Ստորանիշ
d ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Երեք նկարները ցոյց կու տան, թէ ի՛նչ տեղի կ’ունենայ ժողովէ առաջ, անոր ընթացքին եւ անկէ ետք։ Նկար 1. Երէց մը ջերմօրէն կը դիմաւորէ այցելու մը, պատանի եղբայր մը ձայնային սարքը կը պատրաստէ, եւ քոյր մը տարեց քրոջ մը հետ կը խօսակցի։ Նկար 2. Մեծեր ու պզտիկներ ձեռքերնին կը բարձրացնեն, Դիտարան–ի Ուսումնասիրութեան ընթացքին պատասխաններ տալու համար։ Նկար 3. Ամուսնացած զոյգ մը Թագաւորութեան սրահի մաքրութեան կը մասնակցի, մայր մը իր պզտիկին կ’օգնէ, որ նուիրատուութեան տուփին մէջ դրամ դնէ, երիտասարդ եղբայր մը հրատարակութիւններուն հոգ կը տանի, իսկ ուրիշ եղբայր մը քաջալերական խօսքեր կ’ըսէ տարեց քրոջ մը։