Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ95 9/1 էջ 13-17
  • Թէեւ կը վշտանանք, բայց անյոյս չենք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Թէեւ կը վշտանանք, բայց անյոյս չենք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Մահը Մարդկային Ընտանիքէն Ներս կը Մտնէ
  • Վշտահար Հաւատարիմներ
  • Վիշտ՝ Յիսուսի Օրերուն
  • Ննջեցեալներուն Համար Ի՞նչ Յոյս Կայ
  • Գործնական Օգնութիւն՝ Վշտահարներուն
  • Իսկական յոյս՝ քու մահացած սիրելիներուդ համար
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
  • Ի՛նչ կը պատահի մեր սիրելի ննջեցեալներուն
    Գիտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ
  • Վստահ յոյս՝ մեռելներուն համար
    Երբ սիրելի մը մեռնի
  • «Քու եղբայրդ յարութիւն պիտի առնէ»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
դ95 9/1 էջ 13-17

Թէեւ կը վշտանանք, բայց անյոյս չենք

«Չենք ուզեր ... որ տգէտ ըլլաք ննջեցեալներուն վրայով, որպէսզի չտրտմիք ինչպէս ուրիշները՝ որոնք յոյս չունին»։—Ա. ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԵՑԻՍ 4։12

1. Ի՞նչ բան կանոնաւորաբար կ’ազդէ մարդոց։

ՄԱՀՈՒԱՆ մէջ սիրելի մը կորսնցուցա՞ծ էք։ Ինչ ալ ըլլայ մեր տարիքը, շատերս ազգականի մը կամ բարեկամի մը կորուստով տխրած ենք։ Թերեւս ան մեծ հայր մը, մեծ մայր մը, ծնող մը, կողակից մը, կամ զաւակ մըն էր։ Ծերութիւնը, հիւանդութիւնը եւ արկածները կանոնաւոր հունձք կը քաղեն։ Ոճիրը, բռնութիւնը եւ պատերազմը թշուառութեան ու վշտին վրայ կը բարդուին։ Ամէն տարի համայն աշխարհի մէջ, միջին հաշուով 50 միլիոնէ աւելի մարդիկ կը մահանան։ 1993–ին, առօրեայ միջինն էր՝ 140,250 մահ։ Բարեկամներուն եւ ընտանիքին վրայ մահուան ազդեցութիւնը մեծ է, իսկ կորուստի զգացումը՝ խորունկ։

2. Զաւակներու մահուան առնչութեամբ ի՞նչ բան անբնական է։

2 Ինչպէ՞ս չկարեկցիլ այն ծնողներուն որոնք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիոյ մէջ, ինքնաշարժի արտակարգ արկածով մը եղերականօրէն իրենց յղի աղջիկը կորսնցուցին։ Մէկ հարուածով, անոնք կորսնցուցին իրենց միակ աղջիկը եւ այն մանուկը որ իրենց առաջին թոռնիկը պիտի ըլլար։ Արկածեալին ամուսինը կորսնցուց կին մը եւ իր առաջին մանչը կամ աղջիկը։ Կերպով մը անբնական է որ ծնողներ զաւկի մը մահը տեսնեն, ինչ տարիքի մէջ ալ ըլլայ ան։ Բնական չէ որ զաւակներ իրենց ծնողներէն առաջ մեռնին։ Բոլորս ալ կեանքը կը սիրենք։ Հետեւաբար, մահը իրապէս թշնամի մըն է։—Ա. Կորնթացիս 15։26

Մահը Մարդկային Ընտանիքէն Ներս կը Մտնէ

3. Աբէլի մահը թերեւս ինչպէ՞ս ազդած ըլլալու է Ադամին ու Եւային։

3 Մեղքն ու մահը իշխած են որպէս թագաւորներ մարդկային պատմութեան շուրջ վեց հազար տարիներու ընթացքին, մեր առաջին մարդկային ծնողներուն՝ Ադամի ու Եւայի՝ ըմբոստութենէն ի վեր։ (Հռովմայեցիս 5։14. 6։12, 23) Աստուածաշունչը մեզի չըսեր թէ անոնք ի՛նչպէս հակազդեցին, երբ իրենց զաւակը՝ Աբէլ՝ սպաննուեցաւ իր եղբօր՝ Կայէնի՝ կողմէ։ Մէկէ աւելի պատճառներով, անիկա զգետնած ըլլալու էր զանոնք։ Ահաւասիկ, առաջին անգամ ըլլալով, անոնք մարդկային էակի մը մահը կը տեսնէին, արտացոլացուած՝ իրենց իսկ զաւկին դէմքին վրայ։ Անոնք իրենց ըմբոստութեան եւ ազատ կամքի յարատեւ սխալ գործածութեան պտուղը կը քաղէին։ Հակառակ Աստուծմէ եկած ազդարարութիւններուն, Կայէն ընտրած էր առաջին եղբայրասպանութիւնը գործել։ Գիտենք որ Եւա խորապէս ազդուած ըլլալու էր Աբէլի մահով, քանի որ երբ Սէթի ծնունդ տուաւ, ան ըսաւ. «Աստուած ինծի Կայէնին մեռցուցած Աբէլին տեղ ուրիշ սերունդ մը տուաւ»։—Ծննդոց 4։3–8, 25

4. Աբէլի մահէն ետք, անմահ հոգիին առասպելը ինչո՞ւ չէր կրնար մխիթարական ըլլալ։

4 Մեր առաջին մարդկային ծնողները նաեւ տեսան իրենց վրայ Աստուծոյ արձակած դատավճիռին իրողութիւնը. եթէ ըմբոստանային եւ անհնազանդ ըլլային, անոնք ‘անշուշտ պիտի մեռնէին’։ Հակառակ Սատանայի սուտին, երեւութապէս անմահ հոգիին առասպելը տակաւին չէր զարգացած, ուստի անոնք չէին կրնար որեւէ սխալ մխիթարութիւն քաղել անկէ։ Աստուած Ադամին ըսած էր. ‘Գետին պիտի դառնաս, ուրկէ առնուեցար. քանզի հող էիր դուն ու հողի պիտի դառնաս’։ Ան երկնքի, դժոխքի, Լիմպոսի, քաւարանի մէջ կամ ուրիշ որեւէ տեղ անմահ հոգիի ապագայ գոյութեան մը մասին ոչ մէկ յիշում ըրած էր։ (Ծննդոց 2։17. 3։4, 5, 19) Ապրող հոգիներ ըլլալով, մեղանչած Ադամն ու Եւան վերջապէս պիտի մեռնէին ու գոյութենէ դադրէին։ Սողոմոն Թագաւոր ներշնչմամբ գրեց. «Անոնք որ կ’ապրին, գիտեն թէ պիտի մեռնին. բայց մեռելները բան մը չեն գիտեր ու ալ վարձք մը չեն առներ. վասնզի անոնց յիշատակը մոռցուեցաւ։ Թէ՛ անոնց սէրը, թէ՛ ատելութիւնը եւ թէ՛ նախանձը արդէն կորսուեցան ու անոնք արեւուն տակ եղող բաներէն ա՛լ յաւիտեան բաժին չունին»։—Ժողովողի 9։5, 6

5. Ննջեցեալներուն համար իրական յոյսը ի՞նչ է։

5 Այս խօսքերը որքա՜ն ճշմարիտ են։ Իրապէս, ո՞վ կարող է երկու հարիւր կամ երեք հարիւր տարիներ առաջ ապրած նախահայրերը վերյիշել։ Յաճախ նոյնիսկ անոնց գերեզմանները անծանօթ կամ շատոնց անտեսուած են։ Ատիկա կը նշանակէ՞ որ մեր ննջող սիրելիներուն համար որեւէ յոյս չկայ։ Ո՛չ, բնա՛ւ երբեք։ Մարթա իր մեռած եղբօրը՝ Ղազարոսին՝ մասին Յիսուսին ըսաւ. «Գիտեմ թէ յարութեան ժամանակը՝ վերջին օրը՝ յարութիւն պիտի առնէ»։ (Յովհաննու 11։24) Եբրայեցիները կը հաւատային որ ապագային, Աստուած մեռելները պիտի յարուցանէր։ Այսուհանդերձ, ատիկա զանոնք չէր կասեցներ սիրելիի մը կորուստով վշտանալէ։—Յոբայ 14։13

Վշտահար Հաւատարիմներ

6, 7. Աբրահամ եւ Յակոբ մահուան դիմաց ինչպէ՞ս հակազդեցին։

6 Շուրջ չորս հազար տարիներ առաջ, երբ իր կինը՝ Սառան՝ մեռաւ, «Աբրահամ Սառային համար սուգ ընելու ու ողբալու եկաւ»։ Աստուծոյ այդ հաւատարիմ ծառան իր սիրելի ու հաւատարիմ կնոջ կորուստին համար իր խոր զգացումները յայտնաբերեց։ Արի մարդ մը ըլլալով հանդերձ, ան իր վիշտը արցունքներով արտայայտելու չամչցաւ։—Ծննդոց 14։11–16. 23։1, 2

7 Յակոբի պարագան ալ նոյնն էր։ Երբ իրեն հաւատալ տուին որ իր որդին՝ Յովսէփը՝ գազանի մը կողմէ սպաննուած էր, ան ինչպէ՞ս հակազդեց։ Ծննդոց 37։34, 35–ին մէջ կը կարդանք. «Յակոբ պատռեց իր հանդերձները ու քուրձ հագաւ իր մէջքին վրայ եւ իր որդիին համար շատ օրեր սուգ ըրաւ։ Իր բոլոր որդիներն ու իր բոլոր աղջիկները զինք մխիթարելու ելան. բայց ինք մխիթարուիլ չէր ուզեր ու ըսաւ. ‘Ես սուգով պիտի իջնեմ գերեզման՝ իմ որդիիս քով’։ Այսպէս անոր հայրը լացաւ անոր համար»։ Այո, թէ՛ մարդկային եւ թէ բնական է վիշտ արտայայտել, երբ սիրելի մը կորսնցնենք։

8. Եբրայեցիները յաճախ իրենց վիշտը ինչպէ՞ս կ’արտայայտէին։

8 Ոմանք թերեւս խորհին թէ արդի կամ տեղական չափանիշներով, Յակոբի հակազդեցութիւնը չափազանցուած եւ թատերական էր։ Բայց ան տարբեր ժամանակի ու մշակոյթի մը կը պատկանէր։ Վիշտ արտայայտելու իր սովորութիւնը՝ քուրձ հագուիլը՝ Աստուածաշունչին մէջ առաջին անգամ ըլլալով արձանագրուած է։ Սակայն, ինչպէս նկարագրուած է Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ, սուգը նաեւ կ’արտայայտուէր ողբալով, մահերգ յօրինելով եւ մոխիրի վրայ նստելով։ Բացայայտօրէն Եբրայեցիները իրենց վիշտը անկեղծօրէն արտայայտելէ չէին քաշուեր։a—Եզեկիէլ 27։30–32. Ամովսեայ 8։10

Վիշտ՝ Յիսուսի Օրերուն

9, 10. (ա) Յիսուս Ղազարոսի մահուան ինչպէ՞ս հակազդեց։ (բ) Յիսուսի հակազդեցութիւնը ի՞նչ կը յայտնէ իր մասին։

9 Ի՞նչ կրնանք ըսել Յիսուսի նախկին աշակերտներուն մասին։ Օրինակի համար, երբ Ղազարոս մեռաւ, իր քոյրերը՝ Մարթան ու Մարիամը՝ լացուկոծով ողբացին անոր մահը։ Կատարեալ մարդը՝ Յիսուս՝ ինչպէ՞ս հակազդեց, երբ եղելութեան վայրը հասաւ։ Յովհաննէսի արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Մարիամ, երբ Յիսուսին եղած տեղը հասաւ, զանիկա տեսաւ, անոր ոտքը իյնալով՝ ըսաւ անոր. ‘Տէ՛ր, եթէ հոս ըլլայիր՝ իմ եղբայրս չէր մեռներ’։ Յիսուս երբ տեսաւ զանիկա որ կու լար եւ անոր հետ եղող Հրեաները, որոնք կու լային, իր հոգիին մէջ հառաչեց ու խռովեցաւ, եւ ըսաւ. ‘Ո՞ւր դրած էք զանիկա’։ Ըսին իրեն. ‘Տէ՛ր, եկուր ու տես’։ Յիսուս լացաւ»։—Յովհաննու 11։32–35

10 «Յիսուս լացաւ»։ Այս քանի մը խօսքերը շատ բան կը յայտնեն Յիսուսի մարդկայնութեան, իր կարեկցութեան, իր զգացումներուն մասին։ Յարութեան յոյսին քաջատեղեակ ըլլալով հանդերձ, «Յիսուս լացաւ»։ (Յովհաննու 11։35) Արձանագրութիւնը կը շարունակէ ըսել որ հոն եղած անհատները մեկնաբանեցին. «Նայեցէք որչա՜փ կը սիրէր [Ղազարոսը]»։ Վստահաբար, եթէ կատարեալ մարդը՝ Յիսուս՝ բարեկամի մը կորուստին վրայ լացաւ, այսօր ալ ամօթ չէ, երբ մարդ մը կամ կին մը ողբայ ու լայ։—Յովհաննու 11։36

Ննջեցեալներուն Համար Ի՞նչ Յոյս Կայ

11. (ա) Աստուածաշունչի սուգ պարփակող օրինակներէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ (բ) Մենք ինչո՞ւ յոյս չունեցողներուն նման չենք վշտանար։

11 Աստուածաշունչի այս օրինակներէն ի՞նչ կը սորվինք։ Կը սորվինք որ մարդկային ու բնական է վշտանալ եւ պէտք չէ ամչնանք մեր վիշտը արտայայտելու։ Յարութեան յոյսը որքան ալ մեղմացնէ ցաւը, տակաւին կսկծեցուցիչ կորուստ մըն է, որ խորապէս կը զգացուի։ Տարիներու, թերեւս տասնամեակներու, տեւողութեամբ եղած սերտ ընկերակցութիւնն ու համագործակցութիւնը յանկարծ եւ եղերականօրէն վերջ կը գտնեն։ Ճիշդ է որ մենք յոյս չունեցողներուն կամ սխալ յոյսեր ունեցողներուն նման չենք վշտանար։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։12) Նաեւ, մենք չենք մոլորիր այն առասպելներով թէ մարդը անմահ հոգի մը ունի կամ կը շարունակէ գոյանալ հոգեփոխութեամբ։ Մենք գիտենք որ Եհովա ‘նոր երկինք ու նոր երկիր մը’ խոստացած է, «որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի»։ (Բ. Պետրոս 3։13) Աստուած մեր «աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասնզի առաջուան բաները անցան»։—Յայտնութիւն 21։4

12. Պօղոս ինչպէ՞ս յարութեան մասին իր հաւատքը արտայայտեց։

12 Ննջեցեալներուն համար ի՞նչ յոյս կայ։b Քրիստոնեայ գրող Պօղոս ներշնչմամբ մեզի մխիթարութիւն եւ յոյս տուաւ, երբ գրեց. «Վերջին թշնամին որ պիտի խափանուի՝ մահըն է»։ (Ա. Կորնթացիս 15։26) Պօղոս ինչո՞ւ կրնար այդ մասին այսքան վստահ ըլլալ։ Քանի որ ան մեռելներէն յարուցուած մէկու մը՝ Յիսուս Քրիստոսին՝ կողմէ դարձի եկած եւ ուսուցուած էր։ (Գործք 9։3–19) Անոր համար էր նաեւ որ Պօղոս կրնար ըսել. «Քանզի մարդով [Ադամով] եղաւ մահը, մարդով [Քրիստոսով] ալ մեռելներուն յարութիւնը պիտի ըլլայ։ Վասնզի ինչպէս Ադամով ամէնքը կը մեռնին, նոյնպէս ալ Քրիստոսով ամէնքը կենդանի պիտի ըլլան»։—Ա. Կորնթացիս 15։21, 22

13. Ղազարոսի յարութեան ականատեսները ինչպէ՞ս հակազդեցին։

13 Յիսուսի ուսուցումը ապագային համար մեծ մխիթարութիւն եւ յոյս կու տայ մեզի։ Օրինակի համար, ան ի՞նչ ըրաւ Ղազարոսի պարագային։ Ան գերեզման գնաց, ուր չորս օրէ ի վեր Ղազարոսի մարմինը դրուած էր։ Ան աղօթք մը մատուցանեց եւ «ասիկա ըսելէն ետքը՝ մեծ ձայնով մը կանչեց. ‘Ղա՛զարոս, դուրս եկուր’։ Մեռելն ալ ելաւ՝ ոտքերը ու ձեռքերը պատանքով կապուած եւ երեսը վարշամակով պատուած։ Յիսուս ըսաւ անոնց. ‘Արձակեցէ՛ք ատիկա ու թողէ՛ք որ երթայ’»։ Կրնա՞ք երեւակայել Մարթայի ու Մարիամի դէմքերուն վրայ զարմանքի եւ ուրախութեան արտայայտութիւնները։ Դրացիները որքա՜ն ապշած ըլլալու էին, այս հրաշքը տեսնելով։ Զարմանալի չէ որ ականատեսներէն շատեր Յիսուսի հաւատացին։ Սակայն անոր կրօնական թշնամիները «որոշեցին, որ սպաննեն զանիկա»։—Յովհաննու 11։41–53

14. Ղազարոսի յարութիւնը ի՞նչ բանի երաշխաւորում մըն էր։

14 Յիսուս այդ անմոռանալի յարութիւնը շատ մը ականատեսներու առջեւ կատարեց։ Անիկա երաշխաւորում մըն էր ապագային տեղի ունենալիք յարութեան զոր ան առիթով մը գուշակած էր, ըսելով. «Ասոր վրայ մի՛ զարմանաք. վասնզի ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները անոր [Աստուծոյ Որդւոյն] ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան։ Անոնք որ բարի գործեր են՝ կեանքի յարութեան համար եւ անոնք որ չար գործեր են՝ դատապարտութեան յարութեան համար»։—Յովհաննու 5։28, 29

15. Պօղոս եւ Անանիա Յիսուսի յարութեան մասին ի՞նչ ապացոյցներ ունէին։

15 Ինչպէս նախապէս յիշեցինք, Պօղոս առաքեալ յարութեան կը հաւատար։ Ի՞նչ հիման վրայ։ Ան նախապէս Քրիստոնեաներու հալածիչ վատահամբաւ Սօղոսն էր։ Իր անունն ու համբաւը սոսկում կը պատճառէին հաւատացեալներուն մէջ։ Վերջապէս, ան չէ՞ր որ Քրիստոնեայ նահատակ Ստեփանոսին մինչեւ մահ քարկոծուելուն կամակից եղաւ։ (Գործք 8։1. 9։1, 2, 26) Այսուհանդերձ, Դամասկոս տանող ճամբուն վրայ, յարուցեալ Քրիստոս Սօղոսը զգաստացուցած էր, ժամանակաւոր կուրութեամբ զարնելով զայն։ Սօղոս ձայն մը լսած էր, որ իրեն կ’ըսէր. «‘Սաւո՛ւղ, Սաւո՛ւղ, ինչո՞ւ զիս կը հալածես’։ Եւ անիկա ըսաւ. ‘Ո՞վ ես դուն, Տէր’։ Եւ Տէրը ըսաւ. ‘Ես եմ Յիսուսը, որ դուն կը հալածես’»։ Ապա, նոյն յարուցեալ Քրիստոսը Դամասկոսի մէջ բնակած Անանիային պատուիրած էր, որ երթար այն տունը ուր Սօղոս կ’աղօթէր եւ անոր տեսողութիւնը վերահաստատէր։ Արդ, անձնական փորձառութեամբ, թէ՛ Սօղոս եւ թէ Անանիա յարութեան հաւատալու ամէն պատճառ ունէին։—Գործք 9։4, 5, 10–12

16, 17. (ա) Ինչպէ՞ս գիտենք թէ Պօղոս մարդկային հոգիի բնածին անմահութեան մասին Յունական գաղափարին չէր հաւատար։ (բ) Աստուածաշունչը ի՞նչ հաստատ յոյս կու տայ։ (Եբրայեցիս 6։17–20)

16 Նկատեցէք թէ Սօղոս՝ Պօղոս առաքեալ՝ ի՛նչպէս պատասխանեց, երբ Փելիքս Կուսակալին առջեւ բերուեցաւ որպէս հալածուած Քրիստոնեայ մը։ Գործք 24։15–ին մէջ կը կարդանք. «Յոյս ունիմ առ Աստուած ... թէ մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն»։ Բացայայտօրէն, Պօղոս մարդկային հոգիի բնածին անմահութեան մասին հեթանոս Յունական գաղափարին չէր հաւատար, որոնց հոգին առասպելաբանական անդիի աշխարհ կամ ենթաշխարհ կ’երթայ։ Ան յարութեան կը հաւատար եւ այս հաւատալիքը կը սորվեցնէր։ Անիկա ոմանց համար անմահ կեանքի պարգեւը պիտի նշանակէ որպէս հոգեւոր արարածներ Քրիստոսին հետ երկնքի մէջ, իսկ մեծամասնութեան համար՝ ետ կեանքի գալը կատարեալ երկրի մը վրայ։—Ղուկաս 23։43. Ա. Կորնթացիս 15։20–22, 53, 54. Յայտնութիւն 7։4, 9, 17. 14։1, 3

17 Ուստի, Աստուածաշունչը մեզի յստակ խոստում մը եւ հաստատ յոյս մը կու տայ թէ յարութեան միջոցաւ, շատեր իրենց սիրելիները դարձեալ պիտի տեսնեն հոս երկրի վրայ, բայց շա՜տ տարբեր պարագաներու ներքեւ։—Բ. Պետրոս 3։13. Յայտնութիւն 21։1–4

Գործնական Օգնութիւն՝ Վշտահարներուն

18. (ա) «Աստուածավախութիւն» բնաբանով Նահանգային Համաժողովներուն, օգտակար ի՞նչ գործիք ծանուցանուեցաւ։ (Տես շրջագիծը։) (բ) Ո՞ր հարցումները հիմա պատասխանի կը կարօտին։

18 Այժմ մեր յիշատակները եւ մեր վիշտը ունինք։ Ի՞նչ կրնանք ընել սուգի այս դժուար շրջանէն վերապրելու համար։ Ուրիշներ ի՞նչ կրնան ընել վշտահարներուն օգնելու համար։ Անկէ զատ, ի՞նչ կրնանք ընել քարոզչութեան մէջ մեր հանդիպած անկեղծներուն օգնելու համար, որոնք իրական յոյս մը չունին եւ վշտէ կը տառապին։ Իսկ մեր ննջեցեալ սիրելիներուն մասին Աստուածաշունչէն ի՞նչ յաւելեալ մխիթարութիւն կրնանք քաղել։ Յաջորդ յօդուածը կարգ մը թելադրութիւններ պիտի ներկայացնէ։

[Ստորանիշ էջ 14]

a Աստուածաշունչի ժամանակներուն սուգի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, տես՝ Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ (Անգլ.), Հատոր Բ., էջ 446–7, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

[Ստորանիշ էջ 15]

b Աստուածաշունչին մէջ գտնուած յարութեան յոյսին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, տես՝ Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ (Անգլ.), Հատոր Բ., էջ 783–93։

Կրնա՞ք Պատասխանել

◻ Ինչո՞ւ կարելի է ըսել թէ մահը թշնամի մըն է։

◻ Աստուածաշունչի ժամանակներու Աստուծոյ ծառաները ինչպէ՞ս իրենց վիշտը կ’արտայայտէին։

◻ Ննջեցեալ սիրելիներուն համար ի՞նչ յոյս կայ։

◻ Պօղոս յարութեան հաւատալու ի՞նչ պատճառներ ունէր։

[Շրջանակ՝ էջ 16,17]

Գործնական Օգնութիւն՝ Վշտահարներուն

1994–95–ի «Աստուածավախութիւն» բնաբանով Նահանգային Համաժողովներուն, Դիտարանի Ընկերութիւնը նոր գրքոյկի մը հրատարակութիւնը ծանուցանեց, որու խորագիրն է՝ Երբ Սիրելի մը Կորսնցնենք։ Այս քաջալերական գրականութեան նպատակն է ամէն ազգի ու լեզուի պատկանող մարդոց մխիթարութիւն տալ։ Ինչպէս թերեւս արդէն նկատած էք, անիկա մահուան ու մեռելներուն վիճակին մասին Աստուածաշունչին պարզ բացատրութիւնը կու տայ։ Աւելի կարեւորը, անիկա, Քրիստոս Յիսուսի միջոցաւ, մաքրուած երկրային դրախտի մը մէջ ապրելու համար յարութեան մը մասին Աստուծոյ խոստումը ցայտուն կ’ընէ։ Անիկա իրապէս սգաւորներուն մխիթարութիւն կը բերէ։ Հետեւաբար, անիկա Քրիստոնէական ծառայութեան մէջ օգտակար գործիք մը պէտք է ըլլայ եւ հետաքրքրութիւն արթնցնէ տան սուրբ գրային յաւելեալ ուսումնասիրութիւններու դուռ բանալով։ Ուսումնասիրութեան հարցումները խոհեմաբար իւրաքանչիւր բաժինի վերջաւորութեան շրջագծերու մէջ դրուած են, որպէսզի կարելի ըլլայ ոեւէ անկեղծ, սգաւոր անհատի հետ նկատի առնուած կէտերը դիւրութեամբ վերաքաղ ընել։

[Նկար՝ էջ 16]

Երբ Ղազարոս մեռաւ, Յիսուս լացաւ

[Նկար՝ էջ 17]

Յիսուս Ղազարոսը մեռելներէն յարուցանեց

[Նկար՝ էջ Վերապահուած Իրաւասութիւն Էջ 14]

Առաջին Ողբը, W. Bouguereau–ի կողմէ, Ստեղծագործութեան Ֆօթօ–Տրամայի մէջ սկզբնական մետաղեայ տախտակէն առնուած, 1914

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել