Ստորանիշ
b Թթխմորով եփած երկու հացերը իբր երերցնելիք ընծայ մատուցանելու ատեն, յաճախ քահանան հացերը իր ափերուն մէջ կ’առնէր, ձեռքերը կը բարձրացնէր ու զանոնք մէկ կողմէն միւս կողմ կը շարժէր։ Այս շարժումը կը խորհրդանշէր Եհովայի զոհեր ներկայացնելը։—Տեսնել Խորաթափանց ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն վրայ, Հատոր Բ., էջ 528, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։