Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Մխիթարութեան համար Եհովայի նայինք
    Դիտարան 1997 | Մարտ 1
    • 5 Այս կերպով, մեղաւոր զոյգը սկսաւ մեռնիլ։ Երբ մահուան վճիռը կ’արձակէր, Աստուած Ադամին նաեւ ըսաւ. «Երկիրը քու պատճառաւդ անիծեա՛լ ըլլայ, կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ նեղութիւնով ուտես անկէ եւ փուշ ու տատասկ բուսցնէ քեզի եւ դաշտին խոտը ուտես»։ (Ծննդոց 3։17, 18) Այսպէս, Ադամ ու Եւա անմշակ երկիրը դրախտի մը վերածելու հեռանկարը կորսնցուցին։ Եդեմէն վռնտուելով, հարկ էր որ անոնք իրենց կորովը կեդրոնացնէին անիծեալ երկրէն իրենց կերակուրը դժուարութեամբ ձեռք ձգելու վրայ։ Անոնցմէ սերած զաւակները, այս մեղաւոր, մահկանացու վիճակը ժառանգելով, մխիթարութեան մեծ կարիք ունեցան։—Հռովմայեցիս 5։12

  • Մխիթարութեան համար Եհովայի նայինք
    Դիտարան 1997 | Մարտ 1
    • 8 Եհովա նպատակադրեց այդ ամբարիշտ աշխարհը կործանել երկրածաւալ ջրհեղեղով մը, սակայն նախ Նոյի պատուիրեց որ կեանքը պահպանելու համար տապան մը շինէ։ Այսպիսով, մարդկային ցեղը ու անասնական տեսակները փրկուեցան։ Ջրհեղեղէն ետք Նոյ ու իր ընտանիքը որքա՜ն ամոքուած ըլլալու էին տապանէն դուրս գալով մաքրուած երկրի մը վրայ։ Որքա՜ն մխիթարական էր տեսնել թէ անէծքը երկրէն վերցուած էր, երկրագործութիւնը շատ աւելի հեշտացնելով։ Իրապէս, Ղամէքի մարգարէութիւնը շիտակ ելաւ, ու Նոյ իր անուան իմաստին համաձայն ապրեցաւ։ (Ծննդոց 8։21) Աստուծոյ հաւատարիմ ծառան ըլլալով, Նոյ մարդկութեան որոշ չափով «մխիթարութիւն» բերելու միջոց մը եղաւ։ Սակայն, Սատանայի ու իր դիւային հրեշտակներուն ազդեցութիւնը Ջրհեղեղով վերջ չգտաւ, եւ մարդկութիւնը կը շարունակէ հառաչել մեղքի, հիւանդութեան ու մահուան բեռին ներքեւ։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել