Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ23 Սեպտեմբեր էջ 2-7
  • Եհովային վստահէ՝ Սամփսոնին պէս

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովային վստահէ՝ Սամփսոնին պէս
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ՍԱՄՓՍՈՆ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՎՍՏԱՀԵՑԱՒ
  • ՍԱՄՓՍՈՆ ԵՀՈՎԱՅԻ ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ՕԳՏՈՒԵՑԱՒ
  • ՍԱՄՓՍՈՆ ՉՅԱՆՁՆՈՒԵՑԱՒ
  • Ամենէն զօրաւոր մարդը
    Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
դ23 Սեպտեմբեր էջ 2-7

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 37

Եհովային վստահէ՝ Սամփսոնին պէս

«Ո՛վ Տէր Եհովա, կ’աղաչեմ, զիս յիշէ՛. . . զիս զօրացուր» (ԴԱՏ. 16։28)։

ԵՐԳ 91 Իմ Հայրս, Աստուածս եւ Ընկերս

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿa

1-2. Ինչո՞ւ պէտք է հետաքրքրուինք Սամփսոնի պատմութիւնով։

ՄԻՏՔԴ ի՞նչ կու գայ, երբ Սամփսոն անունը լսես։ Թերեւս միտքդ գայ զօրաւոր մարդ մը։ Ասիկա ճիշդ է։ Բայց Սամփսոն սխալ որոշում մը առաւ, որ ցաւալի հետեւանքներ ունեցաւ։ Բայց եւ այնպէս, Եհովան կեդրոնացաւ Սամփսոնի հաւատարիմ ծառայութեան վրայ եւ անոր մասին գրել տուաւ Սուրբ Գիրքին մէջ՝ մեր օգտին համար։

2 Եհովան Սամփսոնը գործածեց, որ հոյակապ կերպերով իր ընտրեալ ժողովուրդին՝ Իսրայէլին՝ օգնէ։ Սամփսոնի մեռնելէն դարեր ետք, Եհովան Պօղոս առաքեալը ներշնչեց, որ հաւատարիմ տղամարդոց անուններուն մէջ Սամփսոնի անունն ալ նշէ (Եբ. 11։32-34)։ Սամփսոնին օրինակը կրնայ մեզ քաջալերել։ Ան Եհովային վստահեցաւ, նոյնիսկ դժուար պարագաներու տակ։ Հիմա նկատի առնենք, թէ իր օրինակը ինչպէ՛ս կրնայ մեզ քաջալերել եւ գործնական դասեր սորվեցնել։

ՍԱՄՓՍՈՆ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՎՍՏԱՀԵՑԱՒ

3. Սամփսոն ի՞նչ նշանակում ստացաւ։

3 Երբ Սամփսոն ծնաւ, փղշտացիները իսրայէլ ազգին վրայ կ’իշխէին եւ անոնց վրայ կը ճնշէին (Դատ. 13։1)։ Իսրայէլացիները շատ չարչարուեցան, որովհետեւ փղշտացիները անգութ էին։ Եհովան Սամփսոնը ընտրեց, որ ‘Իսրայէլը Փղշտացիներուն ձեռքէն ազատէ’ (Դատ. 13։5)։ Ի՜նչ դժուար նշանակում մը։ Ատիկա կատարելու համար, Սամփսոն պէտք էր Եհովային վստահէր։

Սամփսոնը գետնէն իշու ծնօտ մը կ’առնէ, մինչ փղշտացի զինուորները իրեն կը մօտենան։

Սամփսոն Եհովային վստահեցաւ եւ պարագային յարմարեցաւ։ Ան գործածեց ինչ որ ձեռքը անցաւ Աստուծոյ կամքը ընելու համար (տե՛ս պարբերութիւն 4-5)

4. Եհովան ինչպէ՞ս Սամփսոնին օգնեց որ փղշտացիներէն ազատի (Դատաւորաց 15։14-16)։

4 Նկատի առնենք օրինակ մը, որ ցոյց կու տայ թէ Սամփսոն ինչպէ՛ս Եհովային վստահեցաւ օգնութեան համար։ Առիթով մը, փղշտացիներու բանակ մը եկաւ զինք ձերբակալելու Լեքիի մէջ, որ հաւանաբար կը գտնուէր Յուդայի մէջ։ Յուդայի մարդիկը վախցան եւ որոշեցին Սամփսոնը թշնամիին յանձնել։ Անոնք Սամփսոնը երկու նոր պարաններով կապեցին եւ թշնամիին յանձնեցին (Դատ. 15։9-13)։ Բայց ‘Տէրոջը Հոգին անոր վրայ եկաւ’ եւ պարանները քակուեցան։ Ետքը, ան իշու ծնօտ մը գտաւ, առաւ եւ անով 1000 փղշտացի մարդ մեռցուց (կարդա՛ Դատաւորաց 15։14-16)։

5. Իշու ծնօտ մը գործածելով, Սամփսոն ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ Եհովային կը վստահէր։

5 Թերեւս մտածենք թէ կռուելու համար իշու ծնօտ մը գործածելը տարօրինակ բան մըն է։ Լաւ, Սամփսոն ինչո՞ւ ատիկա գործածեց։ Անկասկած, ան գիտէր որ իր յաջողութիւնը Եհովայէն կախեալ էր, եւ ոչ թէ իր գործածած գործիքէն։ Այո, այս հաւատարիմ մարդը գործածեց ինչ որ իր ձեռքը անցաւ, որպէսզի Եհովային կամքը կատարէր։ Եւ յստակ է թէ քանի՛ որ Եհովային վստահեցաւ, մեծ յաջողութիւն գտաւ։

6. Մեր հոգեւոր նշանակումները կատարելուն նկատմամբ, ի՞նչ կրնանք սորվիլ Սամփսոնէն։

6 Եհովան մեզ ալ կրնայ զօրացնել որ մեր նշանակումները ընենք, նոյնիսկ եթէ ատոնք ընելը մեզի համար դժուար է։ Եւ Ան կրնայ մեզի զարմանալի կերպով օգնել։ Վստահ եղիր որ Եհովան, որ Սամփսոնին օգնեց, քեզի ալ պիտի օգնէ որ իր կամքը ընես, եթէ իրեն վստահիս (Առ. 16։3)։

7. Ո՞ր օրինակը ցոյց կու տայ, թէ կարեւոր է որ Եհովային ուղղութիւնը փնտռենք։

7 Մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն շատեր, որոնք կ’օգնեն մեր պաշտամունքի վայրերը շինելու, Եհովային հանդէպ վստահութիւն ցոյց տուած են։ Անցեալին, եղբայրները ընդհանրապէս իրե՛նք կը ծրագրէին եւ կը շինէին նոր Թագաւորութեան սրահներուն եւ ուրիշ շէնքերու մեծ մասը։ Բայց քանի՛ որ երթալէն աւելի մարդիկ մկրտուեցան, կազմակերպութիւնը պէտք ունեցաւ փոփոխութիւններ ընելու։ Անոր համար, պատասխանատու եղբայրները աղօթքով Եհովային ուղղութիւնը խնդրեցին եւ նոր մեթոտներ փորձեցին, օրինակ՝ շէնքեր գնել եւ ատոնք նորոգել։ «Սկիզբը, մեզմէ ոմանց համար այս նոր կերպով աշխատիլը դիւրին չէր», կ’ըսէ Ռապըրթը, որ վերջին տարիներուն աշխարհի շուրջ մեր շինարարական ծրագիրներէն շատերուն մասնակցած է։ Ան կը շարունակէ. «Տարիներէ ի վեր, մենք տարբեր մեթոտի կը հետեւէինք։ Բայց եղբայրները պատրաստ էին յարմարելու, եւ յստակ եղած է որ Եհովան այս փոփոխութիւնները կ’օրհնէ»։ Ասիկա միայն մէկ օրինակ է, որ ցոյց կու տայ թէ Եհովան իր ժողովուրդը կ’առաջնորդէ որ իր կամքը ընէ։ Ուրեմն, ատեն–ատեն լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարցնենք. ‘Եհովային ուղղութիւնը կը փնտռե՞մ եւ պատրա՞ստ եմ փոփոխութիւններ ընելու՝ լաւագոյն կերպով իրեն ծառայելու համար’։

ՍԱՄՓՍՈՆ ԵՀՈՎԱՅԻ ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ՕԳՏՈՒԵՑԱՒ

8. Անգամ մը երբ Սամփսոն շատ ծարաւ էր, ի՞նչ ըրաւ։

8 Թերեւս միտքդ գան ուրիշ հոյակապ բաներ, որոնք Սամփսոն ըրաւ։ Ան մինակը առիւծ մը մեռցուց եւ ետքը փղշտացիներու Ասկաղոն քաղաքին մէջ 30 մարդ մեռցուց (Դատ. 14։5, 6, 19)։ Սամփսոն գիտէր որ առանց Եհովայի օգնութեան, չէր կրնար ասոնք ընել։ Ասիկա յստակ դարձաւ անգամ մը, երբ շատ ծարաւեցաւ՝ 1000 փղշտացի մեռցնելէ ետք։ Ան ի՞նչ ըրաւ։ Փոխանակ անձամբ փորձելու ջուր գտնել, Եհովայէն օգնութիւն խնդրեց (Դատ. 15։18)։

9. Եհովան ինչպէ՞ս պատասխանեց Սամփսոնի խնդրանքին։

9 Սամփսոնին խնդրանքին պատասխանելով, Եհովան Լեքիի մէջ եղած փոսը բացաւ ու անկէ ջուր ելաւ։ Երբ Սամփսոն այդ ջուրէն խմեց, «ոգին իրեն դարձաւ եւ ապրեցաւ» (կարդա՛ Դատաւորաց 15։19)։ Այնպէս կ’երեւի որ ջուրի այս նոր աղբիւրը տակաւին կար, երբ տարիներ ետք Սամուէլ մարգարէն ներշնչումով Դատաւորաց գիրքը գրեց։ Այն իսրայէլացիները, որոնք այդ հոսող ջուրին կը նայէին, թերեւս կը յիշէին որ Եհովայի հաւատարիմ ծառաները կրնան իրեն վստահիլ նեղութեան ժամանակ։

Սամփսոնը աղբիւրէ մը ջուր կ’առնէ իր ձեռքերով։ 1. JW Հեռատեսիլի կայանի յայտագիր։ 2. Սուրբ Գիրք մը եւ տեսակ–⁠տեսակ սուրբգրային հրատարակութիւններ։ 3. Եղբայրներ ու քոյրեր Թագաւորութեան սրահ մը կը հասնին։

Սամփսոնին վրայ ոյժ եկաւ, երբ Եհովային տուած ջուրէն խմեց։ Մենք ալ լաւ կ’ըլլայ որ օգտուինք Եհովային կարգադրութիւններէն, որոնք կ’ընէ՝ մեզ հոգեւորապէս զօրաւոր պահելու համար (տե՛ս պարբերութիւն 10)

10. Ի՞նչ պէտք է ընենք, որ Եհովան մեզի օգնէ (տե՛ս նաեւ նկարը)։

10 Մենք ալ պէտք է օգնութեան համար Եհովային դիմենք, ի՛նչ ձիրքեր կամ կարողութիւններ ալ ունենանք կամ իր ծառայութեան մէջ ի՛նչ ալ իրագործած ըլլանք։ Պէտք է խոնարհաբար ընդունինք այն իրողութիւնը թէ իսկական յաջողութիւնը կարելի է, միայն երբ Եհովային կը վստահինք։ Ճիշդ ինչպէս որ Սամփսոն Եհովային տուած ջուրէն խմելով զօրացաւ, մենք ալ հոգեւորապէս պիտի զօրանանք, եթէ մեզի համար Եհովային ըրած կարգադրութիւններէն օգտուինք (Մատ. 11։28)։

11. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի օգնութենէն լիովին օգտուիլ. բացատրէ։

11 Նկատի առ մեր ռուս եղբայրներէն մէկուն՝ Ալեքսիին օրինակը, որ խիստ հալածանքի կը տոկայ։ Ի՞նչը իրեն օգնած է որ զօրաւոր մնայ իր շատ դժուար պարագաներուն տակ։ Ինքն ու իր կինը հոգեւոր լաւ ռութին պահած են։ Ան կ’ըսէ. «Ես ջանք կ’ընեմ որ ամէն օր Սուրբ Գիրքը կարդալու եւ սերտելու սովորութիւնս պահեմ։ Ամէն առտու ես ու կինս օրուան համարը նկատի կ’առնենք եւ միասին Եհովային կ’աղօթենք»։ Ալեքսիէն ի՞նչ կը սորվինք։ Փոխանակ մենք մեր անձին վստահելու, պէտք է Եհովային վստահինք։ Ինչպէ՞ս։ Երբ մեր հաւատքը զօրացնենք՝ ամէն օր Սուրբ Գիրքը սերտելով, աղօթելով, ժողովներու ներկայ ըլլալով եւ քարոզելով։ Եհովան ալ իր կարգին իրեն ծառայելու մեր ջանքերը առատապէս պիտի օրհնէ։ Ինչպէս որ ան Սամփսոնը զօրացուց, վստահաբար մեզ ալ պիտի զօրացնէ։

ՍԱՄՓՍՈՆ ՉՅԱՆՁՆՈՒԵՑԱՒ

12. Սամփսոն ի՞նչ սխալ որոշում մը առաւ, եւ ատիկա ինչպէ՞ս կը տարբերէր իր նախորդ փորձառութիւններէն։

12 Սամփսոն մեզի պէս անկատար էր, անոր համար ատեններ սխալ ընտրութիւններ ըրաւ։ Օրինակ, իր առած որոշումներէն մէկը ցաւալի հետեւանքներ ունեցաւ։ Որոշ ժամանակ որպէս դատաւոր ծառայելէ ետք, Սամփսոն «Սովրեկ Հեղեղատին եզերքը բնակող կին մը սիրեց։ Անոր անունը Դալիլա էր» (Դատ. 16։4)։ Ատկէ առաջ, Սամփսոն նշանուած էր փղշտացի կնոջ մը հետ, բայց ատիկա ‘Տէրոջմէն էր’, քանի որ ան «Փղշտացիներէն առիթ մը կը փնտռէր»։ Անկէ ետք, Սամփսոն փղշտացիներու Գազա քաղաքին մէջ պոռնիկի մը տունը մնաց։ Այդ առիթով, Աստուած Սամփսոնը զօրացուց որ այդ քաղաքին դռները շալկէ–տանի, այսպէս քաղաքը տկարացնելով (Դատ. 14։1-4. 16։1-3)։ Բայց գալով Դալիլային, որ հաւանաբար իսրայէլացի մըն էր, իրեն հետ Սամփսոնի յարաբերութիւնը առիթ մը չէր որ ան փղշտացիներուն դէմ կռուէր։

13. Դալիլան ինչպէ՞ս Սամփսոնը նեղ կացութեան մատնեց։

13 Դալիլան մեծ գումարի մը փոխարէն ընդունեց Սամփսոնը փղշտացիներուն յանձնել։ Արդեօք Սամփսոն չափէ դո՞ւրս վստահեցաւ Դալիլային կամ այնքա՛ն զինք կը սիրէր որ չակնկալե՞ց թէ անոր մտքին մէջ ի՛նչ կայ։ Ինչ որ ալ ըլլայ պարագան, Դալիլան քանի մը անգամներ Սամփսոնը ճնշեց որ իր զօրութեան աղբիւրը յայտնէ, եւ Սամփսոն վերջաւորութեան անոր ուզածը ըրաւ։ Ցաւօք սրտի, Սամփսոն ինքզինք դրաւ այնպիսի՛ պարագայի մը մէջ, որուն պատճառաւ կորսնցուց իր զօրութիւնը եւ ժամանակաւորապէս Եհովային հետ իր յարաբերութիւնը (Դատ. 16։16-20)։

14. Դալիլային վստահելով, Սամփսոնին ի՞նչ պատահեցաւ։

14 Սամփսոնին հետ գէշ բաներ պատահեցան, քանի որ ան փոխանակ Եհովային վստահելու, Դալիլային վստահեցաւ։ Փղշտացիները զինք բռնեցին, իր աչքերը կուրցուցին եւ Գազայի մէջ բանտարկեցին, ուր անոր աղօրիքի քար դարձնել տուին։ Ետքը, փղշտացիները խնճոյք մը ըրին եւ Սամփսոնը հոն բերին։ Անոնք մեծ զոհ ըրին իրենց Դագոն աստուծոյն՝ հաւատալով որ իր օգնութեամբ կրցած էին Սամփսոնը բռնել։ Անոնք Սամփսոնը կանչեցին, որ ‘իրենց առջեւ խաղայ’ եւ վրան խնդացին (Դատ. 16։21-25)։

 Սամփսոնը իր ամբողջ ուժով երկու սիւներ կը հրէ եւ ամբողջ շէնքը կ’իյնայ։

Եհովան Սամփսոնը զօրացուց՝ փղշտացիներուն դէմ իր դատաստանը գործադրելու համար (տե՛ս պարբերութիւն 15)

15. Սամփսոն ինչպէ՞ս նորէն Եհովային հանդէպ վստահութիւն ցոյց տուաւ (Դատաւորաց 16։28-30) (տե՛ս կողքին նկարը)։

15 Ճիշդ է որ Սամփսոն լուրջ սխալ մը ըրաւ, բայց չյանձնուեցաւ։ Ան առիթ մը փնտռեց, որպէսզի Աստուծոյ կողմէ տրուած իր նշանակումը կատարէ, որ էր՝ փղշտացիներուն դէմ կռուիլ (կարդա՛ Դատաւորաց 16։28-30)։ Սամփսոն Եհովային աղաչեց. «Փղշտացիներէն իմ երկու աչքերուս վրէժը մէկէն առնեմ»։ Ճշմարիտ Աստուածը Սամփսոնին աղաչանքին պատասխանեց եւ անգամ մը եւս իրեն յատուկ զօրութիւն տուաւ։ Եւ այս անգամ Սամփսոն աւելի փղշտացիներ մեռցուց, քան՝ անցեալին։

16. Սամփսոնի ըրած սխալէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

16 Թէեւ Սամփսոն ցաւալի հետեւանքներ կրեց իր սխալին պատճառաւ, բայց ան շարունակեց ջանք ընել որ Եհովային կամքը ընէ։ Նոյնպէս մենք, եթէ սխալ մը ընենք եւ սրբագրումի պէտք ունենանք կամ առանձնաշնորհում մը կորսնցնենք, պէտք չէ յանձնուինք։ Յիշենք որ Եհովան իր յոյսը մեզմէ չի կտրեր (Սաղ. 103։8-10)։ Նոյնիսկ եթէ սխալինք, ան տակաւին կրնայ մեզ գործածել, ճիշդ ինչպէս որ Սամփսոնին ըրաւ։

1. Նեղացած եղբայր մը նստած է եւ իր քով բաց Աստուածաշունչ մը կայ։ 2. Եղբայր մը երկու երէցներու հետ կը խօսի։ 3. Ան իր թապլեթը բացած կը խոկայ իր կարդացածին վրայ։ 4. Ան ժողովի մը ընթացքին ուշադրութեամբ մտիկ կ’ընէ։ 5, Ան ժողովի մը ընթացքին դասախօսութիւն կու տայ։

Հաւանաբար Սամփսոն շատ գէշ զգաց իր սխալին համար, բայց չյանձնուեցաւ. մենք ալ պէտք չէ յանձնուինք (տե՛ս պարբերութիւն 17-18)

17-18. Ինչո՞ւ Մայքլին օրինակը քեզ կը քաջալերէ (տե՛ս նաեւ նկարը)։

17 Նկատի առ Մայքլ անունով երիտասարդ եղբօր մը օրինակը։ Ան հոգեւոր բաներով զբաղած էր, ծառայելով որպէս օգնական ծառայ եւ կանոնաւոր ռահվիրայ։ Բայց ցաւօք սրտի, ան սխալ մը ըրաւ, որուն պատճառաւ ժողովքին մէջ իր առանձնաշնորհումները կորսնցուց։ Ան կ’ըսէ. «Մինչեւ այն ատեն, շատ զբաղած էի Եհովայի ծառայութեան մէջ։ Ետքը, մէկ անգամէն զգացի որ պատը մտայ։ Ես բնա՛ւ չմտածեցի որ Եհովան զիս ձգեց, բայց միտքէս անցաւ որ իրեն հետ իմ յարաբերութիւնս այլեւս բնա՛ւ նոյնը պիտի չըլլայ եւ թէ այլեւս ժողովքին մէջ պիտի չկարենամ իրեն ծառայել ինչպէս որ առաջ կ’ընէի»։

18 Ի՜նչ լաւ է որ Մայքլը չյանձնուեցաւ։ Ան կ’աւելցնէ. «Ես կեդրոնացայ Եհովային հետ յարաբերութիւնս նորոգելուն վրայ՝ կանոնաւորաբար սիրտս իրեն բանալով, սերտելով եւ խոկալով»։ Ժամանակի ընթացքին, Մայքլ ժողովքին մէջ իր առանձնաշնորհումները ետ առաւ, եւ հիմա կը ծառայէ որպէս երէց եւ կանոնաւոր ռահվիրայ։ Ան կ’ըսէ. «Ինծի տրուած օգնութիւնը եւ քաջալերութիւնը, մանաւանդ երէցներուն կողմէ, ինծի օգնեցին որ անդրադառնամ թէ Եհովան տակաւին զիս կը սիրէ։ Հիմա անգամ մը եւս կրնամ մաքուր խիղճով ժողովքին մէջ ծառայել։ Այս փորձառութիւնը ինծի սորվեցուց, որ Եհովան ոեւէ մէկուն կը ներէ, միայն եթէ ան իրապէս զղջացած է»։ Ուրեմն, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան մեզ ալ պիտի գործածէ եւ պիտի օրհնէ, նոյնիսկ եթէ սխալներ ըրած ենք. կարեւորը այն է որ մեր ամէն կարելին ընենք, որ մեր սխալները սրբագրենք եւ շարունակենք իրեն վստահիլ (Սաղ. 86։5. Առ. 28։13)։

19. Սամփսոնին օրինակը ինչպէ՞ս քեզ զօրացուցած է։

19 Այս յօդուածին մէջ, նկատի առինք Սամփսոնի կեանքէն քանի մը հիանալի դէպքեր։ Ան կատարեալ չէր, բայց երբ սխալեցաւ՝ Դալիլային վստահելով, չյանձնուեցաւ եւ ջանք թափեց որ Եհովային ծառայէ։ Իսկ Եհովան իր յոյսը չկտրեց Սամփսոնէն, հապա անգամ մը եւս զօրաւոր կերպով զինք գործածեց։ Դարեր ետք, Եհովան տակաւին Սամփսոնը կը նկատէր որպէս զօրաւոր հաւատք ունեցող մէկը՝ իր անունը յիշելով Եբրայեցիս գրքին 11–րդ գլուխին մէջ նշուած ուրիշ հաւատարիմ մարդոց հետ։ Մենք որքա՜ն կը քաջալերուինք գիտնալով որ կը ծառայենք այսպիսի սիրալիր երկնաւոր Հօր մը, որ շատ կ’ուզէ մեզ զօրացնել, մանաւանդ երբ տկար ըլլանք։ Ուրեմն Սամփսոնին պէս, Եհովային աղաչենք. «Զիս յիշէ՛. . . զիս զօրացուր» (Դատ. 16։28)։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

  • Ինչպէ՞ս կրնաս Եհովային վստահիլ Սամփսոնին պէս։

  • Եհովան ինչպէ՞ս Սամփսոնը զօրացուց փղշտացիներուն յաղթելու համար։

  • Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Սամփսոնի չյանձնուելէն։

ԵՐԳ 152 Մեր Վէմը, մեր Յոյսը, մեր Ապաւէնը

a Սամփսոն. Աստուածաշունչի այս անձնաւորութիւնը շատերու ծանօթ է, նոյնիսկ անոնց՝ որոնք Աստուածաշունչին մասին շատ գաղափար չունին։ Իր պատմութիւնը ներկայացուած է որպէս թատերախաղ, երգ եւ ֆիլմ։ Բայց եւ այնպէս, իր կեանքը պարզապէս հեքիաթ մը չէ։ Հաւատքի տէր այս մարդէն շատ բաներ կրնանք սորվիլ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել