Ստորանիշ
a Մգլինթոկի ու Սթրոնկի Համայնագիտարանը կ’ըսէ. «Նոր Կտակարանի Պետական պաշտօնեաները [մաքսահաւաքները], նկատուած էին որպէս մատնիչներ եւ դասալիքներ, հեթանոսներուն հետ իրենց ունեցած յաճախակի յարաբերութիւններէն ապականուած ըլլալով՝ հարստահարիչներու յօժարակամ գործիքներ։ Անոնք մեղաւորներուն . . . հետ դասուած էին, . . . պարկեշտ կեանք ունեցող մարդիկ անոնցմէ մեկուսացած ըլլալով, անոնց միակ բարեկամները եւ ընկերները կը գտնուէին անոնց մէջ, որոնք իրենց նման, ընկերութենէն վտարուածներ էին»։