Ստորանիշ
a 27 մարտ 2021–ը Եհովայի վկաներուն համար յատուկ օր մըն է։ Այդ երեկոն, Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնը պիտի տօնենք։ Ներկայ գտնուողներուն մեծամասնութիւնը պիտի ըլլայ այն խումբէն, որ Յիսուս կոչեց «ուրիշ ոչխարներ»։ Այդ խումբին մասին ի՞նչ հետաքրքրական ճշմարտութիւն մը յայտնուեցաւ 1935–ին։ Ուրիշ ոչխարներուն ի՞նչ հոյակապ բան կը սպասէ մեծ նեղութենէն ետք։ Եւ անոնք Յիշատակատօնը տօնելով ինչպէ՞ս կրնան Աստուած եւ Քրիստոս փառաբանել։