Ստորանիշ
b Ոմանք դէմ են «Աստուծոյ Որդի» արտայայտութեան գործածութեան, քանի որ կը կարծեն որ ատիկա կը նշանակէ թէ Աստուած սեռային յարաբերութիւն ունեցաւ կնոջ մը հետ։ Բայց Աստուածաշունչը այսպիսի գաղափար մը չի սորվեցներ։ Անիկա Յիսուսը կը կոչէ «Աստուծոյ Որդի» եւ «բոլոր ստեղծուածներուն անդրանիկը», քանի որ ան առաջինն է եւ միակը, որ ուղղակի Աստուծոյ կողմէ ստեղծուեցաւ (Կողոսացիս 1։13-15)։ Աստուածաշունչը, առաջին մարդը՝ Ադամն՝ ալ կը կոչէ «Աստուծոյ որդի», քանի որ Աստուած ստեղծեց Ադամը (Ղուկաս 3։38)։