Ստորանիշ
b Խորանը փայտէ ուղղանկիւնաձեւ կառոյցի վրայ լարուած մեծ վրան մըն էր։ Զայն պատրաստելու համար գործածուած էին բարձրորակ նիւթեր, ինչպէս՝ փոկի կաշի, գեղեցիկ ասեղնագործուած կտորներ եւ արծաթով ու ոսկիով պատուած թանկարժէք փայտեր։ Խորանը կանգնած էր ուղղանկիւնաձեւ գաւիթի մը մէջ, ուր կը գտնուէր նաեւ մեծ զոհասեղանը։ Ժամանակի ընթացքին, խորանին կողմերը բացայայտօրէն ուրիշ վրաններ ալ լարուեցան քահանաներուն համար։ Այնպէս կը թուի թէ Սամուէլ այդ վրաններէն մէկուն մէջ կը գիշերէր։