Ստորանիշ
a Երբ կը մտածենք մէկու մը մասին, որ դժուար փորձութիւններու տոկացած է, յաճախ մեր միտքը կու գայ Յոբը։ Ի՞նչ կրնանք սորվիլ անոր փորձառութենէն։ Կը սորվինք որ Սատանան չի կրնար մեզ ստիպել, որ Եհովան լքենք։ Նաեւ կը սորվինք, որ Եհովան միշտ գիտէ ամէն ինչ որ մեզի կը պատահի։ Եւ ճիշդ ինչպէս որ վերջ դրաւ Յոբի փորձութիւններուն, օրը պիտի գայ երբ վերջ պիտի դնէ մեր բոլոր նեղութիւններուն։ Եթէ մեր գործերով ցոյց կու տանք, որ լիովին համոզուած ենք այս իրողութիւններուն, ուրեմն մենք անոնցմէ ենք, որոնք իրապէս ‘իրենց յոյսը Տիրոջ վրայ դրած են’։