Ստորանիշ
a Աւետարանները եւ Աստուածաշունչի ուրիշ գիրքեր, ցոյց կու տան որ իր յարութենէն ետք, Յիսուս շատ անգամներ երեւցաւ ուրիշներու, օրինակ՝ Մարիամ Մագդաղենացիին (Յովհ. 20։11-18), ուրիշ կիներու (Մատ. 28։8-10. Ղուկ. 24։8-11), 2 աշակերտներու (Ղուկ. 24։13-15), Պետրոսին (Ղուկ. 24։34), առաքեալներուն՝ բացի Թովմասէն (Յովհ. 20։19-24), առաքեալներուն՝ Թովմասին հետ (Յովհ. 20։26), 7 աշակերտներու (Յովհ. 21։1, 2), 500–է աւելի աշակերտներու (Մատ. 28։16. Ա. Կոր. 15։6), իր եղբօր՝ Յակոբոսին (Ա. Կոր. 15։7), բոլոր առաքեալներուն (Գործք 1։4), եւ առաքեալներուն՝ Բեթանիայի մօտ (Ղուկ. 24։50-52)։ Թերեւս ուրիշ անգամներ ալ երեւցաւ, բայց ատոնք Սուրբ Գիրքին մէջ չեն արձանագրուած (Յովհ. 21։25)։