-
Աբրահամի նման հաւատք մը ունեցէ՛քԴիտարան 2001 | Օգոստոս 15
-
-
10. Աբրամի ու Ղովտի հովիւներուն միջեւ ի՞նչ խնդիր զարգացաւ, եւ ինչո՞ւ կարեւոր էր որ անիկա շուտով լուծուէր։
10 «Աբրամին հետ գացող Ղովտն ալ ոչխարներ ու արջառներ ու վրաններ ունէր։ Այն երկիրը բաւական չէր անոնց, որ մէկտեղ բնակին. քանզի անոնց ստացուածքը շատ ըլլալով՝ չէին կրնար մէկտեղ բնակիլ։ Աբրամին անասուններուն հովիւներուն ու Ղովտի անասուններուն հովիւներուն միջեւ վէճ կ’ըլլար։ Նոյն ատեն Քանանացիներ ու Փերեզացիներ ալ կը բնակէին այդ երկրին մէջ»։ (Ծննդոց 13։5-7) Աբրամի ու Ղովտի հօտերը կերակրելու համար երկիրը բաւարար ջուր ու խոտ չէր հայթայթեր։ Ուստի, հովիւներուն միջեւ կռիւներ եւ դժգոհութիւններ զարգացան։ Այսպիսի բախումներ վայել չէին ճշմարիտ Աստուծոյ երկրպագուներուն համար։ Եթէ այս անիմաստ վէճերը շարունակուէին, մնայուն խրամատ մը պիտի բացուէր։ Ուստի, Աբրամ ի՞նչպէս ձեռք պիտի առնէր այս կացութիւնը։ Ան Ղովտը որդեգրած էր անոր հօր մահէն ետք, թերեւս զայն իր զաւկին պէս մեծցնելով։ Տարիքով Ղովտէն մեծ ըլլալով, Աբրամ լաւագոյնը ընտրելու իրաւասութիւն չունէ՞ր։
11, 12. Աբրամ ի՞նչ վեհանձն առաջարկ մը ըրաւ Ղովտին, եւ Ղովտի ընտրութիւնը ինչո՞ւ անխոհեմ ընտրութիւն մըն էր։
11 Սակայն, «Աբրամ ըսաւ Ղովտին. ‘Կ’աղաչեմ քեզի, իմ ու քու մէջտեղ եւ իմ հովիւներուս ու քու հովիւներուդ մէջտեղ վէճ թող չըլլայ, վասն զի մենք եղբայր ենք։ Բոլոր երկիրը քու առջեւդ չէ՞. կ’աղաչեմ, զատուէ ինծմէ. եթէ դուն ձախ կողմը երթաս, ես աջ կողմը կ’երթամ եւ եթէ աջ կողմը երթաս, ես ձախ կողմը կ’երթամ’»։ Բեթէլի մօտ կը գտնուի ինչ որ կոչուած է «Պաղեստինի ամենէն հոյակապ դիտակներէն մէկը»։ Թերեւս այս վայրէն էր որ «Ղովտ աչքերը վեր վերցուց ու Յորդանանի ամէն կողմը նայեցաւ եւ տեսաւ որ ամէն տեղ ջրարբի էր, Տէրը Սոդոմը ու Գոմորը կորսնցնելէն առաջ մինչեւ Սեգովր Տէրոջը դրախտին կամ Եգիպտոսի երկրին պէս էր»։—Ծննդոց 13։8-10
-
-
Աբրահամի նման հաւատք մը ունեցէ՛քԴիտարան 2001 | Օգոստոս 15
-
-
13. Աբրամի օրինակը ի՞նչպէս կ’օգնէ այն Քրիստոնեաներուն, որոնք դրամական վէճերու մէջ կրնան իյնալ։
13 Սակայն, Աբրամ հաւատք ցուցաբերեց ամբողջ երկիրը ի վերջոյ իր սերունդին սեփականութիւնը ըլլալու Եհովայի խոստումին. ան այդ երկրին մէկ փոքր մասին համար չվիճաբանեցաւ։ Վեհանձնութեամբ վարուելով, ան Ա. Կորնթացիս 10։24–ի մէջ նշուած սկզբունքին համաձայն գործեց. «Չըլլայ որ մէկը միայն իր անձին օգուտը փնտռէ, հապա իր ընկերինն ալ»։ Ասիկա լաւ վերյիշեցում մըն է անոնց համար, որոնք իրենց հաւատակիցներուն հետ դրամական վէճերու կրնան բռնուիլ։ Փոխանակ Մատթէոս 18։15-17–ի խրատին հետեւելու, ոմանք իրենց եղբայրները դատի քաշած են։ (Ա. Կորնթացիս 6։1, 7) Աբրամի օրինակը ցոյց կու տայ թէ աւելի լաւ է դրամական վնաս կրել, քան Եհովայի անուան անարգանք բերել, կամ՝ քրիստոնէական ժողովքին խաղաղութիւնը խանգարել։—Յակոբու 3։18
-