Ստորանիշ
a Չ. Թ. Ռասըլի մահուընէ ետք, Սուրբ Գրութիւններու Ուսումնասիրութիւններ–ուն համար որոշուած եօթներորդ հատորը պատրաստուեցաւ, Եզեկիէլ եւ Յայտնութիւն գրքերուն մասին բացատրութիւն տալու փորձ մը կատարելով։ Այս հատորը մասամբ հիմնուած էր Աստուածաշունչի այդ գրքերուն մասին Ռասըլի տուած մեկնաբանութեանց վրայ։ Սակայն, այդ մարգարէութիւններուն նշանակութիւնը յայտնելու ժամանակը տակաւին եկած չէր, անոր համար Սուրբ Գրութիւններու Ուսումնասիրութիւններ–ու այդ հատորին մէջ մատուցուած բացատրութիւնը աղօտ էր։ Յառաջիկայ տարիներուն, Եհովայի անարժան ողորմութիւնը եւ աշխարհի թատերաբեմին վրայ տեղի ունեցող փոփոխութիւնները, առիթ տուին Քրիստոնեաներուն որ այդ մարգարէական գրքերուն իմաստը աւելի ճշգրտօրէն ըմբռնեն։