Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Նոյի տապանը գտա՞ծ են
    Դիտարան 2009 | Օգոստոս 1
    • Աստուածաշունչը կը յայտնէ, թէ Նոյի տապանը «Արարատ լեռներուն վրայ նստաւ» (Ծննդոց 8։4)։ Արարատի շրջանը կ’ընդգրկէ այն հանրածանօթ գագաթը, որ ներկայիս Արարատ լեռ կը կոչուի եւ կը գտնուի Թուրքիոյ արեւելքը, Հայաստանի եւ Իրանի սահմաններուն մօտ։

      Բազմաթիւ արշաւախումբեր այս շրջանին մէջ Նոյի տապանը փնտռած են ու հետաքրքրաշարժ դաւանութիւններ ըրած են, առանց վճռական ապացոյցներ ներկայացնելու։ Ուշագրաւ օդալուսանկարներ, կուպրով ծեփուած փայտեր եւ տապանը տեսնողներու տեղեկագրութիւններ, շատերը մղած են որ աւելի շօշափելի փաստեր փնտռեն։ Սակայն փնտռտուքը դժուար եղած է։ Յաճախ նշուած հաւանական մէկ վայրը կը գտնուի Արարատ լերան վրայ, շուրջ 4600 մեթր բարձրութեամբ։ Ասկէ զատ, քաղաքական լարուածութեան պատճառաւ, օտար արշաւախումբեր լեռը բարձրանալու օրինական արտօնութիւն միշտ չեն ստանար։

      Այսուհանդերձ, խանդավառ մարդիկ կ’ուզեն որ աւելի արշաւախումբեր վայրը այցելեն։ Անոնք կը հաւատան, թէ տապանին կարգ մը մասերը տակաւին անփոփոխ կերպով կը գտնուին ձիւնածածկ Արարատ լերան վրայ, եւ կը դաւանին թէ միայն այն տարիներուն, որոնց ամառ եղանակը բաւական տաք կ’ըլլայ, հաւանականութիւն կայ տապանը տեսնելու եւ անոր հասնելու։

      Կարգ մը տեղեկագրութիւններ այսպիսի յոյսեր հրահրած են։ Մ.թ. առաջին դարու հրեայ պատմաբան Յովսեպոս կ’ակնարկէ քանի մը նախկին պատմաբաններու, որոնք նշեցին թէ տապանը տակաւին կը տեսնուէր Արարատի շրջանին մէկ բարձունքին վրայ։ Նոյնիսկ ըսուած է, թէ մարդիկ կրնային անոր ձիւթով–ծեփուած փայտերէն յուշանուէր առնել։ Յովսեպոսի ակնարկած անհատներէն մէկն էր՝ Բերոսոս, մ.թ.ա. երրորդ դարու բաբելոնացի ժամանակագիր մը։

      Նախորդ դարուն, ամէնէն հետաքրքրաշարժ մէկ տեղեկագրութեան աղբիւրն էր՝ Ճորճ Յակոբեանը։ Ան պատմեց թէ 1900–ական թուականներուն սկիզբը, երբ տակաւին տղեկ մըն էր, իր ազգականին հետ տապանը այցելեց ու անոր վրայ մագլցեցաւ։ Յակոբեան 1972–ին մահացաւ, բայց իր վկայութիւնը տակաւին շատերը կ’ոգեւորէ ու կը սքանչացնէ։

      Հաւատքի իսկական հի՞մ մը

      Իրապէս հիմ մը կա՞յ հաւատալու, թէ երկրախոյզներ տապանը գտած են կամ պիտի գտնեն։ Թերեւս, բայց այնպէս կը թուի թէ կասկածելու պատճառները աւելի են։ Ազդակներէն մէկը այն է, թէ Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ տապանը ճիշդ ո՛ւր հանգչեցաւ, երբ ջրհեղեղին ջուրերը նահանջեցին։ Անիկա պարզապէս կը նշէ՝ «Արարատ լեռներուն վրայ»։

      Բնական է որ երկրախոյզներ եւ ենթադրութիւն ընողներ իրենց ուշադրութիւնը ուղղեն շրջանի ամենաբարձր գագաթին։ Սակայն Սուրբ Գրութիւնները չեն նշեր, թէ Աստուած կարգադրեց որ տապանը հանգչի Արարատ լերան գագաթին վրայ, որ այսօր ծովու մակերեւոյթէն շուրջ հինգ քիլոմեթր բարձր է։a Մտաբերէ թէ տապանը լերան վրայ հանգչելէ ետք, Նոյ եւ իր ընտանիքը անոր մէջ քանի մը ամիս ապրեցան (Ծննդոց 8։4, 5)։ Նաեւ կը թուի անհաւանական ըլլալ, որ անոնք եւ բազմաթիւ անասունները ստիպուէին լեռնագնացներու նման լեռնագագաթէն իջնել։ Ուստի, այն վայրը՝ ուր տապանը կանգ առաւ, թերեւս աւելի հասանելի էր, քան՝ ինչ որ այժմու երկրախոյզներէն ոմանք կ’երեւակայեն, բայց բաւարար բարձր՝ ըստ Ծննդոց 8։4, 5–ի նկարագրութեան։ Իսկ տապանը Արարատ շրջանին մէջ ո՛ւր որ ալ հանգչած ըլլայ, կարելի չէ՞ որ դարեր առաջ անհետացած է, փտութեան եւ աւարառութեան պատճառով։

  • Նոյի տապանը գտա՞ծ են
    Դիտարան 2009 | Օգոստոս 1
    • a Ներկայ Արարատ լեռը հրաբուխ մըն է, որ 1840–էն ի վեր հանգած է։ Անոր բարձրութիւնը 5165 մեթր է եւ ամբողջ տարուան ընթացքին ձիւնով ծածկուած է։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել