Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • «Կ’երթամ»
    Դիտարան (հանրամատչելի) 2016 | Թիւ 3
    • Նկատէ թէ Ռեբեկան չըսաւ որ ջուրէն քիչ մըն ալ ուղտերուն տայ, հապա՝ որ զանոնք խմցնէ միջեւ որ յագենան։ Շատ ծարաւ ուղտ մը կրնայ աւելի քան 95 լիդր ջուր կլլել։ Իսկ եթէ տասը ուղտերն ալ այս աստիճան ծարաւցած էին, ապա Ռեբեկային դիմաց ժամերով գործ կար։ Ըստ երեւոյթին, հաւանական չէ որ ուղտերը չափազանց ծարաւ ըլլայինa։ Բայց երիտասարդուհին ասոր տեղեա՞կ էր երբ այդ առաջարկը ըրաւ։ Ո՛չ։ Ան կ’ուզէր, նոյնիսկ կը տենչար, պէտք եղածին չափ ծանր աշխատիլ, որ այս անծանօթ տարեց մարդուն հիւրասիրութիւն ցուցնէր։ Մարդը ընդունեց առաջարկը եւ ուշի–ուշով դիտեց թէ աղջիկը ինչպէ՛ս վազելով կրկին ու կրկին ջրհորէն ջուր կը քաշէր եւ իր կուժը կը պարպէր աւազանին մէջ (Ծննդոց 24։20, 21)։

      Ռեբեկան Աբրահամի ծառային ուղտերուն ջուր կու տայ

      Ռեբեկան աշխատասէր եւ հիւրասէր աղջիկ մըն էր

  • «Կ’երթամ»
    Դիտարան (հանրամատչելի) 2016 | Թիւ 3
    • Ռեբեկան վստահաբար նկատեց թէ մարդը ուշի–ուշով իրեն կը նայէր։ Կարաւանապետը գէշ նայուածքով չէր նայեր. ան պարզապէս հիացմունքով, զարմանքով եւ ուրախութեամբ լեցուած էր։ Երբ Ռեբեկան վերջապէս իր գործը լմնցուց, մարդը իրեն թանկարժէք գոհարներ նուիրեց եւ ապա հարցուց. «Դուն որո՞ւն աղջիկն ես, կ’աղաչեմ, ըսէ՛ ինծի. քու հօրդ տունը մեզի համար գիշերը կենալու տեղ կա՞յ»։ Երբ երիտասարդուհին իր ընտանիքին մասին պատմեց, մարդուն ուրախութիւնը կրկնապատկուեցաւ։ Ռեբեկան թերեւս շատ ոգեւորուած էր, երբ ըսաւ. «Մենք շատ յարդ ու ճարակ ունինք եւ գիշերը կենալու տեղ ալ»։ Ասիկա ընտիր առաջարկ մըն էր, ի մտի ունենալով որ տարեց մարդը ուրիշ ճամբորդակիցներ ալ ունէր։ Անկէ ետք, Ռեբեկան վազելով իրենցմէ յառաջ անցաւ ու գնաց այս անցուդարձը մօրը պատմելու (Ծննդոց 24։22-28, 32)։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել