Ստորանիշ
a Կարմիր ծովուն քով Եհովային հրաշքները տեսնող իսրայէլացիներուն մեծամասնութիւնը Աւետեաց երկիրը չտեսաւ (Թւ. 14։22, 23)։ Եհովան ըսած էր որ 20 տարեկանէն վեր եղող տղամարդիկը պիտի մեռնին անապատին մէջ (Թւ. 14։29)։ Բայց Յեսուն, Քաղէբը, ինչպէս նաեւ՝ նոր սերունդէն եւ Ղեւիի ցեղէն շատեր տեսան, որ Եհովան ինչպէ՛ս իր խոստումը կատարեց եւ իսրայէլ ազգը Յորդանան գետը կտրելով Քանանի երկիրը մտաւ (Բ. Օր. 1։24-40)։