Ստորանիշ
a Սուրբ Գիրքին մէջ Յովսէփ վերջին անգամ կը նշուի երբ Յիսուս 12 տարեկան էր։ Յովսէփին մասին բան մը չ’ըսուիր, երբ Յիսուս իր առաջին հրաշքը ըրաւ (ջուրը գինիի վերածեց), ոչ ալ ատկէ ետք առիթով մը։ Ասիկա կրնայ նշանակել որ այդ ժամանակ Յովսէփ արդէն իսկ մահացած էր։ Իսկ երբ Յիսուս տանջանքի ցիցին վրայ էր, Յովհաննէս առաքեալէն խնդրեց որ իր մօր հոգ տանի։ Ան այս բանը պիտի չխնդրէր եթէ Յովսէփ ողջ ըլլար (Յովհ. 19։26, 27)։