Ստորանիշ
a Որովհետեւ անկատար ենք, կրնանք ըսել կամ ընել բաներ, որոնք մեր եղբայրներն ու քոյրերը կը ցաւցնեն։ Երբ այդպէս պատահի, ի՞նչ կ’ընենք։ Պատրաստ կ’ըլլա՞նք մեր եղբօր հետ խաղաղութիւն ընելու։ Արագ կ’ըլլա՞նք ներողութիւն խնդրելու. թէ ոչ՝ կը մտածենք, թէ եթէ վիրաւորուեցան, ատիկա իրե՛նց խնդիրն է։ Իսկ ի՞նչ ըսել, եթէ մենք յաճախ կը վիրաւորուինք ուրիշներու ըսածներէն կամ ըրածներէն։ Մեր վիրաւորուիլը կ’արդարացնե՞նք, ըսելով որ ‘Ես այսպէս եմ, ասիկա իմ բնաւորութիւնս է’. թէ ոչ՝ դիւրաւ վիրաւորուիլը կը նկատենք տկարութիւն մը, որուն վրայ պէտք է աշխատինք։