Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտա20 Մարտ էջ 1-18
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2020)
  • Ենթավերնագիրներ
  • ՄԱՐՏ 2-8
  • ՄԱՐՏ 9-15
  • ՄԱՐՏ 16-22
  • ՄԱՐՏ 23-29
  • ՄԱՐՏ 30–ԱՊՐԻԼ 5
«Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2020)
ժտա20 Մարտ էջ 1-18

Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները

ՄԱՐՏ 2-8

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԾՆՆԴՈՑ 22-23

«Աստուած փորձեց Աբրահամը»

(Ծննդոց 22։1, 2) Այս բաներէն ետքը Աստուած փորձեց Աբրահամը ու ըսաւ անոր. «Ո՛վ Աբրահամ» եւ անիկա ըսաւ. «Ահա հոս եմ»։ 2 Աստուած ըսաւ. «Հիմա քու սիրած մէկ հատիկ որդիդ Իսահակը առ ու Մօրիայի երկիրը գնա՛ եւ հոն զանիկա ողջակէզ ըրէ լեռներէն մէկուն վրայ, որ ես քեզի պիտի ցուցնեմ»։

w12 1/1 23 ¶4-6

Աստուած ինչո՞ւ Աբրահամէն խնդրեց որ իր տղան զոհէ

Աստուած Աբրահամին ըսաւ. «Հիմա քու սիրած մէկ հատիկ որդիդ Իսահակը առ ու. . . զանիկա ողջակէզ ըրէ» (Ծննդոց 22։2)։ Նկատէ թէ Եհովան Իսահակին համար ըսաւ՝ ‘Քու սիրած որդիդ’։ Եհովան գիտէր որ Իսահակ որքա՛ն թանկագին էր Աբրահամին աչքին։ Ան նաեւ գիտէր Ինքը ի՛նչ կը զգար իր Որդիին՝ Յիսուսին հանդէպ։ Եհովան այնքա՜ն կը սիրէր զինք, որ երկու անգամ երկնքէն խօսելով Յիսուսը կոչեց՝ «իմ սիրելի Որդիս» (Մարկոս 1։11. 9։6)։

Ասկէ զատ, Եհովան Աբրահամին «հաճիս» (ՆԱ) ըսաւ երբ այս խնդրանքը ըրաւ։ Ըստ Աստուածաշունչի ուսումնականի մը, ասիկա կը ցուցնէ որ «ՏԷՐԸ կը հասկնայ որ իր խնդրանքը որքա՜ն սուղի պիտի նայի». Աբրահամ որքա՜ն ցաւ պիտի զգար։ Նոյնն է պարագան Եհովային։ Մենք չենք կրնար երեւակայել, որ Եհովան որքա՜ն ցաւ զգաց, մինչ կը դիտէր իր սիրելի Որդին կը չարչարուի եւ կը մահանայ։ Ատիկա անկասկած ամէնէն մեծ ցաւն է որ Ան զգացած է կամ պիտի զգայ։

Ուրեմն, ճիշդ է որ թերեւս շատ զարմանանք որ Եհովան այս բանը խնդրեց Աբրահամէն, բայց պէտք չէ մոռնանք որ Եհովան թոյլ չտուաւ որ այդ հաւատարիմ նահապետը Իսահակը զոհէ։ Ան Աբրահամը խնայեց ամէնէն գէշ կորուստէն, որ ծնողք մը կրնայ ունենալ։ Իսահակը խնայեց մահէն։ Բայց անդին, Եհովան ինքն «իր Որդիին չխնայեց, հապա մեր ամենուն համար մատնեց զանիկա» (Հռովմայեցիս 8։32)։ Ան ինչո՞ւ ինքզինք այսքա՛ն գէշ ցաւի ենթարկեց։ Որպէսզի «ապրինք» (Ա. Յովհաննէս 4։9)։ Ասիկա ի՜նչ զօրաւոր յիշեցում մըն է, որ Եհովան մեզ կը սիրէ։ Չե՞նք մղուիր մենք ալ իրեն հանդէպ մեր սէրը ցուցնելու։

(Ծննդոց 22։9-12) Այսպէս երկուքը մէկտեղ գացին ու հասան այն տեղը, որ Աստուած անոր ըսեր էր։ Աբրահամ հոն սեղան մը շինեց ու փայտերը շարեց եւ իր որդին Իսահակը կապեց ու զանիկա սեղանին փայտերուն վրայ դրաւ։ 10 Աբրահամ իր ձեռքը երկնցուց ու դանակը առաւ, որպէս զի իր որդին մորթէ։ 11 Տէրոջը հրեշտակը երկնքէն կանչեց ու ըսաւ. «Աբրահա՛մ, Աբրահա՛մ»։ Անիկա ըսաւ. «Ահա հոս եմ»։ 12 Հրեշտակը ըսաւ. «Տղուն ձեռք մի՛ դպցներ եւ անոր բան մը մի՛ ըներ. քանզի հիմա գիտցայ թէ Աստուծմէ կը վախնաս. որովհետեւ քու մէկ հատիկ որդիդ ինձմէ չխնայեցիր»։

(Ծննդոց 22։15-18) Տէրոջը հրեշտակը երկրորդ անգամ երկնքէն Աբրահամը կանչեց 16 ու ըսաւ. «‘Իմ անձիս վրայ երդում ըրի’, կ’ըսէ Տէրը, ‘որովհետեւ այս բանը ըրիր ու ինծի համար քու մէկ հատիկ որդիդ չխնայեցիր, 17 քեզ օրհնելով պիտի օրհնեմ ու քու սերունդդ երկնքի աստղերուն ու ծովեզերքը եղող աւազին պէս խիստ պիտի շատցնեմ եւ քու սերունդդ իր թշնամիներուն քաղաքները պիտի ժառանգէ 18 ու երկրի բոլոր ազգերը քու սերունդովդ պիտի օրհնուին, որովհետեւ իմ ձայնիս ականջ դրիր’»։

դ12 10/1 24 ¶6

Աստուծոյ հնազանդելով՝ իր երդուեալ խոստումներէն օգտուէ

6 Եհովա Աստուած եւս երդումներ ըրած է, որպէսզի մեղաւոր մարդկութիւնը կարենայ իր խոստումներուն հանդէպ վստահութիւն ունենալ։ Եհովա երդումներ կ’ընէ հետեւեալին նման արտայայտութիւններ գործածելով՝ «Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան» (Եզեկ. 17։16)։ Աստուածաշունչը կը նշէ աւելի քան 40 անգամ թէ Եհովան երդումներ ըրած է։ Աբրահամին ըրած իր երդումը հանրածանօթ օրինակ մըն է։ Եհովան Աբրահամի կեանքի տեւողութեան բազմաթիւ խոստումներ ըրաւ, որոնցմէ Աբրահամ գիտցաւ որ խոստացեալ Սերունդը իր զաւակէն՝ Իսահակէն՝ պիտի գայ (Ծն. 12։1-3, 7. 13։14-17. 15։5, 18. 21։12)։ Ապա Եհովան Աբրահամը դժուար փորձութեան մը առջեւ դրաւ։ Ան պատուիրեց անոր որ իր սիրելի որդին զոհէ։ Աբրահամ անմիջապէս գործի անցաւ։ Բայց Իսահակը զոհելէ առաջ, հրեշտակ մը զինք կեցուց, եւ Աստուած այս երդումը ըրաւ. «Իմ անձիս վրայ երդում ըրի, կ’ըսէ Տէրը, որովհետեւ այս բանը ըրիր ու ինծի համար քու մէկ հատիկ որդիդ չխնայեցիր, քեզ օրհնելով պիտի օրհնեմ ու քու սերունդդ երկնքի աստղերուն ու ծովեզերքը եղող աւազին պէս խիստ պիտի շատցնեմ եւ քու սերունդդ իր թշնամիներուն քաղաքները պիտի ժառանգէ ու երկրի բոլոր ազգերը քու սերունդովդ պիտի օրհնուին, որովհետեւ իմ ձայնիս ականջ դրիր» (Ծն. 22։1-3, 9-12, 15-18)։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Ծննդոց 22։5) Աբրահամ ըսաւ իր ծառաներուն. «Դուք իշուն հետ հոս կեցէք եւ ես ու տղան մինչեւ հոն երթանք ու երկրպագութիւն ընենք եւ նորէն ձեզի դառնանք»։

դ16.02 11 ¶13

Եհովան զինք իր «բարեկամ»ը կոչեց

13 Ընկերակցող ծառաներէն հեռանալէ առաջ, Աբրահամ ըսաւ. «Դուք իշուն հետ հոս կեցէք եւ ես ու տղան մինչեւ հոն երթանք ու երկրպագութիւն ընենք եւ նորէն ձեզի դառնանք» (Ծն. 22։5)։ Արդեօք ան սո՞ւտ խօսեցաւ, երբ ըսաւ որ Իսահակին հետ պիտի վերադառնար, գիտնալով որ Իսահակը պիտի զոհուէր։ Ո՛չ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ իր մտքին մէջ ի՛նչ կար երբ ասիկա ըսաւ (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։19)։ Աբրահամ «կը մտածէր թէ Աստուած կարող է մեռելներէն ալ Իսահակը յարուցանել»։ Այո, Աբրահամ յարութեան կը հաւատար։ Ան քաջ գիտէր թէ Եհովան ինչպէ՛ս իր եւ իր կնոջ սեռային անդամները վերակենդանացուց (Եբ. 11։11, 12, 18)։ Ան գիտակից էր, որ Եհովային քով անկարելի բան մը չկայ։ Ուստի վստահ էր որ ի՛նչ ալ պատահէր այդ դժուար պահուն, իր սիրելի տղան պիտի վերակենդանանար, որպէսզի Եհովայի բոլոր խոստումները կարենային կատարուիլ։ Ահա՛ թէ ինչու Աբրահամ ‘բոլոր հաւատացողներուն հայրը’ կոչուած է։

(Ծննդոց 22։12) Հրեշտակը ըսաւ. «Տղուն ձեռք մի՛ դպցներ եւ անոր բան մը մի՛ ըներ. քանզի հիմա գիտցայ թէ Աստուծմէ կը վախնաս. որովհետեւ քու մէկ հատիկ որդիդ ինձմէ չխնայեցիր»։

դ17.02 30 ¶1

Հարցումներ՝ ընթերցողներէն

Չորրորդ, Եհովան պէտք չունի առաջուընէ գիտնալու ամէ՛ն ինչ որ մեզի հետ պիտի պատահի։ Անշուշտ, եթէ Եհովան ուզէ՝ կրնայ գիտնալ թէ ապագային ի՛նչ տեղի պիտի ունենայ (Եսա. 46։10)։ Բայց Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ թէ ան չ’ընտրեր գիտնալ ամէ՛ն ինչ որ ապագային պիտի պատահի (Ծն. 18։20, 21. 22։12)։ Եհովան սիրալիր ու արդար ըլլալով՝ կը յարգէ մեր ազատ կամքը որ անձնական որոշումներ առնենք (Բ. Օր. 32։4. Բ. Կոր. 3։17)։

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ

Դասախօսութիւն

it-1 604 ¶5

Արդար սեպուիլ

Աբրահամին հաւատքը իր գործերուն հետ մէկտեղ «իրեն արդարութիւն սեպուեցաւ [հաշուըուեցաւ կամ համարուեցաւ]» (Հռով. 4։20-22)։ Անշուշտ ասիկա չի նշանակեր որ նախաքրիստոնէական ժամանակներուն՝ ինքը եւ ուրիշ հաւատարիմ անհատներ կատարեալ էին կամ մեղք չունէին։ Հապա, քանի որ կը հաւատային «սերունդ»ին նկատմամբ Աստուծոյ խոստումին եւ քանի որ շատ ջանք կ’ընէին որ Աստուծոյ հնազանդին, անոնք անօրէն կամ անարդար չսեպուեցան, ինչպէս որ մնացեալ մարդկութեան պարագան էր (Ծն. 3։15. Սաղ. 119։2, 3)։ Աստուծմէ հեռացած մարդկութեան հետ բաղդատմամբ, Եհովան սիրալիրօրէն սեպեց որ անոնք մեղք չունին (Սաղ. 32։1, 2. Եփ. 2։12)։ Այսպիսով, Աստուած անոնց հաւատքին համար կրնար այդպիսի անկատար մարդոց հետ յարաբերիլ եւ զանոնք օրհնել, առանց իր արդար եւ կատարեալ չափանիշները անտեսելու (Սաղ. 36։10)։ Բայց այդպիսի անհատներ ըմբռնած էին, որ մեղքէն փրկուելու պէտքը ունին եւ Աստուծոյ կը սպասէին որ ազատութեան միջոց մը հայթայթէ (Սաղ. 49։7-9. Եբ. 9։26)։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 106

ԵՐԿՈՒ ԱՌԱԿՆԵՐ ԱՅԳԻՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

ՄԱՏԹԷՈՍ 21։28-46 ՄԱՐԿՈՍ 12։1-12 ՂՈՒԿԱՍ 20։9-19

• ԵՐԿՈՒ ՈՐԴԻՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱԿԸ

• ԱՅԳԻԻՆ ՄՇԱԿՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱԿԸ

Տաճարին մէջ, քահանայապետներն ու ժողովուրդին ծերերը դեռ նոր Յիսուսին հարցուցած են որ ի՛նչ իշխանութեամբ այս բոլոր բաները կ’ընէ։ Եւ Յիսուսին պատասխանը զանոնք լռեցուցած է։ Հիմա, Յիսուս կը պատմէ առակ մը, որ ցոյց կու տայ թէ անոնք ի՛նչ տեսակ մարդիկ են։

Յիսուս կը պատմէ. «Մարդ մը երկու որդի ունէր։ Առաջինին ըսաւ. ‘Որդեա՛կ, գնա՛ այսօր այգիիս մէջ գործէ’։ Անիկա պատասխանեց. ‘Չեմ ուզեր երթալ’։ Բայց ետքը զղջաց ու գնաց։ Հայրը միւսին ալ ըսաւ։ Անիկա պատասխանեց. ‘Կ’երթամ, Տէ՛ր’, սակայն չգնաց։ Հիմա այս երկուքէն ո՞րը իր հօրը կամքը կատարեց» (Մատթէոս 21։28-31)։ Պատասխանը յստակ է. առաջին որդին իր հօր ըսածը ըրաւ։

Յիսուս իր հակառակորդներուն կ’ըսէ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ մաքսաւորներն ու պոռնիկները ձեզմէ առաջ պիտի մտնեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը»։ Մաքսաւորները եւ պոռնիկները սկիզբը Աստուծոյ չծառայեցին, բայց առաջին որդիին նման, անոնք ետքը զղջացին եւ հիմա Աստուծոյ կը ծառայեն։ Անոնց հակապատկերը, կրօնական առաջնորդները, երկրորդ որդիին պէս, կը դաւանին որ Աստուծոյ կը ծառայեն, բայց իրականութեան մէջ չեն ծառայեր։ Յիսուս կ’ըսէ. «Յովհաննէս [Մկրտիչ] արդարութեան ճամբով եկաւ ձեզի եւ դուք անոր չհաւատացիք. բայց մաքսաւորներն ու պոռնիկները անոր հաւատացին եւ դուք տեսաք, սակայն չուզեցիք հաւատալ» (Մատթէոս 21։31, 32)։

Ետքը, Յիսուս ուրիշ առակ մըն ալ կը պատմէ։ Այս անգամ ան ցոյց կու տայ, որ կրօնական առաջնորդները ոչ միայն Աստուծոյ չեն ծառայեր, հապա նաեւ չար են։ Ան կը պատմէ. «Մարդ մը այգի տնկեց, անոր շուրջը ցանկ քաշեց, հնձան փորեց, աշտարակ շինեց եւ զանիկա մշակներու յանձնեց ու ինք օտար երկիր մը գնաց։ Ատենին ծառայ մը ղրկեց մշակներուն, որպէս զի մշակներէն այգիին պտուղէն առնէ։ Իսկ անոնք բռնեցին, ծեծեցին զանիկա, պարապ ճամբեցին։ Նորէն ուրիշ ծառայ մըն ալ ղրկեց անոնց։ Զանիկա քարկոծելով գլուխը վիրաւորեցին ու անարգուած ճամբեցին։ Դարձեալ ուրիշ մը ղրկեց։ Զանիկա սպաննեցին։ Շատ ուրիշներ ալ ղրկեց, որոնցմէ մէկ քանիները ծեծեցին ու մէկ քանիները սպաննեցին» (Մարկոս 12։1-5)։

Յիսուսին մտիկ ընողները պիտի հասկնա՞ն իր առակը։ Անոնք թերեւս յիշեն Եսայիի այս խօսքը. «Զօրքերուն Տէրոջը այգին Իսրայէլի տունն է ու Յուդայի մարդիկը՝ անոր ախորժելի տունկը։ Անիկա իրաւունքի կը սպասէր եւ ահա՝ արիւնահեղութիւն եղաւ» (Եսայի 5։7)։ Յիսուս նոյն գաղափարը կ’ընդգծէ իր առակով։ Այգիին տէրը Եհովան է եւ այգին՝ իսրայէլ ազգը, որ պաշտպանուած է Աստուծոյ Օրէնքով։ Եհովան մարգարէներ ղրկեց, որ իր ժողովուրդին ուղղութիւններ տայ եւ անոնց օգնէ լաւ պտուղ արտադրելու։

Բայց «մշակները» ծառաներուն հետ գէշ կերպով վարուեցան եւ նոյնիսկ սպաննեցին։ Յիսուս կը բացատրէ. «[Այգիին տէրը] սիրելի որդի մըն ալ ունենալով, վերջապէս զանիկա ալ ղրկեց անոնց՝ ըսելով. ‘Թերեւս ամչնան իմ որդիէս’։ Բայց այն մշակները ըսին իրարու. ‘Ասիկա է ժառանգորդը. եկէք զանիկա սպաննենք ու ժառանգութիւնը մերը ըլլայ’։ Բռնեցին զանիկա ու սպաննեցին» (Մարկոս 12։6-8)։

Հիմա Յիսուս կը հարցնէ. «Այգիին տէրը ի՞նչ պիտի ընէ» (Մարկոս 12։9)։ Կրօնական առաջնորդները կը պատասխանեն. «Այն չարերը չարաչար պիտի կորսնցնէ եւ այգին պիտի յանձնէ ուրիշ մշակներու, որոնք պտուղները իրենց ժամանակին պիտի տան իրեն» (Մատթէոս 21։41)։

Այսպէս պատասխանելով՝ անոնք իրենք զիրենք կը դատեն, քանի որ Եհովայի «այգի»ին՝ իսրայէլ ազգին՝ «մշակներ»էն են։ Եհովան այսպիսի մշակներէ կ’ակնկալէ պտուղներ ստանալ։ Այդ պտուղներէն մէկն է, իր Որդիին՝ Մեսիային հանդէպ հաւատք։ Յիսուս ուղղակի կրօնական առաջնորդներուն կը նայի եւ կ’ըսէ. «Այս գիրը չէ՞ք կարդացեր, թէ ‘Այն քարը, որ շինողները անարգեցին, անիկա անկիւնին գլուխը եղաւ. ասիկա Տէրոջմէն եղաւ եւ զարմանալի է մեր աչքերուն’» (Մարկոս 12։10, 11)։ Ետքը Յիսուս իր կէտը կը յստակացնէ. «Ասոր համար կ’ըսեմ ձեզի, թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեզմէ պիտի առնուի ու այնպիսի ազգի մը պիտի տրուի՝ որ անոր պտուղ բերէ» (Մատթէոս 21։43)։

Դպիրներն ու քահանայապետները կ’անդրադառնան, որ Յիսուս «այն առակը իրենց համար ըսաւ» (Ղուկաս 20։19)։ Որեւէ ժամանակէ աւելի, անոնք կ’ուզեն սպաննել զինք, ինք որ իրաւացի «ժառանգորդ»ն է։ Բայց ժողովուրդէն կը վախնան, քանի որ անոնք Յիսուսը մարգարէ կը նկատեն։ Անոր համար անոնք չեն փորձեր այդ ժամանակ Յիսուսը սպաննել։

◇ Յիսուսի առակին մէջի երկու որդիները որո՞նք կը ներկայացնեն։

◇ Երկրորդ առակին մէջ, «այգիին տէրը», «այգին», «մշակները», «ծառաները» եւ «ժառանգորդը», որո՞նք կը ներկայացնեն։

◇ Ի՞նչ ապագայ կը սպասէ «մշակներ»ուն։

ՄԱՐՏ 9-15

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԾՆՆԴՈՑ 24

«Իսահակին համար կին մը ընտրել»

(Ծննդոց 24։2-4) Աբրահամ ըսաւ իր տանը երէց ծառային, որ իր բոլոր ունեցածին վերակացուն էր. «Կ’աղաչեմ քեզի, ձեռքդ իմ երանքիս տակ դիր 3 եւ քեզ երդմնցնեմ Տէրոջմով, որ երկնքի ու երկրի Աստուածն է, որ իմ որդիիս կին չառնես Քանանացիներու աղջիկներէն, որոնց մէջ ես կը բնակիմ. 4 հապա իմ երկիրս ու իմ ազգականներուս երթաս ու իմ որդիիս Իսահակին անկէ կին առնես»։

դհ16.3 14 ¶3

«Կ’երթամ»

Աբրահամ Եղիազարին երդում ընել տուաւ, որ Իսահակին համար քանանացի կին մը չընտրէ։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ քանանացիները ո՛չ կը յարգէին, ոչ ալ կը պաշտէին Եհովա Աստուածը։ Աբրահամ գիտէր թէ Եհովան մտադրած էր յարմար ժամանակին պատժել այդ ժողովուրդը իրենց չար գործերուն համար։ Ան չէր ուզեր որ իր սիրելի տղան՝ Իսահակը, այդ ժողովուրդին հետ ընկերակցէր եւ անոնց անբարոյ վարքէն ազդուէր։ Աբրահամ նաեւ գիտէր, թէ իր տղան որքա՜ն կարեւոր դեր մը ունէր Աստուծոյ խոստումները կատարուելուն մէջ (Ծննդոց 15։16. 17։19. 24։2-4)։

(Ծննդոց 24։11-15) Ուղտերը քաղաքէն դուրս ջրհորի մը քով նստեցուց իրիկուան դէմ՝ կիներուն ջուր քաշելու եկած ատենը 12 եւ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, իմ տիրոջս Աբրահամին Աստուածը, կ’աղաչեմ քեզի, յաջողութիւն տուր ինծի այսօր եւ իմ տիրոջս Աբրահամին բարերարութիւն ըրէ։ 13 Ահա ես ջուրի աղբիւրին քով կը կայնիմ եւ այս քաղաքին բնակիչներուն աղջիկները ջուր հանելու պիտի գան։ 14 Եւ երբ աղջկան մը ըսեմ՝ ‘Շնորհք ըրէ, սափորդ իջեցուր որպէս զի խմեմ’ ու անիկա ըսէ թէ՝ ‘Խմէ ու քու ուղտերուդ ալ խմցնեմ’, անիկա թող ըլլայ քու Իսահակ ծառայիդ համար սահմանածդ եւ ասով գիտնամ թէ իմ տիրոջս բարերարութիւն ըրիր»։ 15 Տակաւին իր խօսքը չլմնցուցած, ահա Աբրահամին եղբօրը Նաքովրին կնոջ Մեղքայի որդիին Բաթուէլի ծնած Ռեբեկան եկաւ, իր ուսին վրայ սափոր մը ունենալով։

դհ16.3 14 ¶4

«Կ’երթամ»

Եղիազար իր հիւրընկալներուն նաեւ պատմեց, թէ երբ Խառանին մօտ գտնուող ջրհորին քով հասաւ, աղօթքով խնդրեց որ Եհովան կին մը զատէր Իսահակին համար։ Ինչպէ՞ս։ Ան Աստուծմէ խնդրեց որ Իր զատած կինը անպայման ջրհորին մօտենայ եւ երբ իրմէ ջուր խնդրուի՝ սիրայօժար կերպով տայ թէ՛ Եղիազարին եւ թէ անոր ուղտերուն (Ծննդոց 24։12-14)։ Եւ ո՞վ էր որ ջրհորին քով եկաւ եւ ճիշդ այս մէկը ըրաւ։ Ռեբեկա՛ն։ Երեւակայէ թէ Ռեբեկան ի՛նչ զգացած ըլլալու էր, եթէ պատահմամբ լսեց Եղիազարին պատմածը։

(Ծննդոց 24։58) Եւ կանչեցին Ռեբեկան ու ըսին անոր. «Այս մարդուն հետ կ’երթա՞ս»։ Անիկա «Կ’երթամ», ըսաւ։

(Ծննդոց 24։67) Իսահակ զանիկա իր մօրը Սառային վրանը տարաւ ու առաւ Ռեբեկան, որ իր կինը եղաւ եւ ինք սիրեց զանիկա։ Ու Իսահակ մխիթարուեցաւ իր մօրը վրայով։

դհ16.3 14 ¶6-7

«Կ’երթամ»

Եղիազար ասկէ շաբաթներ առաջ՝ միեւնոյն հարցը ուղղած էր Աբրահամին, ըսելով. «Գուցէ կինը իմ ետեւէս չգայ»։ Իսկ Աբրահամ պատասխանած էր. «Այն ատեն իմ երդումէս անպարտ պիտի ըլլաս» (Ծննդոց 24։39, 41)։ Բաթուէլի տան անդամներն ալ կարեւորութիւն կու տային Ռեբեկայի նախընտրութեան։ Եղիազար իր յանձնարարութեան յաջողութենէն ա՛յնքան ոգեւորուած էր, որ յաջորդ առաւօտ հարցուց եթէ կրնար Ռեբեկային հետ անմիջապէս Քանան վերադառնալ։ Սակայն Բաթուէլի ընտանիքը ուզեց որ Ռեբեկան գոնէ տասը օր իրենց քով մնայ։ Վերջաւորութեան, անոնք հարցը լուծելու հետեւեալ միջոցը գտան, ըսելով. «Աղջիկը կանչենք ու անոր բերանը փնտռենք» (Ծննդոց 24։57)։

Ահաւասիկ ե՛ւս մէկ հսկայ որոշում Ռեբեկայի կեանքին մէջ։ Ան ի՞նչ պիտի ըսէր։ Արդեօք իր հօրմէն եւ եղբօրմէն պիտի աղաչէ՞ր որ օտար երկիր ճամբորդելուն հետ համաձայն չըլլան, այնպէս մը խօսելով որ անոնց գութը շարժի, թէ ոչ առանձնաշնորհում պիտի սեպէր Եհովայի ուղղած դէպքերուն մէջ բաժին բերել։ Իր պատասխանը ցոյց կու տայ թէ ի՛նչ կը զգար իր կեանքի այս անսպասելի եւ թերեւս մտահոգիչ փոփոխութեան նկատմամբ։ Ան պարզապէս ըսաւ. «Կ’երթամ» (Ծննդոց 24։58)։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Ծննդոց 24։19, 20) Երբ ան խմեց, աղջիկը ըսաւ. «Ուղտերուդ ալ ջուր քաշեմ, մինչեւ ամէնն ալ խմեն»։ 20 Շուտով սափորը աւազանին մէջ պարպեց ու նորէն հորը վազեց ջուր քաշելու եւ անոր բոլոր ուղտերուն համար ջուր քաշեց։

դհ16.3 12-13

«Կ’երթամ»

Երեկոյ մը, ան իր կուժը լեցուցած էր, երբ տարեց մարդ մը հապճեպով իր քով եկաւ ու ըսաւ. «Շնորհք ըրէ, քու սափորէդ ինծի քիչ մը ջուր խմցուր»։ Ի՜նչ համեստ եւ քաղաքավար խնդրանք։ Ռեբեկան անդրադարձաւ որ մարդը երկար ճամբայ կտրած էր, ուստի անմիջապէս իր կուժը ուսէն իջեցուց եւ անոր ո՛չ թէ կում մը տուաւ, հապա՝ բաւարարաչափ պաղ ջուր։ Աղջիկը նկատեց թէ տարեցը ունէր տասը ուղտեր, որոնք մօտակայքը ծնրադրած էին եւ որոնց համար ջրաւազանը տակաւին չէր լեցուած։ Ան նաեւ նկատեց թէ տարեցը բարի աչքերով ուշադրութեամբ զինք կը դիտէր եւ ուզեց կարելի եղածին չափ առատաձեռն գտնուիլ։ Ուստի ըսաւ. «Ուղտերուդ ալ ջուր քաշեմ, մինչեւ ամէնն ալ խմեն» (Ծննդոց 24։17-19)։

Նկատէ թէ Ռեբեկան չըսաւ որ ջուրէն քիչ մըն ալ ուղտերուն տայ, հապա՝ որ զանոնք խմցնէ միջեւ որ յագենան։ Շատ ծարաւ ուղտ մը կրնայ աւելի քան 95 լիդր ջուր կլլել։ Իսկ եթէ տասը ուղտերն ալ այս աստիճան ծարաւցած էին, ապա Ռեբեկային դիմաց ժամերով գործ կար։ Ըստ երեւոյթին, հաւանական չէ որ ուղտերը չափազանց ծարաւ ըլլային։ Բայց երիտասարդուհին ասոր տեղեա՞կ էր երբ այդ առաջարկը ըրաւ։ Ո՛չ։ Ան կ’ուզէր, նոյնիսկ կը տենչար, պէտք եղածին չափ ծանր աշխատիլ, որ այս անծանօթ տարեց մարդուն հիւրասիրութիւն ցուցնէր։ Մարդը ընդունեց առաջարկը եւ ուշի–ուշով դիտեց թէ աղջիկը ինչպէ՛ս վազելով կրկին ու կրկին ջրհորէն ջուր կը քաշէր եւ իր կուժը կը պարպէր աւազանին մէջ (Ծննդոց 24։20, 21)։

դհ16.3 13, ստորանիշ

«Կ’երթամ»

Արդէն երեկոյ էր։ Արձանագրութիւնը տեղ մը չի հասկցներ թէ Ռեբեկան ժամերով ջրհորին քով մնաց։ Ակնարկութիւն մը չկայ, թէ իր ընտանիքը քունի անցած էր երբ տուն վերադարձաւ կամ թէ իր հօրը տունէն մէկը մտահոգուելով իր քովը եկաւ։

(Ծննդոց 24։65) Եւ ըսաւ ծառային. «Դաշտին մէջ դէպի մեզ եկող այդ մարդը ո՞վ է»։ Ծառան ըսաւ. «Իմ տէրս է»։ Ինք քօղը առաւ ու ծածկուեցաւ։

դհ16.3 15 ¶3

«Կ’երթամ»

Ի վերջոյ, հասաւ այն օրը, որուն մասին խօսեցանք այս յօդուածին սկիզբը։ Մինչ կարաւանը Նագեբի շրջանէն կ’անցնէր, Ռեբեկան մթնշաղին տեսաւ երիտասարդ մը, որ դաշտին մէջ քալելով կը մտածէր կամ կը խոկար։ Ան իսկոյն «ուղտէն վար իջաւ»,– թերեւս չսպասելով որ ուղտը ծնրադրէ,– եւ կարաւանապետին հարցուց. «Դաշտին մէջ դէպի մեզ եկող այդ մարդը ո՞վ է»։ Գիտնալուն պէս որ ան Իսահակն է, Ռեբեկան իր քօղը առաւ ու ծածկուեցաւ (Ծննդոց 24։62-65)։ Ինչո՞ւ։ Ակներեւաբար, որպէսզի իր ապագայ ամուսինին հանդէպ իր յարգանքը ցուցնէր։ Ներկայիս, թերեւս ոմանք ըսեն թէ ասիկա յետամնաց վարուելակերպ է։ Բայց իրականութեան մէջ, թէ՛ տղամարդիկ եւ թէ կիներ կրնան դաս մը քաղել Ռեբեկայի խոնարհութենէն։ Չէ՞ որ բոլորս պէտք ունինք այս թանկագին յատկութեան։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 107

ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԿԸ ՀՐԱՄԱՅԷ ՀԱՐՍԱՆԻՔԻՆ ԿԱՆՉԵԼ ՀՐԱՒԻՐՈՒԱԾՆԵՐԸ

ՄԱՏԹԷՈՍ 22։1-14

• ՀԱՐՍԱՆԵԿԱՆ ԿՈՉՈՒՆՔԻՆ ԱՌԱԿԸ

Յիսուսին ծառայութիւնը վերջանալու վրայ է եւ ան կը շարունակէ առակներով մէջտեղ հանել դպիրներուն եւ քահանայապետներուն ի՛նչ տեսակ մարդիկ ըլլալը։ Անոր համար, անոնք կ’ուզեն Յիսուսը սպաննել (Ղուկաս 20։19)։ Բայց Յիսուս ուրիշ առակ մըն ալ կը պատմէ, որպէսզի զանոնք քօղազերծէ.

«Երկնքի թագաւորութիւնը թագաւոր մարդու մը կը նմանի, որ իր որդիին հարսանիք ըրաւ եւ իր ծառաները ղրկեց կանչելու իր որդիին հարսանիքին հրաւիրուածները։ Անոնք չուզեցին գալ» (Մատթէոս 22։2, 3)։ Յիսուս առակին սկիզբը կը նշէ «երկնքի թագաւորութիւնը»։ Ուրեմն, տրամաբանօրէն, «թագաւոր»ը Եհովան է։ Իսկ թագաւորին որդին եւ հարսանիքին հրաւիրուածները որո՞նք են։ Դժուար չէ եզրակացնել թէ թագաւորին որդին Եհովային Որդին է, որ այս առակը կը պատմէ, եւ թէ հրաւիրուածները անոնք են՝ որոնք երկնքի Թագաւորութեան մէջ Որդիին հետ պիտի ըլլան։

Որո՞նք սկիզբը կը հրաւիրուին։ Յիսուս եւ իր առաքեալները որո՞նց կը քարոզէին Թագաւորութեան մասին։ Հրեաներո՛ւն (Մատթէոս 10։6, 7. 15։24)։ Այս ազգը Օրէնքի ուխտը ընդունեց Ք.Ա. 1513–ին, եւ այսպիսով անոնք առաջինները պիտի ըլլային «քահանաներու թագաւորութիւն» մը կազմելու (Ելից 19։5-8)։ Բայց ճիշդ ե՞րբ պիտի կանչուէին «հարսանիքին»։ Տրամաբանական է եզրակացնել, որ անոնք հրաւիրուեցան Ք.Ե. 29–ին, երբ Յիսուս սկսաւ քարոզել երկնքի Թագաւորութեան մասին։

Իսրայէլացիներուն մեծամասնութիւնը ինչպէ՞ս ընդառաջեց հրաւէրին։ Ինչպէս Յիսուս ըսաւ, «անոնք չուզեցին գալ»։ Կրօնական առաջնորդներուն եւ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը չընդունեց Յիսուսը որպէս Մեսիան եւ Աստուծոյ նշանակած Թագաւորը։

Բայց Յիսուս կ’ըսէ որ հրեաներուն նորէն առիթ պիտի տրուէր. «[Թագաւորը] նորէն ուրիշ ծառաներ ղրկեց ու ըսաւ. ‘Ըսէք հրաւիրուածներուն, «Ահա իմ ճաշս պատրաստեցի, զուարակներս ու գէր կենդանիներս մորթուած են եւ ամէն բան պատրաստ է. հարսանիքի եկէք»’։ Բայց անոնք անհոգութիւն ընելով չեկան։ Մէկը իր արտը ու միւսը իր առուտուրին գնաց։ Ուրիշներ անոր ծառաները բռնեցին, նախատեցին ու սպաննեցին» (Մատթէոս 22։4-6)։ Ասիկա պատահեցաւ յետագային, երբ քրիստոնէական ժողովքը կազմուեցաւ։ Այդ ժամանակ, հրեաները դեռ առիթ ունէին Թագաւորութեան մէջ ըլլալու, բայց անոնց մեծամասնութիւնը հրաւէրը մերժեց, նոյնիսկ գէշ կերպով վարուեցաւ ‘թագաւորին ծառաներուն’ հետ (Գործք 4։13-18. 7։54, 57)։

Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Յիսուս կ’ըսէ. «Թագաւորն ալ երբ լսեց՝ բարկացաւ եւ իր զօրքերը ղրկեց ու այն սպաննողները սատկեցուց ու անոնց քաղաքը այրեց» (Մատթէոս 22։7)։ Եւ ասիկա իրապէս տեղի ունեցաւ Ք.Ե. 70–ին, երբ հռոմայեցիները կործանեցին «անոնց քաղաքը»՝ Երուսաղէմը։

Հրեաներուն կողմէ թագաւորին հրաւէրին մերժումը կը նշանակէ՞ որ ուրիշ ո՛չ ոք պիտի հրաւիրուի։ Ըստ Յիսուսի առակին, ո՛չ։ Ան կը շարունակէ ըսել. «Այն ատեն [թագաւորը] իր ծառաներուն ըսաւ. ‘Հարսանիքը պատրաստ է, բայց հրաւիրուածները արժանի չէին։ Ուստի գացէք ճամբաներուն գլուխները եւ ո՛վ որ գտնելու ըլլաք, հարսանիքի հրաւիրեցէք’։ Այն ծառաները ելան ճամբաներուն վրայ ու ո՛վ որ գտան, թէ՛ չար եւ թէ՛ բարի, ամէնքն ալ ժողվեցին ու հարսնետունը հրաւիրուածներով լեցուեցաւ» (Մատթէոս 22։8-10)։

Այդ խօսքերը պիտի կատարուէին յետագային, երբ Պետրոս առաքեալ պիտի սկսէր օգնել ծագումով հրեայ չեղողներուն եւ նորահաւատ չեղողներուն, որպէսզի քրիստոնեաներ ըլլան։ Ք.Ե. 36–ին, հռոմայեցի հարիւրապետ Կոռնելիոս եւ իր ընտանիքը սուրբ հոգին ստացան եւ առիթը ունեցան մտնելու երկնքի Թագաւորութիւնը, որուն մասին Յիսուս խօսեցաւ (Գործք 10։1, 34-48)։

Յիսուս կը յայտնէ, որ ո՛չ բոլոր մարդիկը, որոնք հարսանիքին կու գան, վերջապէս «թագաւոր»ին ընդունելի պիտի ըլլան։ Ան կ’ըսէ. «Թագաւորը երբ մտաւ հարսնեւորները տեսնելու, մարդ մը տեսաւ, որ հարսանիքի հանդերձ հագած չէր, ըսաւ անոր. ‘Ընկե՛ր, ինչո՞ւ համար հոս մտար առանց հարսանիքի հանդերձի’։ Անիկա պապանձեցաւ։ Այն ատեն թագաւորը սպասաւորներուն ըսաւ. ‘Կապեցէ՛ք ասոր ոտքերն ու ձեռքերը, հանեցէ՛ք զանիկա դուրսի խաւարը, հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել’։ Վասն զի կանչուածները շատ են, բայց ընտրուածները քիչ» (Մատթէոս 22։11-14)։

Կրօնական առաջնորդները, որոնք Յիսուսին մտիկ կ’ընեն, չեն ըմբռներ իր բոլոր ըսածներուն իմաստը կամ կիրարկումը, բայց եւ այնպէս իր խօսքերը չեն մարսեր։ Անոր համար անոնք ա՛լ աւելի կը վճռեն ձերբազատուիլ այս անձէն, որ իրենց ի՛նչ տեսակ մարդիկ ըլլալը մէջտեղ կը հանէ։

◇ Յիսուսին առակին մէջ, ո՞վ է «թագաւորը», ո՞վ է «իր որդին» եւ որո՞նք են անոնք՝ որոնք սկիզբը կը հրաւիրուին հարսանիքին։

◇ Հրեաները ե՞րբ կը հրաւիրուին, իսկ ետքը որո՞նք կը հրաւիրուին։

◇ Ի՞նչ կը հասկցուի այն իրողութենէն, թէ կանչուածները շատ են, բայց ընտրուածները՝ քիչ։

ՄԱՐՏ 16-22

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԾՆՆԴՈՑ 25-26

«Եսաւ կը ծախէ իր անդրանկութիւնը»

(Ծննդոց 25։27, 28) Եւ մանուկները մեծցան ու Եսաւ դաշտի մարդ՝ վարպետ որսորդ եղաւ. իսկ Յակոբ՝ հանդարտ բարքով մարդ էր ու վրաններու մէջ կը բնակէր։ 28 Եւ Իսահակ կը սիրէր Եսաւը, վասն զի անոր որսէն կ’ուտէր, բայց Ռեբեկա Յակոբը կը սիրէր։

դ13 5/15 27 ¶6

Իմաստուն որոշումներ առնելով՝ ժառանգութիւնդ պահպանէ

6 Շուրջ 4000 տարի առաջ, Ռեբեկան երկու որդի ծնաւ. Եսաւն ու Յակոբը։ Այս երկուորեակները բնաւորութեամբ եւ գործունէութիւններու ընտրութեան մէջ կը տարբերէին։ «Եսաւ դաշտի մարդ՝ վարպետ որսորդ եղաւ. իսկ Յակոբ՝ հանդարտ բարքով մարդ էր ու վրաններու մէջ կը բնակէր» (Ծն. 25։27)։ Աստուածաշունչի թարգմանիչ՝ Ռապըրթ Ալթըր կը նշէ, թէ «հանդարտ բարք» թարգմանուած եբրայերէն բառը «կ’ակնարկէ ուղղամտութեան կամ նոյնիսկ անմեղութեան»։

(Ծննդոց 25։29, 30) Օր մը երբ Յակոբ ապուր կ’եփէր, Եսաւ դաշտէն եկաւ եւ անօթութենէն կը մարէր։ 30 Եսաւ Յակոբին ըսաւ. «Շնորհք ըրէ, այդ շիկաթանէն տուր որ ուտեմ, քանզի կը մարիմ»։ Անոր համար անոր անունը Եդովմ կոչուեցաւ։

(Ծննդոց 25։31-34) Եւ Յակոբ ըսաւ. «Ծախէ՛ ինծի այսօր քու անդրանկութեանդ իրաւունքը»։ 32 Եսաւ ըսաւ. «Ահա մեռնելու կը մօտենամ եւ անդրանկութենէն ինծի ի՞նչ օգուտ կայ»։ 33 Եւ Յակոբ ըսաւ. «Այսօր ինծի երդում ըրէ»։ Անիկա երդում ըրաւ անոր ու իր անդրանկութեան իրաւունքը ծախեց Յակոբին։ 34 Այն ատեն Յակոբ հաց ու ոսպէ ապուր տուաւ Եսաւին եւ անիկա կերաւ ու խմեց ու ելաւ գնաց։ Այսպէս Եսաւ իր անդրանկութիւնը անարգեց։

դ19.02 16 ¶11

Ինչո՞ւ մեր գնահատանքը արտայայտենք

11 Ցաւօք սրտի, Աստուածաշունչին մէջ նշուած անձերէն ոմանք գնահատանք ցոյց չտուին։ Օրինակ, թէեւ Եսաւին ծնողքը Եհովան կը սիրէին ու կը յարգէին, բայց ան սուրբ բաները չգնահատեց (կարդա՛ Եբրայեցիս 12։16)։ Անոր անշնորհակալ կեցուածքը ինչպէ՞ս յայտնի եղաւ։ Ան իր ծննդեան իրաւունքը ծախեց իր կրտսեր եղբօր՝ Յակոբին, պարզապէս մէկ աման ոսպէ ապուրի համար (Ծն. 25։30-34)։ Յետագային, Եսաւ դառնօրէն զղջաց իր առած որոշումին համար։ Բայց իր ունեցածին համար երախտապարտ չէր եղած, ուստի պատճառ չունէր գանգատելու երբ ծննդեան իրաւունքի օրհնութիւնը չստացաւ։

դ10 6/1 9

Գիտէի՞ր

▪ Նահապետական ժամանակներէն ի վեր, Աստուծոյ ծառաները անդրանիկ տղուն շնորհեցին մասնայատուկ իրաւունքներ։ Հօր մահէն ետք, երիցագոյն որդին ընտանիքին գլուխին պատասխանատուութիւնները կը ստանձնէր։ Ան ընտանիքին հոգ կը տանէր եւ տան մէջ ապրող անդամներուն վրայ հեղինակութիւն ունէր։ Անդրանիկը նաեւ ընտանիքը կը ներկայացնէր Աստուծոյ առջեւ։ Թէեւ բոլոր որդիները ժառանգութիւն մը կը ստանային, բայց անդրանիկին կ’իյնար գլխաւոր ժառանգութիւնը։ Միւս որդիներուն ժառանգած ինչքին հետ համեմատած, անդրանիկը կրկնապատիկ բաժին կը ստանար։

Նահապետներուն օրերուն, երիցագոյն որդին կրնար իր անդրանկութեան իրաւունքը կորսնցնել։ Օրինակ՝ Եսաւ ծննդեան իրաւունքը իր կրտսեր եղբօր ծախեց (Ծննդոց 25։30-34)։ Յակոբ իր անդրանիկ որդիին՝ Ռուբէնին ծննդեան իրաւունքը Յովսէփին փոխանցեց։ Ռուբէն իր անբարոյ վարքին պատճառաւ այս առանձնաշնորհումը կորսնցուց (Ա. Մնացորդաց 5։1)։ Սակայն մովսիսական օրէնքին ներքեւ, մէկէ աւելի կին ունեցող մարդը չէր կրնար ծննդեան իրաւունքին օգուտները փոխանցել մէկ կնոջ անդրանիկէն միւս կնոջ անդրանիկին, պարզապէս քանի որ երկրորդ կինը աւելի կը սիրէր։ Հայրը պէտք էր յարգէր այն իրաւունքը, որ բնականաբար իր անդրանիկին կը պատկանէր (Բ. Օրինաց 21։15-17)։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Ծննդոց 25։31-34) Եւ Յակոբ ըսաւ. «Ծախէ՛ ինծի այսօր քու անդրանկութեանդ իրաւունքը»։ 32 Եսաւ ըսաւ. «Ահա մեռնելու կը մօտենամ եւ անդրանկութենէն ինծի ի՞նչ օգուտ կայ»։ 33 Եւ Յակոբ ըսաւ. «Այսօր ինծի երդում ըրէ»։ Անիկա երդում ըրաւ անոր ու իր անդրանկութեան իրաւունքը ծախեց Յակոբին։ 34 Այն ատեն Յակոբ հաց ու ոսպէ ապուր տուաւ Եսաւին եւ անիկա կերաւ ու խմեց ու ելաւ գնաց։ Այսպէս Եսաւ իր անդրանկութիւնը անարգեց։

(Եբրայեցիս 12։16) Չըլլայ որ մէկը պոռնիկ ըլլայ կամ անսուրբ՝ Եսաւին պէս, որ կերակուրի մը համար իր անդրանկութիւնը ծախեց։

դ17.12 15 ¶4-6

Հարցումներ՝ ընթերցողներէն

Հիմա Եբրայեցիս 12։16–ի խօսքը դարձեալ նկատի առնենք. «Չըլլայ որ մէկը պոռնիկ ըլլայ կամ անսուրբ [«սուրբ բաները չգնահատող», ՆԱ]՝ Եսաւին պէս, որ կերակուրի մը համար իր անդրանկութիւնը ծախեց»։ Հոս, կէտը ի՞նչ էր։

Պօղոս առաքեալ չէր խօսեր Մեսիային նախահայրերուն մասին։ Ան մէկ–երկու նախադասութիւն առաջ քրիստոնեաներուն ըսած էր. «Շիտակ ճամբաներ փնտռեցէ՛ք ձեր ոտքերուն»։ Այսպիսով, անոնք ‘Աստուծոյ շնորհքէն ետ պիտի չմնային’, ինչ որ կրնար պատահիլ, եթէ սեռային անբարոյութիւն գործէին (Եբ. 12։12-16)։ Այդ պարագային, անոնք Եսաւին պիտի նմանէին։ Ան ‘սուրբ բաները չգնահատեց’, եւ բառացիօրէն կեդրոնացաւ ոչ–հոգեւոր բաներու վրայ։

Եսաւ կ’ապրէր նահապետներուն ժամանակ, եւ թերեւս նոյնիսկ ատեններ առանձնաշնորհում ունէր որ զոհեր մատուցանէր, որպէս իր ընտանիքին քահանան (Ծն. 8։20, 21. 12։7, 8. Յոբ 1։4, 5)։ Բայց քանի որ ան հոգեւոր մտայնութիւն չունէր, այսպիսի առանձնաշնորհումներէ վազ անցաւ պնակ մը ապուրի համար։ Թերեւս ան չէր ուզեր որ իր վրայ գար այն չարչարանքը, որ մարգարէացուած էր թէ Աբրահամի սերունդին վրայ պիտի գար (Ծն. 15։13)։ Ան նաեւ ցուցուց որ ոչ–հոգեւոր բաներով հետաքրքրուած էր, երբ երկու հեթանոս կին առաւ եւ իր ծնողքը նեղացուց (Ծն. 26։34, 35)։ Ան շա՜տ տարբեր էր իր եղբօրմէն, որ ջանք թափեց որ ճշմարիտ Աստուածը պաշտող կին մը առնէ (Ծն. 28։6, 7. 29։10-12, 18)։

(Ծննդոց 26։7) Ու այն տեղին մարդիկը հարցուցին անոր իր կնոջ համար եւ անիկա ըսաւ. «Իմ քոյրս է», քանզի «Իմ կինս է» ըսելու վախցաւ։ «Չըլլայ որ», ըսաւ, «այս տեղին մարդիկը զիս մեռցնեն Ռեբեկային համար». վասն զի անիկա տեսքով գեղեցիկ էր։

it-2 245 ¶6

Սուտ

Ճիշդ է որ Սուրբ Գիրքը կը դատապարտէ չարամիտ ստախօսութիւնը, բայց ասիկա չի նշանակեր որ անհատ մը ստիպուած է ճիշդ տեղեկութիւններ տալ մարդոց, որոնց իրաւունքը չէ գիտնալ զանոնք։ Յիսուս այս խրատը տուաւ. «Սուրբ բանը շուներուն մի՛ տաք եւ ձեր մարգարիտները խոզերուն առջեւ մի՛ ձգէք, որպէս զի ոտքերնուն տակ չկոխկռտեն զանոնք ու դառնան ձեզ պատառեն» (Մատթէոս 7։6)։ Այս պատճառով է որ որոշ առիթներով՝ երբ իրեն հարցում հարցուեցաւ, Յիսուս բոլոր տեղեկութիւնները չըսաւ կամ ուղղակի պատասխաններ չտուաւ, որպէսզի անտեղի վնաս չհասնէր մէկու մը (Մատ. 15։1-6. 21։23-27. Յովհ. 7։3-10)։ Նոյն աչքով պէտք է նայինք Աբրահամին, Իսահակին, Ռախաբին եւ Եղիսէին ըրածներուն, երբ սխալ ուղղութիւն տուին կամ բոլոր տեղեկութիւնները չտուին Եհովան չպաշտողներուն (Ծն. 12։10-19. գլուխ 20. 26։1-10. Յես. 2։1-6. Յակ. 2։25. Դ. Թագ. 6։11-23)։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 108

ԱՆՈՆՔ ՉԵՆ ԿՐՆԱՐ ՅԻՍՈՒՍԸ ԾՈՒՂԱԿԸ ՁԳԵԼ

ՄԱՏԹԷՈՍ 22։15-40 ՄԱՐԿՈՍ 12։13-34 ՂՈՒԿԱՍ 20։20-40

• ԿԱՅՍՐԻՆԸ ԿԱՅՍՐԻՆ ՏԱԼ

• ՅԱՐՈՒԹԵՆԷՆ ԵՏՔ ԱՄՈՒՍՆԱՆԱ՞Լ

• ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆՆԵՐԸ

Յիսուսի կրօնական հակառակորդները նեղացած են։ Ան քիչ առաջ առակներով իրենց չար ըլլալը քօղազերծած է։ Հիմա, փարիսեցիները կը ծրագրեն ինչպէ՛ս զինք ծուղակը ձգել։ Անոնք կը փորձեն մղել Յիսուսը, որ ըսէ բան մը՝ որուն պատճառով կրնան զինք մատնել հռոմայեցի կառավարիչին։ Իրենց աշակերտներէն քանի մը հոգիին դրամ կու տան, որպէսզի Յիսուսը ծուղակը ձգեն (Ղուկաս 6։7)։

Անոնք կ’ըսեն. «Վա՛րդապետ, գիտենք որ ճշմարտախօս ես եւ աչառութիւն չես ըներ, հապա ճշմարտութեամբ Աստուծոյ ճամբան կը սորվեցնես։ Օրինաւո՞ր է կայսրին տուրք տալը» (Ղուկաս 20։21, 22)։ Այդ անոյշ խօսքերը Յիսուսը չեն խաբեր, քանի որ գիտէ որ անոնք կեղծաւոր եւ խորամանկ են։ Եթէ ան ըսէ ‘Ոչ, ճիշդ չէ այս տուրքը տալ’, իր հակառակորդները կրնան զինք ամբաստանել, որ Հռոմի դէմ ապստամբութիւն կը հրահրէ։ Իսկ եթէ ըսէ ‘Այո, ճիշդ է այս տուրքը տալ’, ժողովուրդը որ նեղացած է հռոմէական իշխանութենէն, կրնայ իր խօսքերը սխալ հասկնալ եւ իրեն դէմ ելլել։ Յիսուս ի՞նչ կ’ըսէ։

Ան կը պատասխանէ. «Ինչո՞ւ զիս կը փորձէք, կե՛ղծաւորներ, ցուցուցէք ինծի տուրքին դրամը»։ Անոնք դահեկան մը կը բերեն իրեն։ Անոնց կը հարցնէ. «Որո՞ւնն են այս պատկերն ու գիրը»։ Անոնք կը պատասխանեն. «Կայսրին»։ Այն ատեն անոնց ուղղակի կ’ըսէ. «Ուրեմն զայն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ զայն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք» (Մատթէոս 22։18-21)։

Անոնք Յիսուսի խօսքերուն վրայ կը հիանան եւ չեն կրնար անոր պատասխանել ու կը հեռանան։ Բայց օրը դեռ չէ վերջացած, ոչ ալ զինք ծուղակը ձգելու ջանքերը։ Փարիսեցիներուն ջանքերը ձախողելէ ետք, կրօնական ուրիշ խումբի մը առաջնորդները Յիսուսին քով կու գան։

Անոնք սադուկեցիներն են, որոնք կ’ըսեն որ յարութիւն չկայ։ Յիսուսին մօտենալով կը հարցնեն հարցում մը, որ կապ ունի յարութեան եւ տագրամուսնութեան հետ. «Վա՛րդապետ, Մովսէս ըսաւ. ‘Եթէ մէկը առանց զաւակի մեռնելու ըլլայ, անոր եղբայրը առնէ անոր կինը եւ իր եղբօրը զաւակ տայ’։ Արդ եօթը եղբայրներ կային մեր մէջ։ Առաջինը կին առաւ ու մեռաւ։ Զաւակ չունենալուն համար իր կինը ձգեց իր եղբօրը։ Նոյնպէս ալ երկրորդը ու երրորդը՝ մինչեւ եօթներորդը։ Ամենէն ետքը կինն ալ մեռաւ։ Ուրեմն, յարութեան ատեն այն եօթնէն որո՞ւն կինը պիտի ըլլայ. վասն զի ամէնքն ալ զանիկա կին ունեցան» (Մատթէոս 22։24-28)։

Սադուկեցիները Մովսէսին գրութիւնները կ’ընդունին, անոր համար Յիսուս անոնցմէ մէջբերելով կ’ըսէ. «Ատոր համար չէ՞ որ մոլորած էք, որ ո՛չ գրքերը գիտէք եւ ո՛չ Աստուծոյ զօրութիւնը։ Քանզի երբ մեռելներէն յարութիւն առնեն, ո՛չ կին կ’առնեն եւ ո՛չ էրկան կը տրուին, հապա երկնքի հրեշտակներուն պէս կ’ըլլան։ Բայց մեռելներուն համար՝ թէ յարութիւն կ’առնեն, Մովսէսին գրքին մէջ չէ՞ք կարդացեր մորենիին վրայ, ի՛նչպէս Աստուած անոր խօսեցաւ՝ ըսելով. ‘Ես եմ Աբրահամին Աստուածը եւ Իսահակին Աստուածը ու Յակոբին Աստուածը’։ Անիկա մեռելներուն Աստուածը չէ, հապա կենդանիներուն. ուրեմն դուք խիստ մոլորած էք» (Մարկոս 12։24-27. Ելից 3։1-6)։ Ժողովուրդը կը զարմանայ անոր պատասխանին վրայ։

Յիսուս թէ՛ փարիսեցիները եւ թէ սադուկեցիները կը պապանձեցնէ։ Հիմա այս երկու հակառակորդ խումբերը կը միանան Յիսուսը նորէն փորձելու համար։ Դպիր մը կը հարցնէ. «Վա՛րդապետ, ո՞ր պատուիրանքը մեծ է օրէնքին մէջ» (Մատթէոս 22։36)։

Յիսուս կը պատասխանէ. «Բոլոր պատուիրանքներուն առաջինը այս է. ‘Լսէ՛, ո՛վ Իսրայէլ, մեր Տէր Աստուածը մէկ Տէր է. եւ քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ’։ Ասիկա է առաջին պատուիրանքը։ Ու երկրորդը ասոր նման. ‘Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս’. ասոնցմէ մեծ ուրիշ պատուիրանք չկայ» (Մարկոս 12։29-31)։

Յիսուսին պատասխանը լսելով՝ դպիրը կ’ըսէ. «Աղէկ, վա՛րդապետ, շիտակ խօսեցար թէ Աստուած մէկ է եւ անկէ զատ ուրիշ մը չկայ. եւ բոլոր սրտով ու բոլոր մտքով եւ բոլոր անձով ու բոլոր զօրութիւնով զանիկա սիրելը ու ընկերը իր անձին պէս սիրելը ամէն ողջակէզներէ ու զոհերէ աւելի է»։ Յիսուս տեսնելով որ դպիրը խելացութիւնով պատասխան տուաւ, կ’ըսէ անոր. «Աստուծոյ թագաւորութենէն հեռու չես» (Մարկոս 12։32-34)։

Երեք օրէ ի վեր (նիսան 9, 10 եւ 11) Յիսուս տաճարին մէջ կը սորվեցնէ։ Ոմանք, ինչպէս այս դպիրը, հաճոյքով իրեն մտիկ ըրին։ Բայց նոյնը կարելի չէ ըսել կրօնական առաջնորդներուն մասին, որոնք այլեւս ‘չէին համարձակեր անոր բան մը հարցնել’։

◇ Փարիսեցիները ինչպէ՞ս կը փորձեն Յիսուսը ծուղակը ձգել, բայց արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ։

◇ Երբ սադուկեցիները կը փորձեն Յիսուսը ծուղակը ձգել, ան ի՞նչ կը պատասխանէ։

◇ Դպիրի մը հարցումին պատասխանելու ատեն, Յիսուս ի՞նչ շատ կարեւոր կէտ մը կը շեշտէ։

ՄԱՐՏ 23-29

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԾՆՆԴՈՑ 27-28

«Յակոբ կը ստանայ իր իրաւունքը եղող օրհնութիւնը»

(Ծննդոց 27։6-10) Ռեբեկա իր որդիին Յակոբին ըսաւ. «Ահա ես լսեցի, երբ քու հայրդ քու եղբօրդ Եսաւին խօսեցաւ ու ըսաւ. 7 ‘Ինծի որս բեր ու ինծի խորտիկներ պատրաստէ, որպէս զի ուտեմ ու մեռնելէս առաջ քեզ Տէրոջը առջեւ օրհնեմ’։ 8 Հիմա, որդեակ իմ, ինչ որ ես քեզի պատուիրեմ, իմ խօսքս մտիկ ըրէ։ 9 Հիմա դէպի հօտը գնա՛ ու անկէ ինծի երկու աղէկ ուլ բեր այծերէն եւ անոնցմէ քու հօրդ համար խորտիկներ պատրաստեմ իր սիրածին պէս 10 ու հօրդ տար, որ ուտէ եւ իր մեռնելէն առաջ քեզ օրհնէ»։

դ13 5/15 27 ¶9

Իմաստուն որոշումներ առնելով՝ ժառանգութիւնդ պահպանէ

9 Տարիներ ետք, երբ Իսահակ խորհեցաւ որ մեռնելու վրայ էր, Ռեբեկան կարգադրութիւններ ըրաւ որ Յակոբ իրապէս ստանայ այն ծննդեան իրաւունքը, որ Եսաւ անոր ծախած էր։ Երբ Եսաւ գիտակցեցաւ որ յիմար ընտրութիւն մը ըրած էր իր ծննդեան իրաւունքը ծախելով, Իսահակի աղաչեց. «Զի՛ս, զի՛ս ալ օրհնէ, ո՜վ հայր իմ. . . Ինծի համար օրհնութիւն մը չթողուցի՞ր»։ Երբ Իսահակ ըսաւ որ ա՛լ չէր կրնար փոխել այն օրհնութիւնը որ արդէն Յակոբի տուած էր, «Եսաւ իր ձայնը վերցուց ու լացաւ» (Ծն. 27։30-38)։

պհ պատմ. 17 ¶5

Իրարմէ տարբեր երկուորեակներ

Օր մը բան մը պատահեցաւ, որու համար Եսաւ շատ բարկացաւ իր եղբօրմէն՝ Յակոբէն։ Ժամանակը եկաւ որ Իսահակ օրհնութիւն մը տար իր անդրանիկ որդւոյն։ Քանի որ Եսաւ Յակոբէն աւելի մեծ էր, ան կ’ակնկալէր որ ինք պիտի ստանար այս օրհնութիւնը։ Սակայն Եսաւ նախապէս Յակոբի ծախած էր այս օրհնութիւնը ստանալու իր անդրանկութեան իրաւունքը։ Նաեւ, երբ երկու տղաքը ծնան, Աստուած ըսած էր որ Յակոբ պիտի ստանար օրհնութիւնը։ Իրապէս ալ այդպէս եղաւ։ Իսահակ իր Յակոբ որդւոյն տուաւ օրհնութիւնը։

(Ծննդոց 27։18, 19) Յակոբ իր հօրը գնաց ու ըսաւ. «Ո՛վ հայր իմ»։ Անիկա ըսաւ. «Ահա հոս եմ. ո՞վ ես դուն, որդեակ իմ»։ 19 Ու Յակոբ իր հօրը ըսաւ. «Ես քու անդրանիկ որդիդ Եսաւն եմ, ինծի ըսածիդ պէս ըրի։ Շնորհք ըրէ՛, ելի՛ր, նստէ՛ եւ իմ որսէս կեր, որպէս զի քու հոգիդ զիս օրհնէ»։

w07 10/1 31 ¶2-3

Հարցումներ՝ ընթերցողներէն

Սուրբ Գիրքը մեզի բոլոր մանրամասնութիւնները չի տար, թէ ինչո՛ւ Ռեբեկան եւ Յակոբը այդպէս վարուեցան, թէեւ կը յայտնէ որ պարագան յանկարծ ծագեցաւ։ Պէտք է մեր միտքը պահենք որ Աստուծոյ Խօսքը ո՛չ կ’արդարացնէ ոչ ալ կը դատապարտէ Ռեբեկային եւ Յակոբին ըրածը, եւ այսպիսով չենք կրնար որպէս օրինակ գործածել անոնց ըրածը։ Բայց Սուրբ Գիրքը կարգ մը բաներ յստակ կը դարձնէ այս հարցին մէջ։

Առաջին, պատմութիւնը կը յայտնէ որ Յակոբ իրաւունքը ունէր իր հօր օրհնութիւնը ստանալու, բայց Եսաւ չունէր։ Ինչո՞ւ։ Այդ դէպքէն առաջ, Յակոբ անդրանկութեան իրաւունքը օրինապէս գնած էր իր երկուորեակ եղբօրմէն, որ այդ իրաւունքը չգնահատելով՝ կերակուրի մը համար ծախած էր զայն։ Եսաւ «իր անդրանկութիւնը անարգեց» (Ծն. 25։29-34)։ Ուրեմն երբ Յակոբ իր հօր գնաց օրհնութիւն ստանալու, իրականութեան մէջ կը խնդրէր բան մը որ իր իրաւունքն էր։

(Ծննդոց 27։27-29) Անիկա մօտեցաւ ու համբուրեց զանիկա եւ Իսահակ հանդերձին հոտը հոտուըտաց ու օրհնեց զանիկա եւ ըսաւ. «Ահա իմ որդիիս հոտը Տէրոջը օրհնած արտին հոտին պէս է։ 28 Ուստի Աստուած տայ քեզի երկնքի ցօղէն ու երկրի պարարտութենէն եւ ցորենի ու գինիի առատութիւն. 29 թող ժողովուրդներ քեզի ծառայեն եւ ազգեր քեզի խոնարհութիւն ընեն. քու եղբայրներուդ տէրը եղիր եւ քու մօրդ որդիները քեզի խոնարհութիւն ընեն. քեզ անիծողը անիծեալ ըլլայ ու քեզ օրհնողը՝ օրհնեալ»։

it-1 341 ¶6

Օրհնութիւն

Նահապետներուն ժամանակ, առաջ որ ընտանիքին հայրը մեռնէր՝ իր տղաները կ’օրհնէր։ Ասիկա շատ կարեւոր էր։ Օրինակ, Իսահակ օրհնեց Յակոբը, կարծելով որ ան իր անդրանիկ տղան՝ Եսաւն էր։ Իսահակ Եսաւէն առաջ զինք օրհնեց՝ իր հաճութիւնը արտայայտելով անոր եւ յաջողութիւն մաղթելով իրեն։ Քա՛նի որ Իսահակ կոյր եւ ծերացած էր, անկասկած ան Եհովայէ՛ն էր որ խնդրեց որ իր այս օրհնութիւնը կատարէր (Ծն. 27։1-4, 23-29. 28։1, 6. Եբ. 11։20. 12։16, 17)։ Յետագային, Իսահակ գիտակցաբար հաստատեց եւ ընդլայնեց օրհնութիւնը (Ծն. 28։1-4)։ Առաջ որ Յակոբ մահանայ, նախ օրհնեց Յովսէփին երկու տղաները, ետքը ինքն ի՛ր տղաները (Ծն. 48։9, 20. 49։1-28. Եբ. 11։21)։ Նոյն կերպով, Մովսէս առաջ որ մահանայ, ամբողջ իսրայէլ ազգը օրհնեց (Բ. Օր. 33։1)։ Արդիւնքները կը ցուցնեն որ բոլոր այս պարագաներուն՝ ըսուած օրհնութիւնները մարգարէութիւններ էին։ Ատեններ, երբ օրհնութիւն պիտի տրուէր, օրհնութիւն տուողը իր ձեռքը կը դնէր օրհնութիւն ստացողին գլխուն վրայ (Ծն. 48։13, 14)։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Ծն. 27։46–28։2) Եւ Ռեբեկա ըսաւ Իսահակին. «Քետի աղջիկներուն պատճառաւ հոգիէս զզուեր եմ. եթէ Յակոբ այս երկրին աղջիկներէն, ասոնց պէս Քետի աղջիկներէն, կին առնէ, ալ այս կեանքս ի՞նչ պէտք է ինծի»։

28 Իսահակ կանչեց Յակոբը, օրհնեց զանիկա եւ անոր պատուիրեց ու ըսաւ. «Քանանի աղջիկներէն կին մի՛ առներ։ 2 Ելի՛ր, դէպի Միջագետք քու մօրդ հօրը Բաթուէլին տունը գնա եւ անկէ քու մօրդ եղբօրը Լաբանին աղջիկներէն քեզի կին առ»։

դ07 5/1 26 ¶16

Մի՛ զատէք ինչ որ Աստուած իրարու միացուցած է

16 Հեզ ու հանդարտ հոգի ունենալը չի նշանակեր թէ Քրիստոնեայ կինը տեսակէտներ չունի կամ անոր գաղափարները կարեւոր չեն։ Վաղեմի բարեպաշտ կիները, ինչպէս Սառա եւ Ռեբեկա, նախաքայլը առին հարցերու շուրջ իրենց մտահոգութիւնը յայտնելու, եւ Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ թէ Եհովա անոնց ընթացքին հաճեցաւ։ (Ծննդոց 21։8-12. 27։46–28։4) Քրիստոնեայ կիները նոյնպէս կրնան իրենց զգացումները յայտնել։ Սակայն անոնք ասիկա պէտք է ընեն փափկանկատօրէն եւ ո՛չ թէ նուաստացուցիչ ոճով, ինչ որ պիտի մղէ իրենց ամուսինները աւելի նպաստաւոր կերպով ընդառաջելու։

(Ծննդոց 28։12, 13) Երազ մը տեսաւ։ Սանդուխ մը երկրի վրայ դրուած էր, որուն գլուխը երկինք կը հասնէր եւ ահա Աստուծոյ հրեշտակները անկէ կ’ելլէին ու կ’իջնէին։ 13 Եւ ահա Տէրը կայնեցաւ անոր վրայ ու ըսաւ. «Ես եմ Եհովան, քու հօրդ Աբրահամին Աստուածը ու Իսահակին Աստուածը։ Այդ երկիրը, որուն վրայ դուն կը պառկիս, քեզի ու քու սերունդիդ պիտի տամ»։

դ04 2/1 25 ¶12

Ծննդոց գիրքէն աչքառու կէտեր՝ Բ. մաս

28:12, 13—Ի՞նչ էր Յակոբի «սանդուխ»ի երազին իմաստը։ Այս «սանդուխը», որ թերեւս քարերէ կազմուած աստիճանի երեւոյթ ունէր, ցոյց տուաւ որ երկրի ու երկինքի միջեւ հաղորդակցութիւն կայ։ Անոր վրայ Աստուծոյ հրեշտակներուն ելլելն ու իջնելը ցոյց տուաւ որ անոնք կարեւոր կերպով մը ծառայութիւն կ’ընեն Եհովայի եւ իր հաճութիւնը ունեցող մարդոց միջեւ։—Յովհաննու 1։51

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 109

ՅԻՍՈՒՍ ԻՐ ՀԱԿԱՌԱԿՈՐԴՆԵՐԸ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ

ՄԱՏԹԷՈՍ 22։41–23։24 ՄԱՐԿՈՍ 12։35-40 ՂՈՒԿԱՍ 20։41-47

• ՔՐԻՍՏՈՍԸ ՈՐՈ՞ՒՆ ՈՐԴԻՆ Է

• ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ՔՕՂԱԶԵՐԾԷ ԿԵՂԾԱՒՈՐ ՀԱԿԱՌԱԿՈՐԴՆԵՐԸ

Կրօնական հակառակորդներուն թափած բոլոր ջանքերը կը ձախողին։ Անոնք չեն կրնար Յիսուսին համբաւը աւրել, ոչ ալ կը կարենան զինք ծուղակը ձգել եւ հռոմայեցիներուն յանձնել (Ղուկաս 20։20)։ Հիմա, մինչ ան դեռ տաճարն է նիսան 11–ին, նախաքայլը կ’առնէ եւ իր ո՛վ ըլլալը կը յայտնէ իր հակառակորդներուն՝ հարցնելով. «Քրիստոսի վրայով ի՞նչ կարծիք ունիք. անիկա որո՞ւն որդին է» (Մատթէոս 22։42)։ Մարդիկ գիտեն որ Քրիստոսը, կամ Մեսիան, Դաւիթին շառաւիղէն պիտի գայ։ Յիսուսին հակառակորդները ճիշդ այդ պատասխանը կու տան (Մատթէոս 9։27. 12։23. Յովհաննէս 7։42)։

Յիսուս կը հարցնէ. «Հապա ի՞նչպէս Դաւիթ Հոգիով զանիկա Տէր կը կոչէ ու կ’ըսէ. ‘Տէրը իմ Տէրոջս ըսաւ, Նստէ իմ աջ կողմս, մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ’։ Ուրեմն եթէ Դաւիթ զանիկա Տէր կը կոչէ, ի՞նչպէս անիկա անոր որդին կ’ըլլայ» (Մատթէոս 22։43-45)։

Փարիսեցիները լուռ կը մնան, քանի որ կ’ակնկալեն որ Մեսիան Դաւիթին սերունդէն գայ եւ զիրենք ազատէ հռոմէական լուծէն։ Բայց Սաղմոս 110։1, 2–ին մէջ արձանագրուած Դաւիթին խօսքերը մէջբերելով՝ Յիսուս կը շեշտէ որ Մեսիան պարզապէս մարդկային կառավարիչ չէ։ Ան Դաւիթին Տէրն է, եւ Աստուծոյ աջ կողմը նստելէ ետք իր իշխանութիւնը պիտի բանեցնէ։ Յիսուսին պատասխանը զիրենք կը պապանձեցնէ։

Հիմա, Յիսուս իր խօսքը կ’ուղղէ աշակերտներուն եւ ուրիշներու, որոնք խօսակցութիւնը մտիկ կ’ընէին։ Ան զանոնք կը զգուշացնէ դպիրներէն եւ փարիսեցիներէն։ Այս մարդիկը ‘Մովսէսին աթոռը նստած են’, որպէսզի Աստուծոյ Օրէնքը սորվեցնեն։ Յիսուս իրեն մտիկ ընողներուն կ’ըսէ. «Ինչ որ ձեզի ըսեն որ պահէք, պահեցէք ու ըրէք, բայց անոնց գործերուն պէս մի՛ ընէք, վասն զի կ’ըսեն ու չեն ըներ» (Մատթէոս 23։2, 3)։

Ետքը Յիսուս անոնց կեղծաւորութեան մասին օրինակներ կու տայ՝ ըսելով. «Կը լայնցնեն իրենց գրապանակները»։ Կարգ մը հրեաներ իրենց ճակատին կամ թեւին վրայ կը դնէին փոքր տուփեր, որոնց մէջ կային Օրէնքէն որոշ հատուածներ։ Իսկ փարիսեցիները կը լայնցնեն իրենց գրապանակները, որպէսզի մարդիկը տպաւորեն եւ ցոյց տան որ իրենք Աստուծոյ Օրէնքը կատարելու մէջ նախանձախնդիր են։ Անոնք նաեւ «կ’երկնցնեն իրենց հանդերձներուն քղանցքները»։ Իսրայէլացիներէն պահանջուած էր իրենց հանդերձներուն քղանցքներուն վրայ ծոպեր շինել. բայց փարիսեցիները իրենց ծոպերը բաւարար երկար կ’ընեն (Թուոց 15։38-40)։ Անոնք այդ բոլորը կ’ընեն «մարդոց երեւնալու համար» (Մատթէոս 23։5)։

Նոյնիսկ Յիսուսին աշակերտները կրնան ազդուիլ անոնց երեւելի ըլլալու ոգիէն։ Անոր համար ան անոնց խրատ կու տայ՝ ըսելով. «Դուք Ռաբբի մի՛ կոչուիք, վասն զի ձեր Ուսուցիչը մէկ է, այսինքն Քրիստոս։ Դուք ամէնքդ եղբայր էք։ Ու երկրի վրայ մա՛րդ ձեզի Հայր մի՛ կոչէք, վասն զի ձեր Հայրը մէկ է, որ երկինքն է։ Եւ դուք ուսուցիչներ [«առաջնորդներ», ՆԱ] մի՛ կոչուիք, վասն զի ձեր Ուսուցիչը [«Առաջնորդը», ՆԱ] մէկ է, այսինքն Քրիստոս»։ Լաւ, աշակերտները ի՞նչ տեսակէտ պէտք է ունենան իրենց անձին նկատմամբ եւ ինչպէ՞ս պէտք է վարուին։ Յիսուս կ’ըսէ. «Ձեր մէջէն մեծը ձեր սպասաւորը թող ըլլայ։ Ով որ իր անձը բարձրացնէ, պիտի խոնարհի եւ ով որ իր անձը խոնարհեցնէ, պիտի բարձրանայ» (Մատթէոս 23։8-12)։

Ետքը Յիսուս կեղծաւոր դպիրներուն ու փարիսեցիներուն կ’ըսէ. «Վա՜յ ձեզի, կեղծաւոր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ երկնքի թագաւորութիւնը մարդոց առջեւ կը գոցէք ու դուք չէք մտներ եւ մտնողներն ալ չէք թողուր որ մտնեն» (Մատթէոս 23։13)։

Յիսուս փարիսեցիները կը դատապարտէ, քանի որ հոգեւոր արժանիքներ չունին, ինչպէս որ յստակ կ’երեւնայ իրենց դրած կանոններէն։ Օրինակ, անոնք կ’ըսեն. «Ով որ տաճարին վրայ երդում ընէ, բան մը չէ, բայց ով որ տաճարին մէջի ոսկիին վրայ երդում ընէ, պարտաւոր կ’ըլլայ»։ Այսպիսով, անոնք ցոյց կու տան որ բարոյապէս կոյր են, քանի որ իրենց համար աւելի կարեւոր է տաճարին ոսկին, քան՝ տաճարը,– ուր մարդիկ կրնան Եհովան պաշտել եւ իրեն մօտենալ։ Ասկէ զատ անոնք նաեւ ‘կը ձգեն օրէնքին ծանր ծանր բաները, դատաստանը [«արդարութիւնը», ՆԱ] եւ ողորմութիւնը ու հաւատքը’ (Մատթէոս 23։16, 23. Ղուկաս 11։42)։

Յիսուս փարիսեցիները կը կոչէ ‘կո՛յր առաջնորդներ, որ մժղուկը կը քամեն եւ ո՛ւղտը կը կլլեն’ (Մատթէոս 23։24)։ Անոնք մժղուկը իրենց գինիէն կը հանեն, քանի որ ըստ Օրէնքին՝ ծիսականօրէն անմաքուր է։ Բայց անդին Օրէնքին աւելի ծանր բաները կ’անտեսեն. ինչ որ կը նմանի ուղտ մը կլլելուն, որ մժղուկին պէս անմաքուր է, բայց շատ աւելի մեծ է (Ղեւտացւոց 11։4, 21-24)։

◇ Երբ Յիսուս փարիսեցիներուն կը հարցնէ Սաղմոս 110–ին մէջ գրուած Դաւիթին խօսքին մասին, անոնք ինչո՞ւ լուռ կը մնան։

◇ Փարիսեցիները ինչո՞ւ կը լայնցնեն իրենց գրապանակները եւ կ’երկնցնեն իրենց հանդերձներուն քղանցքները։

◇ Յիսուս ի՞նչ խրատ կու տայ իր աշակերտներուն։

ՄԱՐՏ 30–ԱՊՐԻԼ 5

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԾՆՆԴՈՑ 29-30

«Յակոբ կ’ամուսնանայ»

(Ծննդոց 29։18-20) Յակոբ սիրեց Ռաքէլը ու ըսաւ. «Քու պզտիկ աղջկանդ Ռաքէլին համար եօթը տարի քեզի կը ծառայեմ»։ 19 Լաբան ըսաւ. «Անիկա քեզի տալը ուրիշ մարդու մը տալէն աղէկ է. բնակէ ինծի հետ»։ 20 Եւ Յակոբ Ռաքէլին համար եօթը տարի ծառայեց ու զանիկա սիրելուն պատճառաւ իրեն քանի մը օրուան չափ երեւցաւ։

w03 10/15 29 ¶6

Յակոբ կը գնահատէր հոգեւոր բաները

Նշանտուքը կը պարփակէր հարսնեգին վճարել հարսին ընտանիքին։ Յետագային, Մովսիսական օրէնքը նշեց որ տղամարդ մը պէտք է 50 սիկղ արծաթ վճարէ, եթէ կոյս աղջիկ մը հրապուրելով անոր հետ սեռային յարաբերութիւն ունենայ։ Ուսումնական Կորտըն Ուէնհամի կարծիքով, ասիկա «ամուսնութեան համար տրուած առաւելագոյն նուէր»ն էր, եւ ընդհանրապէս ամուսնութեան նուէրը «շատ աւելի պակաս» կ’ըլլար (Բ. Օրինաց 22։28, 29)։ Յակոբ կարողութիւն չունէր վճարելու։ Անոր համար, ան Լաբանին ըսաւ որ գումարին փոխարէն եօթը տարի կը ծառայէ իրեն։ «Քանի որ բաբելոնական ժամանակներուն ժամանակաւոր գործաւորները ամիսը կէս սիկղէն մէկ սիկղ կը ստանային» (եօթը տարուան մէջ՝ 42–էն 84 սիկղ), կ’ըսէ Ուէնհամ, «Այս հաշուով, Յակոբ ամուսնական շատ յարմար նուէր մը կ’առաջարկէր Լաբանին՝ Ռաքէլին ձեռքը ուզելու համար»։ Լաբան շուտով ընդունեց զայն (Ծննդոց 29։19)։

(Ծննդոց 29։21-26) Եւ Յակոբ ըսաւ Լաբանին. «Իմ կինս տուր. քանզի օրերս լեցուած են, որպէս զի անոր մտնեմ»։ 22 Եւ Լաբան այն տեղին բոլոր մարդիկը հաւաքեց ու խնճոյք ըրաւ։ 23 Սակայն իրիկունը իր Լիա աղջիկը առաւ եւ անոր բերաւ։ Անիկա անոր մտաւ։ 24 Եւ Լաբան իր աղախինը Զեղփան իր աղջկան Լիային իբր աղախին տուաւ։ 25 Առտուն՝ ահա անիկա Լիան էր։ Յակոբ Լաբանին ըսաւ. «Ի՞նչ է այս քու ինծի ըրածդ. ես քեզի Ռաքէլին համար չծառայեցի՞. ուստի ինչո՞ւ զիս խաբեցիր»։ 26 Լաբան ըսաւ. «Մեր երկրին մէջ այսպիսի բան չ’ըլլար, պզտիկը մեծէն առաջ տալ։

w07 10/1 8-9

Վշտացած քոյրերը «Իսրայէլի տունը շինեցին»

Արդեօք Լիան ծրագրա՞ծ էր Յակոբը խաբել, թէ ոչ պարզապէս ստիպուած էր իր հօրը հնազանդիլ։ Իսկ Ռաքէլը ո՞ւր էր։ Արդեօք ան գիտէ՞ր ինչ կ’անցնէր–կը դառնար։ Եթէ գիտէր, լաւ ի՞նչ զգաց։ Արդեօք ան կրնա՞ր իր բռնատէր հօրը կամքին դէմ ելլել։ Սուրբ Գիրքը այս հարցումներուն պատասխանները չի տար։ Ամէն պարագայի, այս ծրագիրը շատ ջղայնացուց Յակոբը։ Եւ ան Լաբանին աղջիկներուն չէ որ գանգատեցաւ, հապա Լաբանին՝ ըսելով. «Ես քեզի Ռաքէլին համար չծառայեցի՞. ուստի ինչո՞ւ զիս խաբեցիր»։ Լաբան պատասխանեց. «Այսպիսի բան չ’ըլլար, պզտիկը մեծէն առաջ տալ։ Լմնցուր ասոր հարսանիքին շաբաթը եւ ինծի եօթը տարի ալ ծառայելուդ համար՝ զայն ալ քեզի տամ» (Ծն. 29։25-27)։ Այսպիսով Յակոբ խաբուելով բազմակին եղաւ, ինչ որ ապագային նախանձի պատճառ պիտի դառնար։

it-2 341 ¶3

Ամուսնութիւն

Տօնակատարութիւն։ Ճիշդ է որ Իսրայէլի մէջ ամուսնութիւնը պաշտօնական արարողութեամբ չէր ըլլար, բայց շատ ճոխ կերպով կը տօնուէր։ Ամուսնութեան օրը հարսը երկար–բարակ պատրաստութիւններ կը տեսնէր իր տունը։ Նախ կը լոգնար եւ հոտաւէտ իւղ կը քսուէր (համեմատէ՛ Հթ. 3։3. Եզեկ. 23։40)։ Ատեններ ան իրեն ընկերակցող աղջիկներու օգնութեամբ կը հագնէր կրծկապերը եւ ճերմակ հանդերձ մը, որ ընդհանրապէս շատ զարդարուած կ’ըլլար, կախեալ ըլլալով իր նիւթական վիճակէն (Եր. 2։32. Յայտ. 19։7, 8. Սաղ. 45։13, 14)։ Ան կը զարդարուէր եւ գոհարեղէն կը հագնէր, եթէ պարագան կը ներէր (Եսա. 49։18. 61։10. Յայտ. 21։2), եւ ետքը գլուխէն մինչեւ ոտքերը կը ծածկուէր թեթեւ քօղով մը (Եսա. 3։19, 23)։ Ասիկա յստակ կը դարձնէ թէ Լաբան ինչպէ՛ս դիւրութեամբ կրցաւ խաբել Յակոբը՝ Ռաքէլին տեղ Լիան ամուսնացնելով իրեն հետ (Ծն. 29։23, 25)։ Ռեբեկան քօղով մը ծածկուեցաւ երբ կը մօտենար Իսահակին ծանօթանալու (Ծն. 24։65)։ Ասիկա նշան էր որ հարսը կ’ենթարկուի փեսային եւ անոր հեղինակութեան (Ա. Կոր. 11։5, 10)։

(Ծննդոց 29։27, 28) «Լմնցուր ասոր հարսանիքին շաբաթը եւ ինծի եօթը տարի ալ ծառայելուդ համար՝ զայն ալ քեզի տամ»։ 28 Յակոբ այնպէս ըրաւ ու Լիային շաբաթը լմնցուց։ Լաբան իր Ռաքէլ աղջիկը անոր կին ըլլալու տուաւ։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Ծննդոց 30։3) Ռաքէլ ըսաւ. «Ահա իմ աղախինս Բաղղա, անոր մտիր ու անիկա իմ ծունկերուս վրայ ծնանի եւ ես ալ անկէ որդիներ ստանամ»։

it-1 50

Որդեգրում

Թէ՛ Ռաքէլը եւ թէ Լիան սեպեցին որ Յակոբին այն զաւակները, որոնք ան իրենց աղախիններէն ունեցած էր, իրենց անձնական զաւակներն են, եւ անոնց համար ըսին որ ‘իրենց ծունկերուն վրայ ծնանեցան’ (Ծն. 30։3-8, 12, 13, 24)։ Այս զաւակները ժառանգութիւն ստացան Յակոբին միւս զաւակներուն պէս, որոնք անոր ուղղակի օրինական կիներէն էին։ Անոնք հօրը զաւակներն էին, եւ քանի որ աղախինները կիներուն սեփականութիւնը կը սեպուէին, Ռաքէլը եւ Լիան իրաւունքը ունէին զանոնք իրենց անձնական զաւակները նկատելու։

(Ծննդոց 30։14, 15) Ռուբէն գնաց ցորենի հունձքի օրերը ու արտին մէջ մանրագորներ գտաւ ու իր մօրը Լիային բերաւ։ Ռաքէլ ըսաւ Լիային. «Կ’աղաչեմ, տո՛ւր ինծի որդիիդ մանրագորներէն»։ 15 Անիկա ըսաւ անոր. «Իմ այրս առնելդ քի՞չ եկաւ, որ իմ որդիիս մանրագորներն ալ պիտի առնես»։ Ռաքէլ ըսաւ. «Ուստի քու որդիիդ մանրագորներուն համար այս գիշեր քեզի հետ թող պառկի»։

դ04 2/1 25 ¶13

Ծննդոց գիրքէն աչքառու կէտեր՝ Բ. մաս

30:14, 15—Ռաքէլ ինչո՞ւ մանրագորներու համար հրաժարեցաւ իր ամուսինին հետ պառկելու պատեհութենէն։ Վաղեմի ժամանակներուն, մանրագորի պտուղը բժշկութեան մէջ կը գործածուէր որպէս թմրեցուցիչ եւ ջղաձգութիւնը մեղմացնելու կամ արգիլելու համար։ Պտուղին կը վերագրուէր նաեւ սեռային փափաքը գրգռելու եւ մարդկային արգասաբերութիւնը աւելցնելու կամ յղութեան նպաստելու կարողութիւնը։ (Երգ Երգոց 7։13) Աստուածաշունչը Ռաքէլի շարժառիթը չի յայտներ, բայց ան թերեւս խորհեցաւ թէ մանրագորները պիտի օգնէին որ յղանար, եւ այսպիսով ամուլ ըլլալու նախատինքին վերջ պիտի դրուէր։ Սակայն տարինե՜ր ետք, Եհովա «անոր արգանդը բացաւ»։—Ծննդոց 30։22-24

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 110

ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ՕՐԸ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

ՄԱՏԹԷՈՍ 23։25–24։2 ՄԱՐԿՈՍ 12։41–13։2 ՂՈՒԿԱՍ 21։1-6

• ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵԼ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐԸ

• ՏԱՃԱՐԸ ՊԻՏԻ ԿՈՐԾԱՆԻ

• ԱՂՔԱՏ ՈՐԲԵՒԱՅՐԻՆ ԵՐԿՈՒ ԼՈՒՄԱՅ ԿԸ ՁԳԷ

Յիսուս տաճարին մէջ է վերջին անգամ ըլլալով եւ կը շարունակէ դպիրներուն եւ փարիսեցիներուն կեղծաւորութիւնը քօղազերծել, զանոնք բացէ ի բաց կոչելով կեղծաւորներ։ Ան պատկերաւոր արտայայտութիւններ կը գործածէ՝ ըսելով. «Գաւաթին ու պնակին դուրսի կողմը կը մաքրէք, բայց ներսէն յափշտակութեամբ եւ անիրաւութեամբ լեցուն են։ Կո՛յր փարիսեցի, առաջ գաւաթին ու պնակին ներսի կողմը մաքրէ, որպէս զի անոնց դուրսի կողմն ալ մաքուր ըլլայ» (Մատթէոս 23։25, 26)։ Թէեւ փարիսեցիները բծախնդրօրէն հոգ կը տանին ծիսական մաքրութեան եւ իրենց արտաքին տեսքին, բայց ուշադրութիւն չեն դարձներ իրենց ներքին անձին եւ չեն մաքրեր իրենց այլաբանական սիրտը։

Անոնց կեղծաւորութիւնը նաեւ կ’երեւի այն բանէն, որ անոնք մարգարէներու համար գերեզմաններ կը շինեն եւ կը զարդարեն։ Մինչդեռ, ինչպէս Յիսուս կ’ըսէ, ‘անոնք զաւակներն են անոնց՝ որոնք մարգարէները կը սպաննէին’ (Մատթէոս 23։31)։ Եւ քանի՛ որ կը փորձեն Յիսուսը սպաննել, ցոյց կու տան որ ճիշդ իրենց հայրերուն պէս են (Յովհաննէս 5։18. 7։1, 25)։

Ետքը Յիսուս կ’ըսէ, թէ ի՛նչ կը սպասէ այս կրօնական առաջնորդներուն, եթէ չզղջան. «Օձե՛ր, իժե՛րու ծնունդներ, ի՞նչպէս պիտի փախչիք գեհենին դատապարտութենէն» (Մատթէոս 23։33)։ Գեհենը այն մօտակայ Ենովմի ձորն է, որ կը գործածուի աղբերը այրելու համար։ Անիկա յարմար կերպով կը խորհրդանշէ վերջնական բնաջնջումը, որ կը սպասէ այդ չար դպիրներուն ու փարիսեցիներուն։

Յիսուսի աշակերտները պիտի ըլլան «մարգարէներ եւ իմաստուններ ու դպիրներ»։ Անոնք ի՞նչ վերաբերմունքի պիտի հանդիպին։ Յիսուս իր խօսքը կրօնական առաջնորդներուն ուղղելով կ’ըսէ. «[Իմ աշակերտներէս] մէկ քանիները պիտի սպաննէք. . . մէկ քանիները ձեր ժողովարաններուն մէջ պիտի ծեծէք ու քաղաքէ քաղաք հալածէք։ Որպէս զի երկրի վրայ թափուած բոլոր արդար արիւնը ձեր վրայ գայ, արդար Աբէլի արիւնէն մինչեւ. . . Զաքարիային արիւնը, որ. . . սպաննեցիք»։ Ան կը զգուշացնէ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, այս ամէն բաները պիտի գան այս ազգին վրայ» (Մատթէոս 23։34-36)։ Յիսուսին այս խօսքերը կ’իրականանան Ք.Ե. 70–ին, երբ հռոմէական զօրքը կը կործանէ Երուսաղէմը եւ հարիւր հազարաւոր հրեաներ կը սպաննուին։

Այս վախնալիք կործանման մասին մտածելով՝ Յիսուս կը տառապի եւ խոր տխրութեամբ կ’ըսէ. «Ո՛վ Երուսաղէմ, Երուսաղէմ, որ մարգարէները կը սպաննէիր ու քեզի ղրկուածները կը քարկոծէիր, քանի՜ անգամ քու տղաքներդ ժողվել ուզեցի, ինչպէս հաւը իր ձագերը թեւերուն տակ կը ժողվէ եւ դուք չուզեցիք։ Ահա ձեր տունը ձեզի աւերակ պիտի մնայ» (Մատթէոս 23։37, 38)։ Անոնք՝ որոնք իր խօսքերը կը լսեն, թերեւս հարց կու տան որ Յիսուս ի՛նչ ըսել կ’ուզէ «տուն» բառով։ Արդեօք ան կ’ակնարկէ Երուսաղէմի փառաւոր տաճարի՞ն, որ այնպէս կ’երեւի թէ Աստուծոյ պաշտպանութիւնը ունի։

Ետքը Յիսուս կ’աւելցնէ. «Ձեզի կ’ըսեմ թէ ա՛լ ասկէ յետոյ պիտի չտեսնէք զիս, մինչեւ ըսէք. ‘Օրհնեալ է ան որ Տէրոջը անունովը կու գայ’» (Մատթէոս 23։39)։ Ան կը մէջբերէ Սաղմոս 118։26–ի մարգարէական խօսքը. «Օրհնեալ ըլլայ ա՛ն, որ Տէրոջը անունովը կու գայ։ Օրհնեցինք քեզ Տէրոջը տունէն»։ Մարդիկ այսպէս պիտի արտայայտուին, բայց ոչ թէ աս բառացի տաճարին մէջ, քանի որ ատիկա պիտի կործանի։

Յիսուս հիմա կ’ուղղուի տաճարին այն մասը, ուր դրուած են գանձանակները։ Գանձանակները վերէն փոքր բացուածք մը ունին, ուրկէ մարդիկ կրնան նուիրատուութիւններ դնել։ Յիսուս կը տեսնէ հրեաներ նուիրատուութիւն կ’ընեն եւ հարուստները ‘շատ բան կը ձգեն’։ Ետքը կը տեսնէ աղքատ որբեւայրի մը ‘երկու լումայ կը ձգէ, որ նաքարակիտ մը կ’ընէ’ (Մարկոս 12։41, 42)։ Անկասկած Յիսուս գիտէ թէ անոր նուիրատուութիւնը որքա՜ն հաճելի է Աստուծոյ։

Իր աշակերտները կանչելով՝ Յիսուս կ’ըսէ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ այս աղքատ որբեւայրին գանձանակը ստակ ձգողներուն ամենէն աւելին ձգեց»։ Ինչպէ՞ս։ Ան կը բացատրէ. «Ամէնքը իրենց աւելցածէն ձգեցին, բայց ասիկա իր չքաւորութենէն՝ ունեցածին բոլորը ձգեց՝ իր բոլոր ապրուստը» (Մարկոս 12։43, 44)։ Այս որբեւայրին թէ՛ իր մտածելակերպով եւ թէ իր գործերով որքա՜ն տարբեր է կրօնական առաջնորդներէն։

Մինչ տակաւին նիսան 11–ն է, Յիսուս տաճարէն կ’ելլէ վերջին անգամ ըլլալով։ Իր աշակերտներէն մէկը իրեն կ’ըսէ. «Վա՛րդապետ, նայէ ի՛նչպէս քարեր են եւ ի՛նչ կերպ շէնքեր» (Մարկոս 13։1)։ Իրապէս տաճարի պատերուն կարգ մը քարերը շատ մեծ են, ինչ որ մեծ տպաւորութիւն կու տայ որ այդ շինութիւնը ամուր եւ հաստատ է։ Անոր համար թերեւս Յիսուսին խօսքը տարօրինակ կը թուի. «Կը տեսնե՞ս այդ մեծ շէնքերը. քար մը քարի վրայ պիտի չմնայ, որ չքակուի» (Մարկոս 13։2)։

Այս խօսքերը ըսելէ ետք, Յիսուս եւ իր առաքեալները Կեդրոն հեղեղատը կը կտրեն եւ կը բարձրանան Ձիթենեաց լեռը։ Պահ մը, ան առանձին կը մնայ չորս առաքեալներու հետ. Պետրոս, Անդրէաս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս։ Իրենց տեղէն կրնան տեսնել փառաւոր տաճարը։

◇ Յիսուս ի՞նչ կ’ընէ, մինչ վերջին անգամ ըլլալով տաճարին մէջ է։

◇ Յիսուս տաճարին մասին ի՞նչ կը մարգարէանայ։

◇ Յիսուս ինչո՞ւ կ’ըսէ որ որբեւայրին հարուստներէն աւելի նուիրատուութիւն ըրաւ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել