Ստորանիշ
a Աստուածաշունչին մէջ, «փրկանք» թարգմանուած բառերը կու տան գինի մը կամ արժէքաւոր բանի մը գաղափարը, որ կը վճարուի։ Օրինակ եբրայերէն քա·ֆար բայը կը նշանակէ «ծածկել»։ Ատիկա ընդհանրապէս կը նշանակէ մեղքը քաւել կամ ծածկել, ներել (Սաղմոս 65։3)։ Իսկ այդ բային գոյականով՝ քոֆեր բառով՝ կը հասկնանք այն «փրկագինը» կամ գինը, որ կը վճարուի որեւէ բան ծածկելու կամ ոեւէ մէկը փրկելու համար (Ելից 21։30)։ Նոյնպէս, յունարէն բառը՝ լիթրոն, որ ընդհանրապէս կը թարգմանուի՝ «փրկանք», կրնայ նշանակել նաեւ «փրկագին» (Մատթէոս 20։28)։ Յոյն գրողները այս բառը գործածեցին, երբ կը գրէին այն գինին մասին որ կը վճարուէր, պատերազմի բանտարկեալ մը փրկելու կամ ստրուկ մը ազատագրելու համար։