Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ19 Դեկտեմբեր էջ 15
  • Հարցումներ՝ ընթերցողներէն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումներ՝ ընթերցողներէն
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2019
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Դրախտին մէջ կեանքը ինչպէ՞ս էր
    Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս
  • Մահուընէ ետք կեանք՝ ի՞նչ է մարդոց հաւատքը այս մասին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Հոգիի համար աւելի լաւ յոյս մը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Յարութեան վրայ ձեր հաւատքը ո՞րքան զօրաւոր է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2019
դ19 Դեկտեմբեր էջ 15

Հարցումներ՝ ընթերցողներէն

Երբ Սատանան Եւային ըսաւ որ բարիի եւ չարի գիտութեան ծառէն ուտելով պիտի չմեռնէր, արդեօք իրեն կը ներկայացնէ՞ր հոգիին անմահութեան գաղափարը, որ ներկայիս հանրածանօթ է։

Եւան կը փորձուի Սատանային կողմէ, որ օձի մը միջոցաւ կը խօսի

Ըստ երեւոյթին՝ ո՛չ։ Բանսարկուն Եւային չըսաւ որ, եթէ Աստուծոյ կողմէ արգիլուած պտուղէն ուտէր, իր մարմինը պիտի մեռնէր, բայց հոգին պիտի շարունակէր ապրիլ ուրիշ տեղ մը։ Օձին միջոցաւ խօսելով, Սատանան ըսաւ թէ, եթէ Եւան այդ ծառին պտուղէն ուտէր, բնա՛ւ պիտի չմեռնէր։ Ըսել ուզեց որ Եւան պիտի շարունակէր ապրիլ, երկրի վրայ աւելի լաւ կեանք վայելելով եւ Աստուծմէ անկախ ըլլալով (Ծն. 2։17. 3։3-5)։

Եթէ հոգիին անմահութեան սուտ ուսուցումը Եդեմի պարտէզին մէջ ծագում չէ առած, հապա ե՞րբ յառաջ եկաւ։ Չենք կրնար վստահութեամբ ըսել։ Բայց գիտենք որ Նոյի ժամանակուան Ջրհեղեղով, սուտ կրօնքի ամէն սխալ գաղափար երկրի երեսէն բնաջնջուեցաւ, քանի որ միայն Աստուծոյ ճշմարիտ երկրպագուները՝ Նոյ եւ իր ընտանիքը, Ջրհեղեղէն վերապրեցան։

Ուստի, մարդկային հոգիին անմահութեան գաղափարը Ջրհեղեղէն ետք մէջտեղ եկած ըլլալու է։ Երբ Աստուած Բաբելոնին մէջ լեզուները խառնակեց եւ մարդիկը «երկրի երեսը ցրուեց», անոնք անկասկած իրենց հետ տարին այն գաղափարը, որ մարդը անմահ հոգի ունի (Ծն. 11։8, 9)։ Առանց նկատի առնելու թէ այս սուտ գաղափարը ե՛րբ ծագում առաւ, կրնանք վստահ ըլլալ որ ատոր ետին Սատանան է՝ «սուտին հայրը», եւ ան ուրախ է տեսնելով թէ որչա՜փ տարածուած է (Յովհ. 8։44, ԱԾ)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել