Ստորանիշ
a Սատանան վարպետ որսորդի մը կը նմանի։ Ան կը փորձէ մեզ ծուղակը ձգել, որքան ալ երկար տարիներէ ի վեր Եհովային կը ծառայենք։ Յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, որ Սատանան ինչպէ՛ս կը փորձէ գործածել հպարտութիւնը եւ ագահութիւնը, Աստուծոյ հետ մեր փոխյարաբերութիւնը քանդելու համար։ Նաեւ, պիտի սորվինք անոնց օրինակէն, որոնք հպարտ եւ ագահ դարձան, եւ պիտի տեսնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք այդ ծուղակներէն հեռու մնալ։