Ստորանիշ
a Ինչպէ՞ս գիտենք որ Հայրը Որդիին սորվեցուց ինչպէ՛ս ուսուցանել։ Նկատի առ հետեւեալը. Յիսուս ուսուցանելու ընթացքին բազմաթիւ առակներ գործածեց։ Այսպիսով ան կատարեց մարգարէութիւն մը, որ իր ծնունդէն դարեր առաջ արձանագրուած էր (Սաղ. 78։2. Մատ. 13։34, 35)։ Յստակ է որ այդ մարգարէութեան Աղբիւրը՝ Եհովան կանխաւ որոշած էր որ իր Որդին լուսաբանութիւններով կամ առակներով պիտի ուսուցանէր (Բ. Տիմ. 3։16, 17)։