-
«Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրներըԺողովի տետրին աղբիւրները (2020) | Սեպտեմբեր
-
-
Հետաքրքրական է որ Ահարոն երեք պարագաներուն ալ նախաքայլը չառաւ սխալ ընելու, բայց թոյլ տուաւ որ ճնշիչ պարագաները կամ մարդիկ զինք մղեն, որ սխալ ընթացք մը բռնէ։ Մասնաւորաբար առաջին պարագային մէջ, ան կրնար հետեւեալ պատուէրին ետին եղող սկզբունքը կիրարկել. «Չարութիւն ընելու համար բազմութեան մի՛ հետեւիր» (Ել. 23։2)։
-
-
«Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրներըԺողովի տետրին աղբիւրները (2021) | Յուլիս
-
-
Երբ իրարու հետ հարց ունեցող անհատներէն մէկը դատաւորին նուէր մը տայ, ատիկա կրնայ դատաւորին դատողութեան ազդել՝ որքա՛ն ալ արդար եւ խորատես ըլլայ։ Ան թերեւս նոյնիսկ չանդրադառնայ ասոր։ Աստուծոյ օրէնքը կ’ըսէ որ ո՛չ միայն նուէրը կրնայ կուրցնել անհատը, հապա նաեւ՝ իրեն ըսուած գովելի խօսքերը։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Աղքատին աչառութիւն մի՛ ընէք եւ մեծը մի՛ շողոքորթէք» (Ղեւ. 19։15)։ Ուրեմն դատաւոր մը մարդոց կողմէ սիրուելու եւ պատուուելու համար պէտք չէր հարուստին դէմ վճիռ արձակեր պարզապէս քանի որ հարուստ էր (Ել. 23։2, 3)։
-