Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • «Կ’երթամ»
    Դիտարան (հանրամատչելի) 2016 | Թիւ 3
    • Երեկոյ մը, ան իր կուժը լեցուցած էր, երբ տարեց մարդ մը հապճեպով իր քով եկաւ ու ըսաւ. «Շնորհք ըրէ, քու սափորէդ ինծի քիչ մը ջուր խմցուր»։ Ի՜նչ համեստ եւ քաղաքավար խնդրանք։ Ռեբեկան անդրադարձաւ որ մարդը երկար ճամբայ կտրած էր, ուստի անմիջապէս իր կուժը ուսէն իջեցուց եւ անոր ո՛չ թէ կում մը տուաւ, հապա՝ բաւարարաչափ պաղ ջուր։ Աղջիկը նկատեց թէ տարեցը ունէր տասը ուղտեր, որոնք մօտակայքը ծնրադրած էին եւ որոնց համար ջրաւազանը տակաւին չէր լեցուած։ Ան նաեւ նկատեց թէ տարեցը բարի աչքերով ուշադրութեամբ զինք կը դիտէր եւ ուզեց կարելի եղածին չափ առատաձեռն գտնուիլ։ Ուստի ըսաւ. «Ուղտերուդ ալ ջուր քաշեմ, մինչեւ ամէնն ալ խմեն» (Ծննդոց 24։17-19)։

      Նկատէ թէ Ռեբեկան չըսաւ որ ջուրէն քիչ մըն ալ ուղտերուն տայ, հապա՝ որ զանոնք խմցնէ միջեւ որ յագենան։ Շատ ծարաւ ուղտ մը կրնայ աւելի քան 95 լիդր ջուր կլլել։ Իսկ եթէ տասը ուղտերն ալ այս աստիճան ծարաւցած էին, ապա Ռեբեկային դիմաց ժամերով գործ կար։ Ըստ երեւոյթին, հաւանական չէ որ ուղտերը չափազանց ծարաւ ըլլայինa։ Բայց երիտասարդուհին ասոր տեղեա՞կ էր երբ այդ առաջարկը ըրաւ։ Ո՛չ։ Ան կ’ուզէր, նոյնիսկ կը տենչար, պէտք եղածին չափ ծանր աշխատիլ, որ այս անծանօթ տարեց մարդուն հիւրասիրութիւն ցուցնէր։ Մարդը ընդունեց առաջարկը եւ ուշի–ուշով դիտեց թէ աղջիկը ինչպէ՛ս վազելով կրկին ու կրկին ջրհորէն ջուր կը քաշէր եւ իր կուժը կը պարպէր աւազանին մէջ (Ծննդոց 24։20, 21)։

      Ռեբեկան Աբրահամի ծառային ուղտերուն ջուր կու տայ

      Ռեբեկան աշխատասէր եւ հիւրասէր աղջիկ մըն էր

  • «Կ’երթամ»
    Դիտարան (հանրամատչելի) 2016 | Թիւ 3
    • a Արդէն երեկոյ էր։ Արձանագրութիւնը տեղ մը չի հասկցներ թէ Ռեբեկան ժամերով ջրհորին քով մնաց։ Ակնարկութիւն մը չկայ, թէ իր ընտանիքը քունի անցած էր երբ տուն վերադարձաւ կամ թէ իր հօրը տունէն մէկը մտահոգուելով իր քովը եկաւ։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել