Ստորանիշ
b Ղեւտացւոց 19։18–ը կ’ըսէ. «Վրէժ մի՛ առներ եւ քու ժողովուրդիդ որդիներուն դէմ ոխ մի՛ պահեր, հապա քու ընկերդ քու անձիդ պէս սիրէ՛»։ Հրեայ կրօնական առաջնորդներ ըսին, թէ «քու ժողովուրդիդ որդիներ»ը եւ «քու ընկերդ» միայն հրեաներուն կ’ակնարկէին։ Օրէնքը պահանջեց որ իսրայէլացիները միւս ազգերէն անջատ մնան։ Բայց ատիկա չհաստատեց առաջին դարու կրօնական առաջնորդներուն յառաջ մղած տեսակէտը, թէ բոլոր ոչ–հրեաները թշնամիներ էին եւ անհատապէս պէտք էր ատուէին։