Ստորանիշ
b Այս յօդուածին մէջ գործածուած «Սլաւոներէն» արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ այն Սլաւերէն բարբառին, զոր Քուրիլլոս եւ Մեթոտիուս գործածեցին իրենց առաքելութեան եւ գրական երկերուն համար։ Ոմանք ներկայիս «Հին Սլաւոներէն» կամ «Եկեղեցական Հին Սլաւոներէն» արտայայտութիւնները կը գործածեն։ Լեզուագէտներ համաձայն են թէ Հ.Դ. իններորդ դարուն, Սլաւները հասարակաց մէկ լեզու չէին խօսեր։