Ստորանիշ
c Արձանագրութիւնը անարգանքի երկու կերպեր կը նշէ։ Առաջին՝ Օրէնքը նշած էր, թէ զոհուած անասունի մը ո՛ր մասերը պէտք էր քահանաներուն տրուէր (Բ. Օր. 18։3)։ Բայց խորանին մէջ, չար քահանաները բոլորովին տարբեր բան մը կ’ընէին։ Անոնք իրենց սպասաւորները կը ղրկէին, որ միսը եփուած ատեն մեծ մսահան մը խոթէին կաթսային մէջ եւ առնէին այն լաւ մասերը որ մսահանը կը հանէր։ Երկրորդ՝ երբ մարդիկ իրենց զոհերը զոհասեղանին վրայ այրուելու կը բերէին, չար քահանաները կը ղրկէին սպասաւոր մը, որ սպառնալով հում միսը պահանջէր, նոյնիսկ նախքան ճարպը Եհովային մատուցուիլը (Ղեւ. 3։3-5. Ա. Թագ. 2։13-17)։