Ստորանիշ
b Պարականոն գրութիւններուն առնչութեամբ այլ դժուարութիւն մը կայ. փոքրաթիւ կրկնօրինակներ մնացած են։ Մարիամ Մագդաղենացիին Աւետարանը, որուն ակնարկուեցաւ վերը, ունի երկու փոքր պատառիկ ու մեծ պատառիկ մը, որ հաւանաբար կը բովանդակէ բնագրին միայն կէսը։ Ասկէ զատ, մատչելի ձեռագիրներուն միջեւ կարեւոր տարբերութիւններ կան։