Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կահ յօդուած 52
  • Ի՞նչ է կեանքին իմաստը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ի՞նչ է կեանքին իմաստը
  • Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուածաշունչին պատասխանը
  • Ի՞նչ է Աստուծոյ նպատակը մեզի համար
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Ա. հարցում՝ կեանքս նպատակ մը ունի՞
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Կրնա՛ս Եհովայի բարեկամը ըլլալ
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Կեանքի մէջ իմաստալից նպատակ մը հետապնդել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
Տես աւելին
Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
կահ յօդուած 52

Ի՞նչ է կեանքին իմաստը

Աստուածաշունչին պատասխանը

Շատեր կ’ուզեն գիտնալ որ կեանքին իմաստը ի՛նչ է։ Անոր համար անոնք հարցումներ կը հարցնեն։ Օրինակ կարգ մը մարդիկ կը հարցնեն. «Ես ինչո՞ւ ծնայ»։ Ուրիշներ կը հարցնեն. «Կեանքս նպատակ ունի՞»։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ որ մեր կեանքին նպատակը՝ Աստուծոյ բարեկամը ըլլալն է։ Տեսնենք որ Աստուածաշունչին մէջ ուրիշ ի՛նչ կարեւոր ճշմարտութիւններ կան այս նիւթին մասին։

  • Աստուած մեր Ստեղծիչն է։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Անիկա [Աստուած] ստեղծեց մեզ ու ո՛չ թէ մենք» (Սաղմոս 100։3. Յայտնութիւն 4։10բ)։

  • Աստուած իր ստեղծած բոլոր բաներուն համար նպատակ ունի, մէջը ըլլալով մենք (Եսայի 45։18)։

  • Աստուած մեզ հոգեւոր պէտքերով ստեղծեց։ Եւ այդ պէտքերէն մէկը այն է որ մենք փափաք ունինք որ մեր կեանքին մէջ իմաստ գտնենք (Մատթէոս 5։3)։ Եւ Աստուած կ’ուզէ որ այդ փափաքը գոհացնենք (Սաղմոս 145։16)։

  • Մենք մեր հոգեւոր պէտքերը կը գոհացնենք Աստուծոյ բարեկամը ըլլալով։ Հակառակ անոր որ Աստուծոյ բարեկամը ըլլալու գաղափարը կարգ մը մարդոց համար անկարելի կ’երեւի, բայց Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ. «Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ» (Յակոբոս 4։8. 2։23)։

  • Աստուծոյ բարեկամը դառնալու համար, պէտք է ապրինք այնպէս՝ ինչպէս ինք կ’ուզէ։ Եւ այդ նպատակը յիշուած է Աստուածաշունչի Ժողովող գիրքին 12–րդ գլուխին 13–րդ համարին մէջ. «Աստուծմէ վախցի՛ր ու անոր պատուիրանքները պահէ՛, վասն զի մարդուս բոլոր պարտականութիւնը ասիկա է»։

  • Ապագային Աստուծոյ սկիզբի նպատակը լման պիտի իրականանայ, երբ ան չարչարանքը մէջտեղէն վերցնէ եւ իր բարեկամներուն, զինք պաշտողներուն, անվերջ կեանք տայ (Սաղմոս 37։10, 11)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել