Ստորանիշ
a Սուրբ Գրութիւններուն մէջ, «ատել» բառը քանի մը իմաստներ ունի։ Կարգ մը համարներու մէջ, անիկա պարզապէս կը նշանակէ նուազ սիրել։ (Բ. Օրինաց 21։15, 16) «Ատել» նաեւ կը նշանակէ խորապէս չախորժիլ, բայց առանց ձգտելու խնդրոյ առարկային վնաս հասցնել, այլ՝ ջանալով անկէ խուսափիլ, զզուանք զգալու պատճառով։ Սակայն «ատել» բառը կրնայ նաեւ բուռն թշնամութիւն նշել, երկարատեւ չարակամութիւն՝ որուն յաճախ կ’ընկերակցի նենգամտութիւն։ Այս յօդուածին մէջ այս տեսակ ատելութեան մասին է որ կը խօսուի։