Ստորանիշ
e Հրէական արդի օրացոյցը նիսան ամսուն սկիզբը կ’որոշէ ըստ աստղագիտական նոր լուսինին. բայց առաջին դարուն այս մեթոտը չէր գործածուեր։ Հապա ամիսը կը սկսէր երբ նոր լուսինը նախ տեսանելի կ’ըլլար Երուսաղէմէն. եւ այդ օրը կրնայ աստղագիտական նոր լուսինէն մէկ օր կամ աւելի ետք ըլլալ։ Այս տարբերութիւնը պատճառներէն մէկն է թէ ինչո՛ւ Եհովայի վկաներուն Յիշատակատօնին թուականը միշտ չի զուգադիպիր այժմու հրեաներուն Պասեքի թուականին։