Ստորանիշ
d Շատ մը երկիրներէ տեղեկագրութիւններ կը նշեն, թէ արտասահման աշխատելու համար, կողակիցէն կամ զաւակներէն հեռու ապրիլը լուրջ խնդիրներու առաջնորդած է։ Ասոնք կը պարփակեն՝ մէկ կամ երկու կողակիցներուն կողմէ անհաւատարմութիւն, միասեռականութիւն կամ ազգապղծութիւն, եւ զաւակներու պարագային՝ դպրոցական եւ վարուելակերպի խնդիրներ, յարձակողական ըլլալ, մտահոգութիւն, ընկճուածութիւն կամ անձնասպանութեան հակում։