տուն եւ հոգատար ամուսին մը։ Նաեւ, կրնայ ըլլալ որ Հռութ առատապէս լեցուած վեց չափէն աւելի չէր կրնար շալկել։