Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ97 9/1 էջ 20-25
  • «Արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք»
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Իրական Առնականութիւն եւ Իրական Իգականութիւն
  • Դրսերեւոյթ
  • Քրիստոնեայ Այրեր ու Կիներ՝ Իրական Այրեր ու Կիներ
  • Կնկան դերը սուրբ գրութիւններուն մէջ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
  • Աստուած իրապէս հետաքրքրուա՞ծ է կին դասակարգով
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Կիները ի՞նչ դեր ունին Եհովայի նպատակին մէջ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Կիներու պատուական դերը Աստուծոյ նախկին ծառաներուն մէջ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
դ97 9/1 էջ 20-25

«Արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք»

«Աստուած՝ իր պատկերովը ստեղծեց մարդը. Աստուծոյ պատկերովը ստեղծեց զանիկա, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք»։—ԾՆՆԴՈՑ 1։27

1. Ճշմարտութիւնը ի՞նչպէս օրհնութիւն մըն է քրիստոնեայ այրերու ու կիներու համար։

ՈՐՔԱ՜Ն հաճելի է Եհովայի ժողովուրդին մէջ գտնուիլ եւ այրերու ու կիներու, ինչպէս նաեւ, տղոց ու աղջիկներու հետ ընկերակցիլ, որոնց կեանքի գլխաւոր մտահոգութիւնն է Աստուած սիրել ու անոր հնազանդիլ։ Ճշմարտութիւնը մեզ կ’ազատէ նաեւ այնպիսի կեցուածքներէ եւ վարքէ, որոնք Եհովա Աստուծոյ հաճելի չեն եւ մեզի կը սորվեցնէ որ քրիստոնէավայել կեանք մը վարենք։ (Յովհաննու 8։32. Կողոսացիս 3։8-10) Օրինակ, ամէնուրեք աւանդութիւններ եւ գաղափարներ կան թէ մարդիկ իրենց առնականութիւնը, իսկ կիները իրենց իգականութիւնը ի՛նչպէս պէտք է արտայայտեն։ Պարզապէս տղամարդիկ առնական ծնած են իսկ կիները՝ իգակա՞ն. թէ ոչ ուրիշ ազդակներ ալ նկատի պէտք է առնուին։

2. (ա) Ի՞նչ բան պէտք է որոշէ առնականութեան կամ իգականութեան հանդէպ մեր տեսակէտը։ (բ) Սեռերու նկատմամբ մարդոց տեսակէտին ի՞նչ պատահած է։

2 Քրիստոնեաներուն համար, Աստուծոյ Խօսքը հեղինակութիւն մըն է, որու կ’ենթարկուինք, առանց նկատի ունենալու անձնական, մշակութային կամ աւանդական տեսակէտները, զորս մշակած ենք։ (Մատթէոս 15։1-9) Աստուածաշունչը առնականութեան կամ իգականութեան բոլոր երեսակներուն մասին չի խօսիր։ Այլ, առիթ կու տայ որ անոնք տարբեր կերպերով արտայայտուին, ինչպէս կը գտնենք ուրիշ մշակոյթներու մէջ։ Եթէ մարդիկ եւ կիներ Աստուծոյ ստեղծած կերպով պիտի ըլլան, մարդիկ պէտք է առնական ըլլան, իսկ կիները՝ իգական։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մարմնաւոր գետնի վրայ իրար ամբողջացնելէ զատ, անոնք առնական եւ իգական հիմնական յատկութիւններով ալ իրար պիտի ամբողջացնէին։ (Ծննդոց 2։18, 23, 24. Մատթէոս 19։4, 5) Բայց, սեռերու նկատմամբ տեսակէտները խաթարուած եւ խեղաթիւրուած են։ Շատերու համար առնականութիւն կը նշանակէ բրտութիւն, կոշտութիւն, կամ մաչօութիւն։ Կարգ մը մշակոյթներու մէջ, շատ հազուագիւտ կամ ամօթ է որ այր մարդ մը, հանրապէս կամ առանձին, լայ։ Սակայն, Ղազարոսի գերեզմանին դուրսը գտնուող բազմութեան մէջ «Յիսուս լացաւ»։ (Յովհաննու 11։35) Կատարեալ առնականութիւն ունեցող Յիսուսի համար անիկա անպատշաճ բան մը չէր։ Այսօր, շատեր անհաւասարակշիռ տեսակէտ մը ունին իգականութեան շուրջ, զայն նկատելով միմիայն մարմնաւոր եւ սեռային գրաւչութիւն։

Իրական Առնականութիւն եւ Իրական Իգականութիւն

3. Տղամարդիկ ու կիներ իրարմէ ի՞նչպէս տարբեր են։

3 Ի՞նչ է իրական առնականութիւնը եւ իրական իգականութիւնը։ Տը Ուորլտ Պուք Ինսայգլոբիտիա–ն կը նշէ. «Շատ այրեր ու կիներ իրարմէ կը տարբերին ո՛չ միայն մարմնակազմութեամբ, այլ նաեւ իրենց վարուելակերպով եւ հետաքրքրութիւններով։ Այս տարբերութիւններէն ոմանք կենսաբանական կազմուածքով որոշուած են։ . . . Բայց այնպէս կը թուի որ մարմնակազմութեան հետ կապ չունեցող կարգ մը տարբերութիւններ, իւրաքանչիւր սեռի դերին մասին ամէն մէկ անհատի սորված բաներուն վրայ հիմնուած են։ Մարդիկ արու կամ էգ կը ծնին, բայց առնական կամ իգական ըլլալ կը սորվին»։ Թէեւ մեր ծննդական կառոյցը շատ բաներու պատասխանատու է, բայց պատշաճ առնականութիւն կամ իգականութիւն զարգացնելը, Աստուծոյ պահանջները գիտնալէն եւ կեանքի մէջ մեր հետապնդած բաներէն կախեալ է։

4. Աստուածաշունչը ի՞նչ կը յայտնէ մարդուն ու կնկան դերերուն մասին։

4 Աստուածաշունչի պատմութիւնը ցոյց կու տայ որ Ադամի դերն էր առաջնորդութիւն տալ՝ որպէս իր կնոջ եւ զաւակներուն գլուխը։ Անիկա նաեւ երկիրը լեցնելու, անոր տիրելու եւ երկրային բոլոր ստեղծագործութիւնը հպատակեցնելու Աստուծոյ կամքին պիտի ենթարկուէր։ (Ծննդոց 1։28) Եւայի համար ընտանիքին մէջ իգական դերը պիտի ըլլար Ադամի «օգնական» եւ «լրացուցիչ» մը ըլլալ, անոր գլխաւորութեան հնազանդիլ եւ իրենց նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը իրագործելու համար Ադամի հետ համագործակցիլ։—Ծննդոց 2։18, ՆԱ. Ա. Կորնթացիս 11։3

5. Մարդուն ու կնկան միջեւ յարաբերութիւնը ի՞նչպէս խաթարուեցաւ։

5 Բայց Ադամ իր պատասխանատուութեան համաձայն չգործեց, իսկ Եւա իր իգականութիւնը գործածեց, համոզելով ու հրապուրելով որ Ադամ Աստուծոյ անհնազանդութեան մէջ իրեն միանայ։ (Ծննդոց 3։6) Գիտակցաբար սխալը ընելով, Ադամ իրական առնականութիւն ցոյց տալու մէջ թերացաւ։ Ան տկարօրէն նախընտրեց իր կնոջ հետեւիլ, փոխանակ իր Հօրը եւ Ստեղծիչին հնազանդելու։ (Ծննդոց 2։16, 17) Շուտով, առաջին զոյգը սկսաւ փորձառութիւնը ունենալ ա՛յն բաներուն, զորս Եհովա նախագուշակած էր, որպէս հետեւանք իրենց անհնազանդութեան։ Նախապէս իր կնոջ նկատմամբ ջերմ ու բանաստեղծական ոճով արտայայտուած Ադամը, հիմա սառնութեամբ անոր մասին կը խօսէր, որպէս՝ ‘այն կինը որ ինծի տուիր’։ Իր անկատարութիւնը եղծանեց ու սխալ ուղղութեան առաջնորդեց իր առնականութիւնը, եւ որպէս հետեւանք, սկսաւ իր կնոջ վրայ ‘իշխել’։ Եւան իր կարգին, իր ամուսնոյն հանդէպ չափազանց եւ անհաւասարակշիռ ‘փափաք’ մը ունեցաւ։—Ծննդոց 3։12, 16

6, 7. (ա) Ջրհեղեղէն առաջ, առնականութիւնը ի՞նչպէս խեղաթիւրուեցաւ։ (բ) Նախա–Ջրհեղեղեան կացութենէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

6 Ջրհեղեղէն առաջ, առնականութեան եւ իգականութեան եղծանումը շատ բացայայտ եղաւ։ Երկնքի մէջ իրենց նախկին դիրքը լքած հրեշտակներ, մարդկային մարմիններ առին, որպէսզի մարդոց աղջիկներուն հետ սեռային յարաբերութիւններ ունենան։ (Ծննդոց 6։1, 2) Արձանագրութիւնը կը յիշէ որ այս անբնական կենակցութենէն միայն արուներ ծնան։ Կը կարծուի որ անոնց զաւակները խառնածին էին եւ չէին կրնար սերունդ ունենալ։ Անոնք համբաւաւոր եղան որպէս հզօրներ, Նեֆիլիմներ կամ Տապալիչներ, քանի որ անոնք ուրիշներու անկման պատճառ կ’ըլլային։ (Ծննդոց 6։4, ՆԱ, ստորանիշ) Բացայայտօրէն, անոնք վայրագ, կռուազան, եւ ուրիշներու հանդէպ անկարեկից էին։

7 Յստակ է ուրեմն, որ ֆիզիքական գեղեցկութիւնը, մարմնի կազմը, չափը կամ ոյժը ինքնին ընդունելի առնականութիւն կամ իգականութիւն չեն հաղորդեր։ Շատ հաւանաբար, մարմնաւորուած հրեշտակները գեղեցիկ երեւոյթ ունէին։ Իսկ Նեֆիլիմները հսկայ եւ մկանոտ էին, բայց անոնց մտավիճակը խեղաթիւրուած էր։ Անհնազանդ հրեշտակներն ու անոնց սերունդը երկիրը սեռային անբարոյութեամբ ու բռնութեամբ լեցուցին։ Անոր համար, Եհովա այդ աշխարհին վերջ դրաւ։ (Ծննդոց 6։5-7) Սակայն, սատանայական ազդեցութիւնը Ջրհեղեղով վերջ չգտաւ, ոչ ալ Ադամի մեղքին հետեւանքները վերցուեցան։ Ջրհեղեղէն ետք, առնականութեան ու իգականութեան խեղաթիւրումը անգամ մը եւս երեւան եկաւ եւ Աստուածաշունչին մէջ թէ՛ լաւ եւ թէ գէշ օրինակներ կը գտնենք, որոնցմէ կրնանք դաս առնել։

8. Յովսէփ պատշաճ առնականութեան ի՞նչպիսի օրինակ հանդիսացաւ։

8 Յովսէփ եւ Պետափրէսի կինը պատշաճ առնականութեան եւ աշխարհային իգականութեան միջեւ յստակ հակապատկեր մը կը ներկայացնեն։ Պետափրէսի կինը գեղեցկադէմ Յովսէփով հրապուրուած՝ ջանաց զինք հրապուրել։ Այդ ժամանակ պոռնկութիւնը կամ շնութիւնը արգիլող աստուածային գրաւոր օրէնք մը չկար։ Այսուհանդերձ, Յովսէփ խոյս տուաւ այդ անբարոյ կնոջմէն եւ փաստեց որ իրապէս Աստուծոյ մարդն էր, մէկը որ Աստուծոյ հաճոյ եղող առնականութիւն մը կը ցուցնէր։—Ծննդոց 39։7-9, 12

9, 10. (ա) Վաշթի Թագուհին իր իգականութիւնը ի՞նչպէս չարաչար գործածեց։ (բ) Եսթեր իգականութեան ի՞նչ գեղեցիկ օրինակ հանդիսացաւ մեզի։

9 Եսթեր եւ Վաշթի Թագուհին, երկու հակապատկերներ են։ Վաշթին թերեւս խորհեցաւ որ ինք ա՛յնքան գեղեցիկ էր որ Ասուերոս Թագաւորը միշտ իր փափաքներուն պիտի ենթարկուէր։ Բայց անոր գեղեցկութիւնը, ներկայիս ծախուած մորթի գեղադեղերէն աւելի խորունկ չէր երթար։ Համեստութիւնն ու իգականութիւնը տեղ չունէին իր մէջ, քանի որ իր թագաւորին ու ամուսնոյն չենթարկուեցաւ։ Թագաւորը մերժեց զինք եւ Եհովայէ վախցող իրապէս իգական կին մը ընտրեց, որպէս իր թագուհին։—Եսթերայ 1։10-12. 2։15-17

10 Եսթեր ներկայիս որպէս հոյակապ տիպար կը ծառայէ քրիստոնեայ կիներուն։ Ան «գեղեցիկ դէմք ու վայելուչ կերպարանք մը ունէր», բայց «սրտին ծածուկ մարդը՝ անեղծութիւնով հեզ ու հանդարտ հոգիին» զարդը ցոյց տուաւ։ (Եսթերայ 2։7. Ա. Պետրոս 3։4) Եսթերի գլխաւոր հետաքրքրութիւնը ցուցամոլ զարդարանքը չէր։ Ան փափկանկատութիւն եւ ժուժկալութիւն ցոյց տուաւ, իր ամուսնոյն, Ասուերոսի հնազանդ ըլլալով, նոյնիսկ երբ իր կեանքը եւ իր ժողովուրդին կեանքը վտանգի տակ էր։ Եսթեր լուռ կեցաւ՝ երբ իմաստութիւն էր այդպէս ընել, բայց անվախօրէն խօսեցաւ՝ երբ անհրաժեշտ էր եւ յարմար առիթն էր խօսելու։ (Եսթերայ 2։10. 7։3-6) Ան իր չափահաս զարմիկին, Մուրթքէի խրատը մտիկ ըրաւ։ (Եսթերայ 4։12-16) Իր ժողովուրդին հանդէպ սէր ու հաւատարմութիւն ցոյց տուաւ։

Դրսերեւոյթ

11. Դրսերեւոյթի նկատմամբ ի՞նչ բան ի մտի պէտք է ունենանք։

11 Պատշաճ իգականութեան բանալին ի՞նչ է։ Մայր մը նշեց. «Վայելչութիւնը սուտ է ու գեղեցկութիւնը ունայն է, սակայն Տէրոջմէ վախցող կինը պիտի գովուի»։ (Առակաց 31։30) Ուստի, Աստուծոյ հանդէպ յարգալից վախ մը ունենալը անհրաժեշտ է, իսկ ազնուութիւնը, զուարթամտութիւնը, համեստութիւնը եւ քաղցր լեզուն շատ աւելի կը նպաստեն իգականութեան, քան՝ ֆիզիքական գեղեցկութիւնը։—Առակաց 31։26

12, 13. (ա) Դժբախտաբար, շատերուն խօսակցութիւնը ի՞նչպէս է։ (բ) Առակաց 11։22–ի իմաստը ի՞նչ է։

12 Դժբախտաբար, շատ են այրերն ու կիները, որոնք իրենց բերանը իմաստութեամբ չեն բանար ու իրենց լեզուին վրայ քաղցրութեան օրէնք չկայ։ Անոնց խօսակցութիւնը վարկաբեկիչ, հեգնական, ռամիկ եւ անփափկանկատ է։ Կարգ մը տղամարդիկ կը խորհին որ աղտոտ խօսակցութիւնը առնականութեան նշան է, իսկ կարգ մը կիներ անմտօրէն կ’ընդօրինակեն զանոնք։ Սակայն, կին մը որ գեղեցիկ՝ բայց անզգայ, միշտ առարկող, հեգնող կամ սնապարծ է, կրնա՞յ բառին բուն առումով գեղեցիկ կամ իրապէս իգական ըլլալ։ «Գեղեցիկ կինը, որ խոհեմութիւն չունի, խոզին քիթը դրուած ոսկի օղակին կը նմանի»։—Առակաց 11։22

13 Գեղեցկութեան ընկերակցող պիղծ խօսակցութիւնը, հեգնանքը եւ անզգայութիւնը, իգական երեւնալու անհատին բոլոր ջանքերը ի դերեւ կը հանեն։ Իրականութեան մէջ, այսպիսի անբարեպաշտ ընթացք մը, ֆիզիքապէս գեղեցիկ անհատ մը կը տգեղցնէ։ Անշուշտ կ’ըմբռնենք որ մարդու մը կամ կնկայ մը ֆիզիքական երեւոյթը, որեւէ ատեն ցասումի, պոռչտուքի կամ վարկաբեկիչ խօսակցութիւն ունենալու որպէս հատուցում, կամ արդարացում չի կրնար ծառայել։ Բոլոր Քրիստոնեաներն ալ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած իրենց խօսակցութեամբ եւ վարմունքով Աստուծոյ եւ ուրիշներու աչքին կրնան գրաւիչ ըլլալ եւ՝ պէ՛տք է ըլլան։—Եփեսացիս 4։31

14. Ա. Պետրոս 3։3-5–ի մէջ ի՞նչպիսի զարդարանքի մասին գովասանքով խօսուած է եւ ի՞նչ կը խորհիք այս մասին։

14 Թէեւ իրական իգականութիւնը եւ առնականութիւնը հոգեւոր յատկութիւններու վրայ հիմնուած են, բայց ֆիզիքական շարժուձեւը եւ երեւոյթը, մէջը ըլլալով մեր հագած հագուստներն ու մեր հագուելու կերպը, մեր մասին կը խօսին։ Անկասկած, Պետրոս առաքեալ առաջին դարու հագուելակերպը եւ յարդարանքը ի մտի ունէր, երբ քրիստոնեայ կիներու խրատ կու տար. «Ձեր զարդարանքը թող չըլլայ դրսէն մազերու հիւսուածքներով եւ ոսկիներու շարքերով կամ շքեղ հանդերձներ հագնելով, հապա սրտին ծածուկ մարդը անեղծութիւնով հեզ ու հանդարտ հոգիին զարդը թող ըլլայ, որ Աստուծոյ առջեւ խիստ պատուական է։ Վասն զի ատենօք սուրբ կիները, որոնք իրենց յոյսը Աստուծոյ վրայ դրած էին, անձերնին կը զարդարէին՝ իրենց այրերուն հնազանդ ըլլալով»։—Ա. Պետրոս 3։3-5

15. Քրիստոնեայ կիներ իրենց հագուստով ի՞նչ պէտք է ջանան յայտնաբերել։

15 Պօղոս ալ կիներու հագուստին մասին խօսեցաւ։ Ա. Տիմոթէոս 2։9, 10–ին մէջ կը կարդանք. «Կիները վայելուչ հագուստով, ամօթխածութեամբ եւ պարկեշտութեամբ ինքզինքնին զարդարեն, . . . բարի գործերով՝ ինչպէս կը վայելէ աստուածապաշտութիւնը յանձն առած կիներուն»։ Ան շեշտեց համեստութիւն եւ պարկեշտութիւն ապացուցանող վայելուչ հագուստին կարեւորութիւնը։

16, 17. (ա) Հագուստը ի՞նչպէս սխալ կերպով գործածուած է բազմաթիւ այրերու ու կիներու կողմէ։ (բ) Բ. Օրինաց 22։5–ի խրատէն ի՞նչ եզրակացութեան պէտք է յանգինք։

16 Երբ մարդ մը կամ կին մը, տղայ մը կամ աղջիկ մը սեռային գետնի վրայ գրգռիչ կերպով կը վարուի կամ կը հագնի, անիկա իրական իգականութիւն կամ առնականութիւն չի յայտնաբերեր եւ վստահաբար Աստուծոյ ալ պատիւ չի բերեր։ Աշխարհի մէջ շատեր ծայրայեղութեան կ’երթան, իրենց իգականութիւնը կամ առնականութիւնը ցուցադրելով՝ իրենց հագուստով եւ վարքով։ Մինչ ուրիշներ կը թաքցնեն իրենց սեռը՝ անբարոյ նպատակակէտեր հետապնդելով։ Մենք որքա՜ն ուրախ կրնանք ըլլալ որ Աստուածաշունչը կը յայտնէ Աստուծոյ տեսակէտը։ Եհովա վաղեմի Իսրայելացիներուն ըսաւ. «Կնոջ մը վրայ այր մարդու հագուստ թող չըլլայ ու այր մարդը կնոջ հագուստ պէտք չէ հագնի. քանզի ով որ ասոնք ընէ, քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ պիղծ կ’ըլլայ»։—Բ. Օրինաց 22։5

17 Հաւանաբար հաճոյքով վերաքաղ պիտի ընէք ինչ որ Դիտարան–ը այս ուղղութեամբ ըսած էր 15 Օգոստոս 1988–ի համարին, 17–րդ էջին վրայ (Անգլերէն). «Հարցը այն չէ որ որոշ ոճ մը վերջին նորոյթին համաձայն է թէ ոչ, այլ՝ ատիկա Աստուծոյ ծառայի մը համար պատշա՞ճ է թէ ոչ։ (Հռովմայեցիս 12։2. Բ. Կորնթացիս 6։3) Շատ թափթփած, կամ շատ փակած հագուստները մարդոց ուշադրութիւնը կը հեռացնեն մեր պատգամէն։ Այն նորաձեւութիւնները որոնք բացայայտօրէն կամ մտադրաբար այր մարդիկը կ’իգականացնեն կամ կիները կ’առնականացնեն, բոլորովին անպատշաճ են։ (Բաղդատել՝ Բ. Օրինաց 22։5։) Անշուշտ, տեղէ տեղ սովորութիւնները կրնան տարբերիլ, կլիմային, գործի կապակցաբար, եւ նման պարագաներու բերմամբ, այնպէս որ քրիստոնէական ժողովքը անթեք օրէնքներ չի դներ համայն աշխարհի եղբայրներուն վրայ»։

18. Հագուելակերպի ու յարդարանքի մասին Աստուածաշունչի խրատները կիրարկելու համար ի՞նչ քայլեր պէտք է առնենք։

18 Ի՜նչ հաւասարակշռուած եւ յարմար խրատ մը։ Դժբախտաբար, կարգ մը Քրիստոնեաներ՝ թէ այրեր եւ թէ կիներ՝ կուրօրէն կը հետեւին ինչ որ աշխարհը կը հրամցնէ հագուստի կամ յարդարանքի կապակցաբար, առանց հաշուի առնելու որ անիկա ի՛նչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ Եհովայի եւ քրիստոնէական ժողովքին վրայ։ Ամէն մէկս մենք մեզ պէտք է քննենք, տեսնելու համար որ աշխարհի մտածելակերպէն ազդուա՞ծ ենք։ Կամ կրնանք յարգուած, փորձառու եղբօր մը կամ քրոջ մը մօտենալ եւ խնդրել որ եթէ մեր հագուելակերպին մէջ փոփոխութիւն մտցնելու հարկ կայ, մեզի դիտողութիւններ ընէ, ապա լրջօրէն նկատի առնենք տրուած թելադրութիւնները։

Քրիստոնեայ Այրեր ու Կիներ՝ Իրական Այրեր ու Կիներ

19. Ո՞ր անփափաքելի ազդեցութիւններուն դէմ պէտք է պայքարինք։

19 Այս աշխարհի աստուածը Սատանան է եւ անոր ազդեցութիւնը կը տեսնուի սեռի շուրջ անոր ցանած շփոթութեան մէջ եւ ասիկա միայն հագուելակերպի մէջ չէ։ (Բ. Կորնթացիս 4։4) Կարգ մը երկիրներու մէջ, շատ կիներ այր մարդոց հետ կը մրցին գլխաւորութեան հարցով, ամբողջովին անտեսելով սուրբ գրային սկզբունքները։ Իսկ ուրիշ երկիրներու մէջ, տղամարդոցմէ շատեր Ադամի նման՝ իրենց գլխաւորութեան պատասխանատուութիւնները չեն կատարեր։ Կան ոմանք, որոնք կեանքի մէջ իրենց դերը կը փոխեն, հակառակ սեռին դերը խաղալով։ (Հռովմայեցիս 1։26, 27) Ըստ Աստուածաշունչի, Աստուծոյ հաճելի եղող միայն մէկ ապրելակերպ կայ։ Իսկ եթէ ոեւէ մէկը որ Քրիստոնեայ ըլլալէ առաջ իր ինքնութեան կամ սեռային նախընտրութեան նկատմամբ շփոթութեան մէջ էր, կրնայ վստահ ըլլալ որ որպէս այր կամ կին Աստուծոյ չափանիշներուն համաձայն ապրիլը իր յաւիտենական բարիքին համար է, չափանիշներ՝ որոնք վստահաբար պիտի գնահատուին՝ մարդկային կատարելութեան հասնողներուն կողմէ։

20. Գաղատացիս 5։22, 23–ը ի՞նչ ազդեցութիւն պէտք է ունենայ առնականութեան եւ իգականութեան շուրջ մեր տեսակէտին վրայ։

20 Սուրբ Գրութիւնները ցոյց կու տան որ քրիստոնեայ այրեր եւ կիներ պէտք է Աստուծոյ հոգիին պտուղները զարգացնեն եւ յայտնաբերեն, որոնք են սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն եւ ժուժկալութիւն։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Աստուած իր մեծ իմաստութեամբ, կարող դարձուցած է որ այրեր կարենան իրենց առնականութիւնը՝ իսկ կիներ իրենց իգականութիւնը՝ զօրացնել, այս յատկութիւնները մշակելով։ Դիւրին է յարգել մարդ մը որ հոգիին պտուղները կը ցուցաբերէ, ու սիրել կին մը որ նոյնը կ’ընէ։

21, 22. (ա) Յիսուս ապրելակերպի ի՞նչ օրինակ թողուց։ (բ) Յիսուս իր առնականութիւնը ի՞նչպէս ցոյց տուաւ։

21 Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդն էր Յիսուս Քրիստոս, եւ Քրիստոնեաները պէտք է ընդօրինակեն իր ապրելակերպը։ (Ա. Պետրոս 2։21-23) Յիսուսի նման, թէ՛ այրեր եւ թէ կիներ պէտք է հաւատարիմ մնան Աստուծոյ, եւ Իր Խօսքին՝ հնազանդ։ Յիսուս սիրոյ, քաղցրութեան եւ ողորմութեան հոյակապ յատկութիւններ ցուցաբերեց։ Որպէս ճշմարիտ Քրիստոնեաներ, մեզմէ կ’ակնկալուի որ զինք ընդօրինակենք, փաստելու համար որ իր աշակերտներն ենք։—Յովհաննու 13։35

22 Յիսուս Քրիստոս իսկական մարդ մըն էր, եւ մինչ կը սերտենք իր կեանքի արձանագրութիւնը Սուրբ Գրքին մէջ, յստակօրէն կը տեսնենք իր առնական յատկութիւնները։ Ան չամուսնացաւ, բայց Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ ան կիներու հետ հաւասարակշռուած ընկերակցութիւն ունեցաւ։ (Ղուկաս 10։38, 39) Այրերու ու կիներու հետ անոր փոխյարաբերութիւնը միշտ մաքուր ու պատուաբեր էր։ Ան առնականութեան կատարեալ տիպար մըն է։ Յիսուս թոյլ չտուաւ որ ոեւէ մէկը՝ այր, կին թէ անհնազանդ հրեշտակ՝ իրմէ խլէ իր աստուածատուր առնականութիւնը ու Եհովայի հանդէպ իր հաւատարմութիւնը։ Ան պատասխանատուութիւններ ընդունելու չվարանեցաւ, ասիկա ըրաւ առանց տրտունջի։—Մատթէոս 26։39

23. Սեռերու դերերուն նկատմամբ, ճշմարիտ Քրիստոնեաները ի՞նչպէս բացայայտօրէն օրհնուած են։

23 Ի՜նչ բերկրալի է Եհովայի ժողովուրդին մէջ գտնուիլ ու ընկերակցիլ այրերու ու կիներու, ինչպէս նաեւ տղոց ու աղջիկներու հետ, որոնց կեանքին գլխաւոր նպատակն է Եհովա Աստուած սիրել եւ իրեն հնազանդիլ։ Աստուծոյ Խօսքին հնազանդելով կաշկանդուած չենք ըլլար։ Ընդհակառակը, սեռերու գեղեցկութիւնը, նպատակը եւ անոնց իւրայատուկ դերերը նուաստացնող այս աշխարհէն ու անոր ճամբաներէն ազատագրուած ենք։ Կրնանք վայելել այն իսկական ուրախութիւնը որ կու գայ կեանքի մէջ մեր աստուածատուր դերը կատարելէն, ըլլանք այրեր թէ կիներ։ Այո, որքա՜ն երախտապարտ ենք Եհովա Աստուծոյ, մեր Ստեղծիչին, մեզի ի նպաստ իր ըրած բոլոր կարգադրութիւններուն, եւ մեզ արու եւ էգ ստեղծելուն համար։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք

◻ Աստուածաշունչը այրերու ու կիներու ի՞նչ պատշաճ դերեր կը նկարագրէ։

◻ Ջրհեղեղէն առաջ, առնականութիւնը ի՞նչպէս խեղաթիւրուեցաւ եւ մեր օրերուն անիկա եւ իգականութիւնը ի՞նչպէս խեղաթիւրուած են։

◻ Երեւոյթի մասին Աստուածաշունչի ո՞ր խրատը պիտի ջանաք կիրարկել։

◻ Քրիստոնեայ այրեր ու կիներ ի՞նչպէս կրնան փաստել որ իսկական այրեր ու կիներ են։

[Նկար՝ էջ 22]

Եսթեր թէեւ գեղեցիկ էր, բայց ան մասնաւորաբար կը յիշուի իր համեստութեան եւ ունեցած հանդարտ ու հեզ հոգիին համար

[Նկար՝ էջ 23]

Տրամաբանական չափով ուշադրութիւն ընծայեցէք յարդարանքի, բայց աւելի կարեւորութիւն տուէք ներքին գեղեցկութեան

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել