Ստորանիշ
a Թէեւ Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը կ’ըսէ թէ Եհովան Աննային «արգանդը գոցեր էր», բայց որեւէ փաստ չկայ, թէ Աստուած չէր հաճեր այս խոնարհ ու հաւատարիմ կնոջ (Ա. Թագ. 1։5)։ Աստուածաշունչը երբեմն Աստուծոյ կը վերագրէ կարգ մը դէպքեր, զորս ան պարզապէս թոյլ տուաւ որ որոշ ատեն մը տեղի ունենան։