Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ91 11/1 էջ 20-23
  • ‘Ժամը քանի՞ն էր’

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • ‘Ժամը քանի՞ն էր’
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուածատուր Ժամանակացոյցեր
  • Ժամանակ Արտայայտող Ասացուածքներ
  • Եբրայեցիներուն Գիշերուան Ժամերը
  • Առաջին Դարուն
  • Գիշերային Բաժանումներ
  • Գիտցէք Օրուան Ժամը
  • Արդեօք գիտե՞ս ժամը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
  • «Արթո՛ւն կեցէք»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2003
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
դ91 11/1 էջ 20-23

‘Ժամը քանի՞ն էր’

‘ԺԱՄԸ քանի՞ն է’։ Քանի՞ անգամ ուղղած էք այս հարցումը։ Մեր արդի սրընթաց դարուն, միշտ ժամով հետաքրքրուած ենք։ Մեր առօրեայ գործունէութիւններէն շատերը՝ առաւօտուն արթննալը, գործի երթալը, ճաշելը, բարեկամներու հանդիպիլը, եւայլն՝ սերտօրէն ժամանակի հետ կապուած են։ Իսկ մենք ժամանակը գիտնալու համար շատ մը կազմածքներէ կախեալ ենք. պատի կամ ձեռքի ժամացոյց, զարթուցիչ, ձայնասփիւռ, եւայլն։

Աստուածաշունչի ժամանակներուն երբ մարդիկ ժամանակը գիտնալու գործիքներ չունէին, անոնք ժամը ինչպէ՞ս կը հաշուէին։ Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը որեւէ ցուցմունք կու տա՞յ այս մասին։ Աստուածաշունչի կարգ մը դէպքերը օրուան ո՞ր ժամուն պատահած ըլլալը գիտնալը կրնայ Աստուծոյ Խօսքին նկատմամբ ձեր ներատեսութիւնը թարմացնել եւ Աստուածաշունչի ձեր ուսումնասիրութիւնը աւելի հաճելի դարձնել։

Աստուածատուր Ժամանակացոյցեր

Նախնական օրերուն, դէպքի մը ժամանակը սովորաբար կը նշուէր արեւուն կամ լուսնին՝ «երկու մեծ լուսաւորներ»ուն, նայելով, որոնք Ստեղծիչը տեղաւորած էր երկնքի մէջ, որպէսզի «ցորեկը գիշերէն զատեն»։ (Ծննդոց 1։14–16) Օրինակի համար, «Առտու եղածին պէս», երկու հրեշտակները արտորցուցին Ղովտը եւ իր ընտանիքը որ Սոդոմի դատապարտուած քաղաքէն փախչին։ (Ծննդոց 19։15, 16) Իսկ «իրիկուան դէմ» էր որ Աբրահամի հաւատարիմ ծառան հասաւ այն ջրհորին քով ուր Ռեբեկայի հանդիպեցաւ։—Ծննդոց 24։11, 15

Երբեմն, ժամանակը աւելի ճշգրտօրէն նշուած է։ Օրինակի համար, Աբիմելէքը, Գեդէօն Դատաւորին ցասկոտ որդին, խրատ ստացաւ որ Սիւքէմ քաղաքին վրայ խուժէ «առաւօտուն արեւը ծագածին պէս»։ (Դատաւորաց 9։33) Բացայայտօրէն, ասոր ետին ռազմավարական պատճառ մը կար։ Սիւքէմը պաշտպանողներուն համար դժուար եղաւ նկատել յարձակող բանակները, «լեռներուն շուք»ին եւ Աբիմելէքի զօրքերուն ետին եղող ծագող արեւուն շողերուն պատճառով։—Դատաւորաց 9։36–41

Ժամանակ Արտայայտող Ասացուածքներ

Ժամանակը նշելու համար Եբրայեցիները այնպիսի արտայայտութիւններ կը գործածէին որոնք թէ երանգաւոր եւ թէ հետաքրքրական են։ Անոնք ոչ միայն միջավայրին կամ սովորութիւններուն մասին գաղափար մը կը հաղորդեն մեզի, այլ նաեւ՝ կը յայտնեն թէ դէպքը ի՛նչ պարագաներու ներքեւ կատարուած է։

Օրինակի համար, Ծննդոց 3։8–ն մեզի կ’ըսէ թէ «օրուան զով ատեն»ն էր որ Եհովա խօսեցաւ Ադամի եւ Եւայի, անոնց մեղանչած օրը։ Հասկնալիօրէն ասիկա արեւնամուտին մօտ ըլլալու էր, երբ զով զեփիւռ կը փչէ, օրուան տօթէն ամոքում մը բերելով։ Սովորաբար, երբ օրը իր վախճանին մօտենայ, թուլնալու ու հանգստանալու ժամանակ մըն է։ Սակայն, Եհովա չձգեց որ դատական լուրջ հարց մը յաջորդ օրուան մնայ, երբ տակաւին ժամանակ կար զայն ձեռք առնելու։

Իսկ միւս կողմէն, ԾՆնդոց 18։1, 2 ցոյց կու տայ թէ Եհովայի հրեշտակները Մամբրէի մէջ Աբրահամի վրանը եկան «օրուան տաք ատենը»։ Երեւակայեցէք Յուդայի բլուրներուն վրայ կէսօրուան կիզիչ արեւուն տաքութիւնը։ Տաքութիւնը կրնար հեղձուցիչ ըլլալ։ Սովորութիւն էր այն ատեն ճաշել ու հանգստանալ։ (Տես Ծննդոց 43։16, 25. Բ. Թագաւորաց 4։5)։ Հետեւաբար, Աբրահամ «վրանին դուռը նստեր էր», ուր քիչ մը հով կը խաղար եւ հաւանաբար ճաշելէ ետք կը հանգստանար։ Այս տարեց մարդուն հիւրասիրութիւնը աւելի կը գնահատենք, երբ կը կարդանք թէ ան «վազեց» հիւրերը դիմաւորելու եւ ապա «արտորալով դէպի վրանը» գնաց, սառայի ըսելու որ շօթեր պատրաստէ, մինչ ինք «վազեց արջառներուն» եւ «շուտով պատրաստեց [մատղաշ հորթ մը]»։ Այս բոլորը օրուան տաք ատենին։—Ծննդոց 18։2–8

Եբրայեցիներուն Գիշերուան Ժամերը

Եբրայեցիները բացայայտօրէն գիշերը երեք շրջաններու կը բաժնէին, որոնք կը կոչէին «պահեր»։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը արեւնամուտէն մինչեւ արեւածագի միջեւ եղող ժամանակամիջոցին մէկ երրորդը կը կազմէր, կամ շուրջ չորս ժամեր, եղանակին համաձայն։ (Սաղմոս 63։6) «Ճիշդ կէս գիշերին» էր, գիշերուան տասէն մինչեւ առտուան երկուքը, որ Գեդէօն յարձակեցաւ Մադիանացիներու բանակավայրին վրայ։ Այս ժամուն կատարուած յարձակում մը, անշուշտ, պահակները ուղղակի անակնկալի բերաւ։ Զգոյշ Գեդէօնը, վստահաբար, չէր կրնար ասկէ աւելի լաւ ռազմագիտական ժամ մը ընտրել իր յարձակումին համար։—Դատաւորաց 7։19

Եգիպտոսէ դուրս ելլելու ժամուն, Եհովա «արեւելեան սաստիկ հովով ետ դարձուց ծովը ... բոլոր գիշերը», թոյլ տալով որ Իսրայելացիները ցամաքով անցնին։ Երբ Եգիպտացիները անոնց հասան, արդէն «առտուն» էր։ Եհովա Եգիպտացիներուն բանակը խռովութեան մէջ ձգեց եւ վերջապէս բնաջնջեց զանոնք «առտուան դէմ ծովը իր տեղը» դարձնելով։ (Ելից 14։21–27) Ուստի, գրեթէ ամբողջ գիշեր մը տեւեց որ ծովը բաժնուի եւ Իսրայելացիները միւս կողմը անցնին։

Առաջին Դարուն

Առաջին դարուն, Հրեաները օրը 12 ժամերու բաժնելու կերպը որդեգրած էին։ Անոր համար, իր առակներէն մէկուն մէջ, Յիսուս ըսաւ. «Չէ՞ որ օրը տասներկու ժամ է»։ (Յովհաննու 11։9) Ասոնք կը հաշուըուէին արեւածագէն՝ արեւնամուտ, կամ առտուան ժամը վեցէն՝ իրիկուան վեցը։ Ուստի, «երրորդ ժամ»ը՝ առտուան ինն էր։ Պէնտէկոստէի օրը, այս ժամուն էր որ սուրբ հոգին թափուեցաւ։ Երբ մարդիկ ամբաստանեցին թէ աշակերտները «գինիով լեցուեր են», Պետրոս անմիջապէս լռեցուց այդ ամբաստանութիւնը։ Վստահաբար այդ կանուխ ժամուն ոեւէ մէկը գինով չէր կրնար ըլլալ։—Գործք 2։13, 15

Նմանապէս, «Իմ կերակուրս այն է, որ ես զիս ղրկողին կամքը ընեմ» Յիսուսի խօսքերը յաւելեալ իմաստ մը կը ստանայ, երբ նկատի առնենք այդ խօսքը ըսուած ժամը։ Ըստ Յովհաննու 4։6–ին, «Գրեթէ ժամը վեցն էր», կամ միջօրէ էր։ Սամարիոյ բլուրոտ շրջանէն ամբողջ առաւօտ մը քալելէ ետք, Յիսուս եւ իր աշակերտները անօթեցած ու ծարաւցած էին։ Անոր համար երբ կերակուրով վերադարձան, աշակերտները աղաչեցին որ ան ուտէ։ Անոնք չհասկցան թէ Եհովայի գործը կատարելով, Յիսուս ոյժ եւ սնունդ ստացած էր։ Յիսուսի խօսքերը անկասկած խօսելու կերպ մը չէին։ Ան բառացիօրէն սնուցանուեցաւ Աստուծոյ գործը կատարելով, հակառակ անոր որ քանի մը ժամէ ի վեր կերած չէր։—Յովհաննու 4։31–34

Քանի որ տարուան ժամանակաշրջանին համաձայն արեւածագին եւ արեւնամուտին ժամը կը տարբերի, սովորաբար դէպքի մը մօտաւոր ժամը տրուած է։ Ուստի, կը կարդանք դէպքերու մասին որոնք երրորդ, վեցերորդ կամ իններորդ ժամուն պատահած են, այսինքն, յաճախ մօտաւորապէս այդ ժամերուն։ (Մատթէոս 20։3, 5. 27։45, 46. Մարկոս 15։25, 33, 34. Ղուկաս 23։44. Յովհաննու 19։14. Գործք 10։3, 9, 30) Սակայն, երբ դէպքի մը մէջ ժամը կարեւոր ազդակ մըն էր, այդ պարագային աւելի որոշ կերպով ժամը յիշուած է։ Օրինակի համար, այդ մարդը որ կ’ուզէր գիտնալ թէ իր որդին Յիսուսի՞ զօրութեամբ լաւացաւ թէ ոչ, ծառաները պատասխանեցին. «Երէկ ժամը եօթին [շուրջ կէսօրէ ետք ժամը մէկին] տենդը թողուց զանիկա»։—Յովհաննու 4։49–54

Գիշերային Բաժանումներ

Հռովմէական տիրապետութեան ընթացքին, այնպէս կ’երեւնայ թէ Հրեաները Յունական եւ Հռովմէական գիշերային բաժանումը որդեգրած էին, գիշերը չորս պահերու բաժնելով, փոխանակ երեքի։ Մարկոս 13։35–ի մէջ, Յիսուս բացայայտօրէն չորս բաժանումներուն ակնարկեց։ «Իրկունը» արեւնամուտէն մինչեւ իրիկուան ինն էր։ Երկրորդ պահը՝ «կէս գիշեր»ը՝ մօտաւորապէս ժամը իննին կը սկսէր եւ կը վերջանար կէս գիշերին։ «Հաւախօս»ը կէս գիշերէն մինչեւ ժամը երեքը կը տեւէր։ Իսկ վերջին պահը՝ «առտուն»՝ արշալոյսին, կամ մօտաւորապէս ժամը վեցին կը վերջանար։

«Հաւախօս»ը մասնաւորաբար հետաքրքրական է, քանի որ Յիսուս ըսաւ Պետրոսին, Մարկոս 14։30–ի մէջ. «Դեռ հաւը երկու անգամ չխօսած՝ երեք անգամ զիս պիտի ուրանաս»։ Թէեւ կարգ մը մեկնաբաններ կը պնդեն թէ «երկու անգամ»ը կ’ակնարկէ երկու տարբեր ժամերու՝ կէս գիշերին եւ արշալոյսին յաջորդաբար, սակայն, Ճէյմս Հէսթինկզի կողմէ հրատարակուած Քրիստոսի եւ Աւետարաններուն Բառարանը [Անգլ.] կը նշէ թէ «իրողութիւն է որ աքաղաղները գիշերը անկանոն ժամերու կ’երգեն, թէ՛ Արեւելքի մէջ եւ թէ այլուր, գիշերուընէ ետք»։ Երեւութապէս, Յիսուս մասնայատուկ ժամու մը չէր ակնարկեր, երբ Պետրոս պիտի ուրանար զինք։ Ընդհակառակը, ան նշան մը կու տար, Պետրոսի ըսած իր խօսքը տպաւորելու համար, որ կատարուեցաւ նոյն գիշերն իսկ։—Մարկոս 14։72

«Գիշերուան չորրորդ պահուն»՝ առտուան երեքէն վեցի միջեւ՝ էր որ Յիսուս Գալիլիոյ Ծովուն վրայէն գալելով իր աշակերտներուն քով եկաւ, որոնք «ծովուն մէջտեղ»ն՝ էին։ Հասկնալի է թէ ինչու աշակերտները «խռովեցան եւ ըսին թէ՝ ‘աչքի երեւոյթ մըն է’։ [Անոնք] վախնալով կանչուըռտեցին»։ (Մատթէոս 14։23–26) Ասիկա միեւնոյն ատեն ցոյց կու տայ թէ Յիսուս բաւական ժամանակ առանձին լեռը աղօթելով անցուց։ Քանի որ ասիկա Հերովդէս Անթիպասի կողմէ Յովհաննէս Մկրտիչի գլխատուելէն ետքն էր եւ ճիշդ Պասէքէն առաջ, որ Յիսոուսի երկրային ծառայութեան վերջին տարուան սկիզբը նշեց, վստահաբար Յիսուս իր Հօրը մատուցած իր անձնական աղօթքին մէջ խոկալիք շատ բան ունէր։

Չորս պահերէն զատ, գիշերն ալ 12 ժամերու բաժնուած էր։ Պօղոսը մինչեւ Կեսարիա ապահով տանելու համար, հազարապետ Կղօդիոս Լիւսիաս իր հարիւրապետներուն պատուիրեց որ 470 զինուորներ պատրաստեն «գիշերուան ժամը երեքին»։ (Գործք 23։23, 24) Այս կերպով, Պօղոս գիշերուան ծածկոցին տակ Երուսաղէմէն անվտանգ տարուեցաւ։

Գիտցէք Օրուան Ժամը

Աստուծոյ վաղեմի ժողովուրդին մէջ պատահած դէպքերուն պատմութիւնները կարդալը եւ անոնց վրայ խոկալը հաճոյք եւ հոգեւոր զօրութիւն կը մատակարարէ։ Եթէ անոնց հետ նկատի առնէք ժամանակը, վստահաբար աւելի ուրախութեամբ պիտի ուսումնասիրէք Աստուածաշունչը։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ այս կերպով կրնաք Աստուծոյ Խօսքին մասին լաւ տեղեկութիւն ունենալ։ Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ եւ Սուրբ Գրութիւններուն Վերագրեալ Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը անգին օժանդակութիւններ են այս ուղղութեամբ (երկուքն ալ հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ)։ Անոնք ձեզի պիտի օգնեն պատասխանելու, երբ դուք ձեզի հարց տաք. ‘Ժամը քանի՞ն էր’։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել