Ստորանիշ
a Որկրամոլութիւնը մտային կեցուածք մըն է, որ կը նշուի ուտել–խմելու անյագ ցանկութեամբ։ Հետեւաբար անհատին կշիռը չէ որ կ’որոշէ որկրամոլութիւնը, այլ՝ ուտելիքի հանդէպ անոր կեցուածքը։ Անհատ մը կրնայ մարմնի սովորական կազմ ունենալ կամ նոյնիսկ նիհար ըլլալ, բայց եւ այնպէս՝ որկրամոլ ըլլալ։ Միւս կողմէ, կարգ մը պարագաներուն գիրութիւնը հիւանդութեան մը հետեւանքն է, կամ ժառանգական ազդակները կրնան սոնքութեան նպաստել։ Անհատին կշիռը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, բուն հարցը այն է թէ ուտել–խմելու անյագ ցանկութիւն ունի՞ (Տես՝ «Հարցումներ ընթերցողներէն», Դիտարան 1 նոյեմբեր 2004 թիւին մէջ)։