-
«Համբերութիւնը թող ունենայ իր կատարեալ գործը»Դիտարան (ուսումնասիրական) 2016 | Ապրիլ
-
-
12. Եդեմի պարտէզի քերովբէներուն օրինակէն ի՞նչ կը սորվինք։
12 Քերովբէները։ Անոնք բարձր աստիճանի հրեշտակներ են, եւ առաջին հոգեղէն արարածներն էին որ մարդոց երեւցան։ Անոնց ձգած օրինակը մեզի կը սորվեցնէ, որ մեր ունեցած դժուար նշանակումին մէջ համբերենք։ Եհովան «Եդեմի պարտէզին արեւելեան կողմէն քերովբէներ ու ամէն կողմ դարձող բոցեղէն սուրը դրաւ, կենաց ծառին ճամբան պահելու համար» (Ծն. 3։24)[2]։ Վստահ ենք որ Եհովան քերովբէները այս նպատակին համար չէր ստեղծած, քանի որ գիտենք թէ մեղքը եւ ըմբոստութիւնը Աստուծոյ նպատակին մէկ մասը չէին։ Սակայն Աստուածաշունչին մէջ ո՛չ մէկ տեղ գրուած է, թէ անոնք գանգատեցան կամ զգացին թէ այդ նշանակումը իրենց մակարդակին չէր։ Անոնք չձանձրացան եւ չյանձնուեցան. փոխարէն, հնազանդութեամբ իրենց նշանակումը կատարեցին եւ համբերեցին մինչեւ որ իրենց գործը վերջ գտաւ, թերեւս Ջրհեղեղին ժամանակ՝ աւելի քան 1600 տարի ետք։
-
-
«Համբերութիւնը թող ունենայ իր կատարեալ գործը»Դիտարան (ուսումնասիրական) 2016 | Ապրիլ
-
-
^ [2] (պարբերութիւն 12) Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ քանի՛ քերովբէներ նշանակուած էին այս գործին։
-