Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ96 9/1 էջ 6-11
  • Օձին սերունդը—Ինչպէ՞ս քօղազերծուած

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Օձին սերունդը—Ինչպէ՞ս քօղազերծուած
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Մարգարէութեան Նշանակութիւնը
  • «Քու ու Կնոջ Մէջտեղ . . . Թշնամութիւն»
  • Թշնամութիւն՝ Աստուծոյ Կնոջ Սերունդին Հանդէպ
  • Օձի Սերունդին Արդի Քօղազերծումը
  • Աստուածաշունչի ընդհանուր ներդաշնակութիւնը
    Աստուածաշունչը Աստուծո՞յ խօսքն է, թէ՝ մարդոց
  • Աստուածաշունչի հոյակապ բնաբանը
    Յայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
  • Հարցումներ ընթերցողներէն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
  • Ան՝ որու համար վկայեցին բոլոր մարգարէները
    Միացած՝ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքին մէջ
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
դ96 9/1 էջ 6-11

Օձին սերունդը—Ինչպէ՞ս քօղազերծուած

«Քու ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ»։—ԾՆՆԴՈՑ 3։15

1. (ա) Եհովա ինչո՞ւ ուրախ Աստուած է։ (բ) Ան ի՞նչ ըրած է մեզ իր ուրախութեան մասնակից ընելու համար։

ԵՀՈՎԱ ուրախ Աստուած է եւ իր ուրախութիւնը արդարացի է։ Ինքն է բարի բաներու մեծագոյն եւ առաջնագոյն Հայթայթիչը եւ չկայ բան մը որ իր նպատակին իրագործման կրնայ արգելք հանդիսանալ։ (Եսայեայ 55։10, 11. Ա. Տիմոթէոս 1։11. Յակոբու 1։17) Ան կ’ուզէ որ իր ծառաները մասնակից ըլլան իր ուրախութեան եւ ասոր համար բանաւոր պատճառներ կու տայ անոնց։ Հետեւաբար, մարդկային պատմութեան ամենէն աղօտ պահերէն մէկուն՝ Եդեմի ըմբոստութենէն ետք՝ Ան ապագային յոյսով նայելու պատճառ մը տուաւ մեզի։—Հռովմայեցիս 8։19–21

2. Եդեմի մէջ ըմբոստներուն վրայ դատավճիռ արձակելու ատեն, Եհովա Ադամի ու Եւայի սերունդին համար յոյսի ի՞նչ պատճառ տուաւ։

2 Եհովայի հոգեղէն որդիներէն մէկը, Աստուած զրպարտելով ու անոր հակառակելով, ինքզինք Բանսարկու Սատանայ դարձուց։ Մարդկային առաջին արարածները՝ Եւան ու ապա Ադամը՝ իր ազդեցութեան տակ եկան եւ Եհովայի դրած բացայայտ օրէնքը բեկանեցին։ Անոնք արդարացիօրէն մահուան դատապարտուեցան։ (Ծննդոց 3։1–24) Սակայն, այդ ըմբոստներուն վրայ դատաստան արձակելու ատեն, Եհովա Ադամի ու Եւայի սերունդին՝ յոյսի հիմ մը հայթայթեց։ Ի՞նչ կերպով։ Ինչպէս արձանագրուած է Ծննդոց 3։15–ի մէջ, Եհովա ըսաւ. «Քու ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ։ Ան քու գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես»։ Այդ մարգարէութիւնը բանալի ազդակ մըն է, կարելի դարձնելով որ ամբողջ Աստուածաշունչը, ինչպէս նաեւ թէ՛ աշխարհի եւ թէ Եհովայի ծառաներուն հետ առնչութիւն ունեցող անցեալ ու ներկայ իրադարձութիւնները, հասկընանք։

Մարգարէութեան Նշանակութիւնը

3. Ինչպէս ակնարկուած է Ծննդոց 3։15–ի մէջ, բնորոշեցէք (ա) Օձը, (բ) ‘կին’ը, (գ) Օձին «սերունդ»ը, (դ) կնոջ «սերունդ»ը։

3 Անոր իմաստը ըմբռնելու համար, մարգարէութեան տարբեր տարրերը քննենք։ Ծննդոց 3։15–ի մէջ, խօսքը ուղղուած է Օձին. ոչ թէ բառացի օձի մը, այլ, զայն գործածողին։ (Յայտնութիւն 12։9) ‘Կինը’՝ Եւան չէ, այլ Եհովայի երկնային կազմակերպութիւնն է. երկրի վրայ Իր օծեալ ծառաներուն մայրը։ (Գաղատացիս 4։26) Օձին «սերունդ»ը՝ Սատանայի սերունդն է. դեւերը, մարդիկը եւ մարդկային կազմակերպութիւնները, որոնք Սատանայի յատկանիշները եւ կնոջ «սերունդ»ին հանդէպ թշնամութիւն ունին։ (Յովհաննու 15։19. 17։15) Կնոջ «սերունդ»ը գլխաւորաբար Յիսուս Քրիստոսն է, որ Հ.Դ. 29–ին սուրբ հոգիով օծուեցաւ։ 144,000–ը, որոնք ‘ջուրէն եւ հոգիէն վերստին ծնած’ են, եւ որոնք երկնային Թագաւորութեան մէջ Քրիստոսի ժառանգակիցներ ըլլալով, այդ խոստացեալ սերունդին երկրորդական մասը կը կազմեն։ Անոնք կնոջ սերունդին վրայ սկսան աւելնալ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէէն սկսեալ։—Յովհաննու 3։3, 5. Գաղատացիս 3։16, 29

4. Ծննդոց 3։15–ը ինչպէ՞ս կապ ունի երկիրը դրախտի վերածելու եւ մեղքէ ու մահէ զերծ մարդկութեամբ լեցնելուն հետ։

4 Եդեմի մէջ օձը որպէս խօսնակ գործածուեցաւ անոր կողմէ որու խաբկանքը պատճառ եղաւ որ մարդկութիւնը Դրախտը կորսնցնէ։ Ծննդոց 3։15–ը կը մատնանշէ այն ժամանակին, երբ այդ օձը գործածողը պիտի ջախջախուի։ Ապա դարձեալ Աստուծոյ մարդկային ծառաներուն համար ճամբան պիտի հարթուի, որպէսզի վերաբնակին Դրախտին մէջ, մեղքէ ու մահէ զերծ ըլլալով։ Ի՜նչ ուրախ ժամանակ մը պիտի ըլլայ ասիկա։—Յայտնութիւն 20։1–3. 21։1–5

5. Բանսարկուին հոգեւոր սերունդը ի՞նչ յատկանիշներ ունի։

5 Եդեմի ըմբոստութենէն ետք յառաջ եկան, անհատներ եւ կազմակերպութիւններ, որոնք ճիշդ Բանսարկու Սատանայի յատկանիշները ցուցաբերեցին. ըմբոստութիւն, ստախօսութիւն, զրպարտութիւն եւ մարդասպանութիւն, ինչպէս նաեւ Եհովայի կամքին ու անոր երկրպագուներուն դէմ՝ հակառակութիւն։ Այս յատկանիշները բնորոշեցին Բանսարկուին սերունդը, անոր հոգեւոր որդիները։ Անոնց մէջ կար Կայէնը, որ Աբէլը սպաննեց, երբ Եհովա Աբէլին պաշտամունքին հաճեցաւ, իսկ իր պաշտամունքը՝ մերժեց։ (Ա. Յովհաննու 3։10–12) Նեբրովթ, որու անունն իսկ զինք կը բնորոշէ որպէս ըմբոստ, Եհովայի հակառակ զօրաւոր որսորդ ու կառավարիչ մը եղաւ։ (Ծննդոց 10։9) Ասկէ զատ, անցեալին յաջորդական թագաւորութիւններ եղան, որոնց կարգին էր Բաբելոնը, որոնք Պետական խնամակալութեան ներքեւ եղող կրօնական սուտ կառոյցով, վայրագօրէն հակառակեցան Եհովայի երկրպագուներուն։—Երեմեայ 50։29

«Քու ու Կնոջ Մէջտեղ . . . Թշնամութիւն»

6. Սատանան ի՞նչ կերպերով թշնամութիւն ցոյց տուած է Եհովայի կնոջ հանդէպ։

6 Այս ամբողջ ժամանակի ընթացքին, թշնամութիւն կար Օձին եւ Եհովայի կնոջ, Բանսարկու Սատանային եւ հաւատարիմ հոգեղէն արարածներէ բաղկացած Եհովայի երկնային կազմակերպութեան միջեւ։ Սատանան իր թշնամութիւնը ցոյց տուաւ, երբ անարգեց Եհովան եւ փորձեց Անոր երկնային կազմակերպութիւնը խաթարել, հրապուրելով հրեշտակները որ իրենց բնակավայրը լքեն։ (Առակաց 27։11. Յուդա 6) Անիկա յայտնի եղաւ, երբ Սատանան իր դեւերը գործածեց, փորձելով արգելք հանդիսանալ Եհովայի կողմէ ղրկուած հրեշտակային պատգամաբերներուն։ (Դանիէլ 10։13, 14, 20, 21) Ասիկա աչքառու կերպով բացայայտ եղաւ այս Ի. դարուն, երբ Սատանան ջանաց Մեսիական Թագաւորութիւնը կործանել անոր ծնունդէն իսկ։—Յայտնութիւն 12։1–4

7. Եհովայի հաւատարիմ հրեշտակները ինչո՞ւ թշնամութիւն ցոյց տուին, այլաբանական Օձին հանդէպ, սակայն ի՞նչ ինքնազսպում ցուցաբերեցին։

7 Եհովայի կնոջ՝ հաւատարիմ հրեշտակներու ամբողջութեան կողմէ ալ թշնամութիւն ցոյց տրուեցաւ այլաբանական Օձին հանդէպ։ Սատանան Աստուծոյ բարի անունը զրպարտած էր. ան նաեւ հարցի տակ դրած էր Աստուծոյ իւրաքանչիւր մտացի արարածի՝ մէջը ըլլալով բոլոր հրեշտակներուն՝ ուղղամտութիւնը եւ ամբողջ ոյժով կը փորձէր անոնց հաւատարմութիւնը բեկանել։ (Յայտնութիւն 12։4ա) Հաւատարիմ հրեշտակները, քերովբէներն ու սերովբէները պարզապէս կը զզուէին անկէ, որ ինքզինք Բանսարկու ու Սատանայ ըրած էր։ Սակայն, անոնք Եհովայի սպասեցին, որպէսզի հարցը ի՛ր կերպով եւ ի՛ր յարմար ժամանակին ձեռք առնէր։—Բաղդատել Յուդա 9։

Թշնամութիւն՝ Աստուծոյ Կնոջ Սերունդին Հանդէպ

8. Սատանան որո՞ւ ետեւէն ինկած է։

8 Մինչ այդ, Սատանան ուշադրութեամբ կը փնտռէր կնոջ նախագուշակուած Սերունդը, որ Օձին գլուխը պիտի ջախջախէր, ինչպէս Եհովան ըսած էր։ Երբ երկնքէն հրեշտակը ծանուցանեց թէ Յիսուս, որ Բեթլէհէմ ծնած էր, ‘Փրկիչ ու օծեալ Տէր է’, ասիկա իրապէս հաստատեց որ Ա՛ն պիտի ըլլար կնոջ նախագուշակուած Սերունդը։—Ղուկաս 2։10, 11

9. Յիսուսի ծնունդէն ետք, Սատանան ինչպէ՞ս կատաղի թշնամութիւն ցուցաբերեց։

9 Սատանայի նենգ թշնամութիւնը անմիջապէս երեւան եկաւ, երբ հեթանոս աստղաբաշխները հրապուրեց պաշտօնով մը, որ զիրենք նախ Երուսաղէմի Հերովդէս Թագաւորին առաջնորդեց, ապա՝ Բեթլէհէմի այն տունը, ուր կը գտնուէին Յիսուս եւ իր մայրը՝ Մարիամ։ Անկէ քիչ ետք, Հերովդէս Թագաւոր հրամայեց որ Բեթլէհէմի եւ շրջակայ վայրերուն մէջ գտնուող երկու տարեկան ու անկէ վար եղող բոլոր առու երախաները, սպաննուին։ Ասով, Հերովդէս Սերունդին հանդէպ սատանայական ատելութիւն ցոյց տուաւ։ Հերովդէս շատ լաւ գիտէր որ կը փորձէր խլել կեանքը անոր՝ որ Մեսիան պիտի ըլլար։ (Մատթէոս 2։1–6, 16) Պատմութիւնը կը վկայէ որ Հերովդէս Թագաւոր անխիղճ, խորամանկ եւ մարդասպան էր. ի՛րապէս Օձին սերունդին պատկանող մէկն էր։

10. (ա) Յիսուսի մկրտութենէն ետք, Սատանան ինչպէ՞ս փորձեց խոստացեալ Սերունդին նկատմամբ Եհովայի նպատակը ձախողեցնել։ (բ) Սատանան իր նպատակին հասնելու համար ինչպէ՞ս Հրեայ կրօնական առաջնորդները գործածեց։

10 Հ.Դ. 29–ին Յիսուս սուրբ հոգիով օծուելէն եւ Եհովա երկնքէն հաստատելէ ետք որ ան իր Որդին էր, Սատանան բազմիցս ջանաց Յիսուսը փորձութեան մէջ ձգել, որպէսզի իր Որդւոյն նկատմամբ Եհովայի նպատակը ձախողեցնէր։ (Մատթէոս 4։1–10) Անոր մէջ չյաջողելով, Սատանան դարձեալ մարդկային գործակալներ գործածեց իր նպատակին հասնելու համար։ Յիսուսը վարկաբեկելու համար գործածուած անհատներուն մէջ կը գտնուէին կրօնական կեղծաւոր առաջնորդներ։ Անոնք սուտեր եւ զրպարտութիւն գործածեցին, որոնք Սատանային գործիքներն են։ Երբ Յիսուս անդամալոյծի մը ըսաւ. «Քաջալերուէ՛, . . . քու մեղքերդ քեզի ներուած են», դպիրները առանց սպասելու եւ տեսնելու թէ մարդը արդեօք ի՛րապէս պիտի բժշկուէր թէ ոչ, Յիսուսը հայհոյիչ կոչեցին։ (Մատթէոս 9։2–7) Երբ Յիսուս Շաբաթ օրով անհատներ բուժեց, Փարիսեցիները զինք ամբաստանեցին որպէս Շաբաթի օրէնքը բռնաբարող մը եւ խորհուրդ ըրին որ զինք սպաննեն։ (Մատթէոս 12։9–14. Յովհաննու 5։1–18) Երբ Յիսուս դեւեր հանեց, Փարիսեցիները զինք մեղադրեցին, «դեւերուն Բէեղզեբուղ իշխան»ին հետ կցորդելով զինք։ (Մատթէոս 12։22–24) Ղազարոս մեռելներէն յարուցանուելէ ետք, շատեր հաւատացին Յիսուսի, բայց քահանայապետներն ու Փարիսեցիները դարձեալ խորհուրդ ըրին որ զինք սպաննեն։—Յովհաննու 11։47–53

11. Իր մահէն երեք օր առաջ, Յիսուս որոնք բնորոշեց որպէս Օձին սերունդին մէկ մասը, եւ ինչո՞ւ։

11 Յիսուս անոնց ծրագիրը շատ լաւ գիտնալով հանդերձ, Հ.Դ. 33–ի Նիսան 11–ին, անվախօրէն Երուսաղէմի տաճարը գնաց եւ հոն հանրապէս զանոնք դատապարտեց։ Որպէս խումբ մը, դպիրներն ու Փարիսեցիները իրենց ինչպիսի անհատներ ըլլալը միշտ ցոյց տուած էին. ուստի, Յիսուս ըսաւ. «Վա՜յ ձեզի, կեղծաւոր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ երկնքի թագաւորութիւնը մարդոց առջեւ կը գոցէք ու դուք չէք մտներ եւ մտնողներն ալ չէք թողուր որ մտնեն»։ Յիսուս շեշտակիօրէն ցոյց տուաւ որ անոնք Օձին սերունդին մաս կը կազմէին, ըսելով. «Օձե՛ր, իժե՛րու ծնունդներ, ի՞նչպէս պիտի փախչիք գեհենին դատապարտութենէն»։ (Մատթէոս 23։13, 33) Անոր գործածած արտայայտութիւնները կը յիշեցնէին Ծննդոց 3։15–ի մարգարէութիւնը։

12, 13. (ա) Քահանայապետներն ու դպիրները իրենց հոգեւոր հօր ինքնութեան մասին, ի՞նչ յաւելեալ ապացոյց տուին։ (բ) Ո՞վ անոնց միացաւ։ (գ) Ծննդոց 3։15–ի առ ի կատարում, կնոջ Սերունդին գարշապարը ինչպէ՞ս խայթուեցաւ։

12 Երբ Յիսուսի խօսքերը լսեցին անոնք խղճահարուելով Աստուծոյ ողորմութիւնը հայցեցի՞ն։ Իրենց ամբարշտութեան համար զղջացի՞ն։ Ո՜չ։ Մարկոս 14։1–ը կը տեղեկագրէ որ յաջորդ օրն իսկ, քահանայապետին գաւիթին մէջ գումարուած ժողովին, «քահանայապետներն ու դպիրները կը խորհէին թէ ի՞նչ նենգութեամբ բռնեն [Յիսուսը] ու մեռցնեն»։ Անոնք շարունակեցին Սատանայի ոճրագործ հոգին ցուցաբերել, որու Յիսուս նախապէս նկարագրած էր որպէս մարդասպան։ (Յովհաննու 8։44) Շուտով անոնց միացաւ Իսկարիովտացի Յուդան, որու Սատանան դրդեց որ հաւատուրաց մը դառնայ։ Յուդան Աստուծոյ կնոջ անմեղադրելի Սերունդը ձգեց ու Օձին սերունդին միացաւ։

13 Նիսան 14–ի առաւօտ կանուխ, Հրէական կրօնական ատեանին անդամները Յիսուսը Հռովմէացի կառավարիչին տարին որպէս բանտարկեալ։ Հոն, քահանայապետները իրենք առաջին պոռացողները եղան որ Յիսուս ցցահանուի։ Երբ Պիղատոս հարցուց. «Ձեր թագաւորը խա՞չը հանեմ», քահանայապետներն էին որ պատասխանեցին՝ «Մենք Կայսրէն զատ թագաւոր չունինք»։ (Յովհաննու 19։6, 15) Արդարեւ, անոնք ամէն կերպով փաստեցին որ Օձին սերունդին մաս կը կազմէին։ Բայց անշուշտ անոնք առանձին չէին։ Մատթէոս 27։24, 25–ի ներշնչեալ արձանագրութիւնը հետեւեալ տեղեկագրութիւնը կ’ընէ. «Պիղատոս . . . ջուր առաւ, ձեռքերը լուաց ժողովուրդին առջեւ»։ Ապա ժողովուրդը ըսաւ. «Ատոր արիւնը մեր վրայ ու մեր որդիներուն վրայ ըլլայ»։ Այս կերպով, այդ սերունդէն եղող բազմաթիւ Հրեաներ իրենք զիրենք կցորդեցին Օձին սերունդին։ Այդ օրը աւարտելէ առաջ, Յիսուս մեռաւ։ Իր տեսանելի սերունդը գործածելով, Սատանան Աստուծոյ կնոջ Սերունդին գարշապարը խայթած էր։

14. Կնոջ Սերունդին գարշապարը խայթելը ինչո՞ւ Սատանային համար յաղթանակ չնշանակեց։

14 Սատանան յաղթա՞ծ էր։ Բնա՛ւ երբեք։ Յիսուս Քրիստոս աշխարհին յաղթած եւ անոր իշխանը պարտութեան մատնած էր։ (Յովհաննու 14։30, 31. 16։33) Ան մինչեւ մահ Եհովայի հանդէպ իր ուղղամտութիւնը պահած էր։ Որպէս կատարեալ մարդ իր մահը, Ադամի կողմէ կորսուած կեանքի իրաւունքը վերագնելու համար պահանջուած փրկագինը հայթայթած էր։ Ուստի, ան յաւիտենական կեանքի ճամբան բացաւ անոնց համար, որոնք այդ կարգադրութեան հաւատք պիտի ընծայէին եւ Աստուծոյ պատուիրաններուն պիտի հնազանդէին։ (Մատթէոս 20։28. Յովհաննու 3։16) Եհովա Յիսուսը մեռելներէն յարուցանեց երկնքի մէջ՝ անմահ կեանքի համար։ Եհովայի յարմար ժամանակին, Յիսուս պիտի բնաջնջէ Սատանան։ Ծննդոց 22։16–18–ի մէջ նախագուշակուած է որ Եհովա իր հաճութիւնը պիտի տայ երկրի այն բոլոր ընտանիքներուն, որոնք հարկ եղած քայլերը կ’առնեն այդ հաւատարիմ Սերունդին միջոցաւ իրենք զիրենք օրհնելու համար։

15. (ա) Յիսուսի մահուընէ ետք, իր առաքեալները ինչպէ՞ս շարունակեցին Օձին սերունդը քօղազերծել։ (բ) Օձին սերունդը ի՞նչ յաւելեալ թշնամութիւն ցուցաբերած է մինչեւ օրս։

15 Յիսուսի մահուընէ ետք, հոգիէն օծուած Քրիստոնեաները շարունակեցին իրենց Տիրոջ նման Օձին սերունդը քօղազերծել։ Սուրբ հոգիէն մղուած, Պօղոս առաքեալ զգուշացուց «անօրէնութեան մարդ»ուն դէմ, որու ներկայութիւնը «Սատանային ազդեցութիւնով» պիտի ըլլար։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։3–10) Յայտնի եղաւ որ այս բաղադրեալ «մարդ»ը՝ Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերներն են։ Օձին սերունդը, իր կարգին, վայրագօրէն Յիսուս Քրիստոսի հետեւորդները հալածեց։ Յայտնութիւն 12։17–ի մարգարէութեան մէջ, Յովհաննէս առաքեալ նախագուշակեց որ Սատանան պիտի շարունակէր պատերազմիլ Աստուծոյ կնոջ սերունդին մնացորդին դէմ, մինչեւ օրս։ Ճիշդ այս է որ տեղի ունեցած է։ Բազմաթիւ երկիրներու մէջ Եհովայի Վկաները արգիլուած, խուժանային յարձակումի ենթարկուած, բանտարկուած կամ կեդրոնացման ճամբարներու մէջ նետուած են, Աստուծոյ Թագաւորութեան եւ անոր արդար ճամբաներուն հանդէպ իրենց բռնած հաստատ դիրքին պատճառաւ։

Օձի Սերունդին Արդի Քօղազերծումը

16. Արդի ժամանակներուն, որո՞նք քօղազերծուած են որպէս Օձին սերունդին մէկ մասը, եւ ինչպէ՞ս։

16 Յիսուս Քրիստոսը ընդօրինակելով, ճշմարիտ Քրիստոնեաները անվախօրէն շարունակած են քօղազերծել Օձը եւ անոր սերունդը։ 1917–ին, Աստուածաշունչի Աշակերտները՝ ինչպէս կը կոչուէին Եհովայի Վկաները այն ատեն՝ Կատարուած Խորհուրդը խորագրով գիրք մը հրատարակեցին, որու մէջ անոնք մերկացուցին Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերներուն կեղծաւորութիւնը։ 1924–ին, ասոր յաջորդեց տպուած որոշում մը, որու վերնագիրն էր՝ Եկեղեցականները Ամբաստանուած։ Համայն աշխարհի մէջ յիսուն միլիոն օրինակներ բաշխուեցան։ 1937–ին, Ժ. Ֆ. Ռատըրֆորտ, Դիտարանի Ընկերութեան այդ ատենուան նախագահը, «Քօղազերծուած» եւ, «Կրօնքը ու Քրիստոնէութիւնը» խորագրով դասախօսութիւններով, Սատանայի սերունդը ուժգնօրէն քօղազերծեց։ Յաջորդ տարին, մինչ զանազան երկիրներու մէջ 50 համագումարներու ունկնդիրներ մտիկ կ’ընէին, ան Լոնտոնէն անթել հեռաձայնով՝ «Իրողութիւնները Դիմագրաւեցէք» խորագրով դասախօսութիւնը ներկայացուց։ Ամիս մը ետք, Միացեալ Նահանգներու մէջ ձայնասփիւռի բազմաթիւ կայաններ միաժամանակ սփռեցին «Ֆաշիստականութիւն կամ Ազատութիւն» խորագրով դասախօսութիւնը։ Ասոնց վրայ աւելցուեցան Թշնամիներ եւ Կրօնք գրքերուն, ինչպէս նաեւ Երեւան Հանուած գրքոյկին կատարած ուժգին քօղածերծումը։ 1920–ական թուականներէն ի վեր հրատարակուած բաներուն հետ ներդաշնակ ըլլալով, Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է խորագրով գիրքը,a որ ներկայիս 65 լեզուներով հրատարակուած է, քաղաքական ապականած առաջնորդները եւ ագահ, սկզբունք չունեցող առեւտրականները կը բնորոշէ որպէս Օձին տեսանելի սերունդին կարեւոր մէկ հատուածը։ Երբ քաղաքական առաջնորդներ իրենց հպատակները մոլորեցնելու համար կրկնակիօրէն ստութեան կը դիմեն, արեան սրբութեան հանդէպ յարգանք ցոյց չեն տար եւ կը հարստահարեն Եհովայի ծառաները (այսպիսով ցոյց տալով որ Աստուծոյ կնոջ սերունդին հանդէպ ատելութիւն ունին), անոնք վստահաբար իրենք զիրենք կը բնորոշեն որպէս Օձին սերունդին մէկ մասը։ Նոյնը կարելի է ըսել ապօրինի վաճառականութեամբ զբաղողներու մասին, որոնք առանց խղճահարուելու նիւթական շահու համար կը ստեն եւ որոնք բաներ կը շինեն կամ կը ծախեն, քաջ գիտնալով որ անոնք հիւանդութիւններ կը յառաջացնեն։

17. Կարկառուն անհատներու համար տակաւին աշխարհի դրութենէն դուրս գալու ի՞նչ պատեհութիւն կայ։

17 Աշխարհային կրօնքներուն, քաղաքականութեան կամ վաճառականութեան միջամուխ եղած ամէն անհատ Օձին սերունդին մաս կազմողներ պիտի չնկատուին։ Այդ մարդոցմէ եւ կիներէն ոմանք կը հիանան Եհովայի Վկաներուն վրայ։ Անոնք իրենց հեղինակութիւնը կը գործածեն անոնց օգնելու համար եւ ժամանակի ընթացքին ճշմարիտ պաշտամունքը կ’որդեգրեն։ (Բաղդատել Գործք 13։7, 12. 17։32–34։) Բոլոր այսպիսի անհատներու հետեւեալ հրաւէրը կը տրուի. «Ուստի հիմա, ո՛վ թագաւորներ, մտքերնիդ առէք, երկրի՛ դատաւորներ, խրատուեցէ՛ք։ Երկիւղով ծառայեցէ՛ք Տէրոջը, ու դողալով անկէ վախցէ՛ք։ Որդին համբուրեցէք՝ որպէսզի չբարկանայ ու ճամբուն մէջ չկորսուիք, երբ անոր բարկութիւնը քիչ մը բորբոքի։ Երանի՜ այն ամենուն որոնք անոր կը յուսան»։ (Սաղմոս 2։10–12) Արդարեւ, Եհովայի հաճութիւնը փափաքողներուն համար կենսական է որ հիմա գործի անցնին, երկնաւոր Դատաւորը յանկարծ պատեհութեան դուռը գոցելէն առաջ։

18. Կնոջ սերունդին մէկ մասը չըլլալով հանդերձ, որո՞նք ալ Եհովան պաշտողներ են։

18 Միայն անոնք որոնք երկնային Թագաւորութիւնը պիտի կազմեն, Կնոջ սերունդին կը պատկանին։ Անոնք թիւով քիչ են։ (Յայտնութիւն 7։4, 9) Սակայն, ուրիշ մեծ բազմութիւն մը կայ, այո, միլիոնաւորներ, որոնք որպէս Եհովան պաշտողներ, կը յուսան դրախտային երկրի մը վրայ յաւիտեան ապրիլ։ Անոնք թէ՛ խօսքով եւ թէ գործով Եհովայի օծեալներուն կ’ըսեն. «Ձեզի հետ երթանք, քանզի լսեցինք թէ Աստուած ձեզի հետ է»։—Զաքարեայ 8։23

19. (ա) Բոլոր մարդիկ ի՞նչ ընտրութիւն պէտք է ընեն։ (բ) Յատկապէս որո՞նց անկեղծ հրաւէր կը տրուի որ իմաստութեամբ վարուին, մինչ տակաւին պատեհութիւն կայ։

19 Հիմա բոլոր մարդոց համար ընտրութիւն մը ընելու ժամանակն է։ Կ’ուզե՞ն Եհովան պաշտել եւ անոր գերիշխանութիւնը պաշտպանել. թէ ոչ թոյլ պիտի տան որ Սատանան իշխէ իրենց վրայ, անոր հաճելի եղած բաները ընելով։ Ամէն ազգերէն հինգ միլիոնէ աւելի անհատներ դիրք բռնած են Եհովայի կողքին, կնոջ սերունդին մնացորդին՝ Թագաւորութեան ժառանգորդներուն ընկերակցելով։ Ութը միլիոն ուրիշներ հետաքրքրութիւն ցոյց տուած են անոնց հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով կամ անոնց ժողովներուն յաճախելով։ Այս բոլոր անհատներուն, Եհովայի Վկաները կ’ըսեն. Պատեհութեան դուռը տակաւին բա՛ց է։ Առանց երկմտելու դիրք բռնեցէ՛ք Եհովայի կողմը։ Քրիստոս Յիսուսը ընդունեցէք որպէս խոստացեալ Սերունդը։ Եհովայի տեսանելի կազմակերպութեան հետ ուրախութեամբ ընկերակցեցէք։ Կը մաղթենք որ դուք ալ Թագաւոր Քրիստոս Յիսուսի իշխանութեան միջոցաւ բերելիք բոլոր օրհնութիւնները վայելէք։

[Ստորանիշ]

a Հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

Կը յիշէ՞ք

◻ Ծննդոց 3։15–ի մէջ ակնարկուած Օձը ո՞վ է։ Իսկ կինը ո՞վ է։

◻ Օձին սերունդը ի՞նչ բաներով յատկանշուած է։

◻ Յիսուս ինչպէ՞ս Օձին սերունդը քօղազերծեց։

◻ Արդի ժամանակներուն, որո՞նք քօղազերծուած են որպէս Օձին սերունդին մաս կազմողներ։

◻ Ի՞նչ ստիպողական քայլ պահանջուած է Օձին սերունդին մէկ մասը նկատուելէ խուսափելու համար։

[Նկար՝ էջ 7]

Յիսուս կրօնական կեղծաւոր առաջնորդները քօղազերծեց որպէս Օձին սերունդին մաս կազմողներ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել