Ստորանիշ
b ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Իր պզտիկութենէն ի վեր, քոյր մը կանոնաւորաբար Եհովային կ’աղօթէ։ Երբ պզտիկ էր, իր ծնողքը իրեն սորվեցուցին ինչպէս աղօթել։ Երբ պատանուհի էր, սկսաւ ռահվիրայութիւն ընել եւ յաճախ Եհովայէն կը խնդրէր որ իր ծառայութիւնը օրհնէր։ Տարիներ ետք, երբ իր ամուսինը շատ հիւանդ էր, ան Եհովային կ’աղաչէր որ պէտք եղած զօրութիւնը տար այդ փորձութեան դիմանալու։ Ներկայիս, այրի ըլլալով՝ ան շարունակ կ’աղօթէ, վստահ ըլլալով որ իր երկնաւոր Հայրը,– ինչպէ՛ս միշտ,– իր աղօթքներուն պիտի պատասխանէ։