Ստորանիշ
a Հիւանդանոցի Տեղեկատու Սպասարկութիւնը Հիւանդանոցի Յարակցութեան Յանձնախումբերու միջազգային ցանցը կը տնօրինէ։ Իրենց կարգին, այս յանձնախումբերը կազմուած են Քրիստոնեայ կամաւորներէ, որոնք մարզուած են բժիշկներու եւ իրենց Վկայ հիւանդներու միջեւ համագործակցութիւն քաջալերելու համար։ Աւելի քան 1,400 Հիւանդանոցի Յարակցութեան Յանձնախումբեր կան, որոնք հիւանդներուն կ’աջակցին 200–է աւելի երկիրներու մէջ։