Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դմ գլ. 12 էջ 198-209
  • Աստուծմէ ղրկուած պատգամաբերի մը կողմէ զօրացած

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուծմէ ղրկուած պատգամաբերի մը կողմէ զօրացած
  • Ուշադրութիւն ընծայեցէ՛ք Դանիէլի մարգարէութեան
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Մտահոգութեան Պատճառ մը
  • Ահարկու Տեսիլք մը
  • «Սիրելի Մարդ»ը կը Զօրանայ
  • Եհովա հոյակապ վարձատրութիւն մը կը խոստանայ Դանիէլի
    Ուշադրութիւն ընծայեցէ՛ք Դանիէլի մարգարէութեան
  • Դանիէլ գիրքը եւ դո՛ւք
    Ուշադրութիւն ընծայեցէ՛ք Դանիէլի մարգարէութեան
  • Դանիէլի գիրքէն աչքառու կէտեր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
  • Ճշմարիտ երկրպագուները բնորոշել վերջին ժամանակին մէջ
    Ուշադրութիւն ընծայեցէ՛ք Դանիէլի մարգարէութեան
Տես աւելին
Ուշադրութիւն ընծայեցէ՛ք Դանիէլի մարգարէութեան
դմ գլ. 12 էջ 198-209

Գլուխ տասնըերկու

Աստուծմէ ղրկուած պատգամաբերի մը կողմէ զօրացած

1. Եհովայի նպատակին իրագործման հանդէպ իր ունեցած սուր հետաքրքրութեան համար Դանիէլ ի՞նչպէս օրհնուեցաւ։

ԵՀՈՎԱՅԻ նպատակին իրագործման հանդէպ Դանիէլի ունեցած սուր հետաքրքրութիւնը առատօրէն վարձատրուեցաւ։ Անոր տրուեցաւ Մեսիայի երեւնալուն ժամանակին մասին 70 եօթնեակի ոգեւորիչ մարգարէութիւնը։ Դանիէլ նաեւ հաճոյքը ունեցաւ տեսնելու իր ժողովուրդին հաւատարիմ մնացորդին հայրենիք վերադառնալը, որ տեղի ունեցաւ Հ.Դ.Ա. 537–ին, ‘Պարսիկներու Կիւրոս թագաւորին առաջին տարուան’ վերջաւորութեան։—Եզրասայ 1։1-4

2, 3. Հաւանաբար ինչո՞ւ Դանիէլ Հրեայ մնացորդին հետ Հրէաստան չվերադարձաւ։

2 Դանիէլ Հրէաստան վերադարձողներուն մէջ չէր։ Այդ յառաջացած տարիքին մէջ հաւանաբար իրեն համար դժուար էր ճամբորդել։ Ամենայնդէպս, Աստուած տակաւին Բաբելոնի մէջ իրեն յանձնելիք յաւելեալ ծառայութիւն ունէր։ Երկու տարի անցաւ. ապա, պատմութիւնը մեզի կ’ըսէ. «Պարսիկներու Կիւրոս թագաւորին երրորդ տարին խօսք մը յայտնուեցաւ Դանիէլին, որուն անունը Բաղտասասար էր։ Այն խօսքը ճշմարիտ էր ու մեծ տառապանքի վրայով էր։ Անիկա խօսքը հասկցաւ ու տեսիլքին տեղեակ եղաւ»։—Դանիէլ 10։1

3 «Կիւրոս թագաւորին երրորդ տարին» կը համեմատի Հ.Դ.Ա. 536/535–ին։ Արքայազուններուն եւ Յուդայի ազնուական պատանիներուն հետ Դանիէլի Բաբելոն բերուելէն աւելի քան 80 տարիներ անցած էին։ (Դանիէլ 1։3) Եթէ Բաբելոն եկած ժամանակ ան պատանեկութեան տարիքի մէջ էր, հիմա մօտաւորապէս 100 տարեկան ըլլալու էր։ Հաւատարիմ ծառայութեան ի՜նչ հոյակապ արձանագրութիւն մը։

4. Հակառակ իր յառաջացած տարիքին, Դանիէլ տակաւին ի՞նչ յատկանշական դեր մը պիտի խաղար Եհովայի ծառայութեան մէջ։

4 Սակայն, յառաջացած տարիքի մէջ ըլլալով հանդերձ, Եհովայի ծառայութեան մէջ Դանիէլի դերը չէր վերջացած։ Անոր միջոցաւ, Աստուած տակաւին, հեռահաս նշանակութիւն ունեցող մարգարէական պատգամ մը պիտի հաղորդէր։ Անիկա մինչեւ մեր օրերը երկարող եւ անկէ անդին ալ գացող մարգարէութիւն մը պիտի ըլլար։ Այս յաւելեալ պարտականութեան ի տես Դանիէլը պատրաստելու համար, Եհովա տեսաւ որ տեղին էր բան մը ընել, որպէսզի իր առջեւ գտնուող ծառայութեան համար զինք զօրացնէր։

Մտահոգութեան Պատճառ մը

5. Ի՞նչպիսի տեղեկութիւններ հաւանաբար մտահոգութիւն կը պատճառէին Դանիէլի։

5 Թէեւ Դանիէլ Հրեայ մնացորդին հետ Հրէաստան չվերադարձաւ, բայց ան մեծապէս հետաքրքրուած էր իր սիրելի հայրենիքին մէջի եղած անցուդարձերով։ Իրեն հասած տեղեկագրութիւններէն Դանիէլ տեղեկացաւ որ ամէն բան լաւ չէր ընթանար հոն։ Երուսաղէմի մէջ զոհասեղանը վերահաստատուած էր եւ տաճարին հիմը դրուած էր։ (Եզրասայ՝ գլուխ 3) Սակայն, դրացի ազգեր վերաշինութեան ծրագրին կը հակառակէին եւ կը դաւէին վերադարձած Հրեաներուն վնաս հասցնել։ (Եզրասայ 4։1-5) Արդարեւ, Դանիէլ մտահոգուելու բազմաթիւ պատճառներ ունէր։

6. Երուսաղէմի վիճակը ինչո՞ւ նեղութիւն կը պատճառէր Դանիէլի։

6 Դանիէլի ծանօթ էր Երեմիայի մարգարէութիւնը։ (Դանիէլ 9։2) Ան գիտէր թէ Երուսաղէմի մէջ տաճարին վերաշինութիւնը եւ մաքուր պաշտամունքի վերահաստատումը, սերտ կապակցութիւն ունէին Իր ժողովուրդին նկատմամբ Եհովայի նպատակին հետ եւ թէ այս բոլոր բաները խոստացեալ Մեսիայի երեւնալէն առաջ պէտք էր ըլլային։ Արդարեւ, Դանիէլ «եօթանասուն եօթնեակ»ի մարգարէութիւնը Եհովայէ ստանալու յատուկ առանձնաշնորհումը ունեցաւ։ Անկէ ան հասկցաւ որ Մեսիան պիտի գար Երուսաղէմը վերանորոգելու ու վերաշինելու հրամանը ելլելէն 69 «եօթնեակ» ետք։ (Դանիէլ 9։24-27) Երուսաղէմի աւերուած վիճակին եւ տաճարին շինութեան յապաղելուն ի տես, դժուար չէ տեսնել թէ Դանիէլ ինչո՛ւ վհատած, անտրամադիր եւ յուսալքուած էր։

7. Դանիէլ երեք շաբաթ ի՞նչ ըրաւ։

7 Պատմութիւնը կ’ըսէ. «Այն օրերը ես՝ Դանիէլս՝ լման երեք շաբաթ սուգ պահեցի։ Ախորժելի կերակուր չկերայ ու բերանս միս կամ գինի չմտաւ ու բնաւ իւղով չօծուեցայ՝ մինչեւ որ երեք շաբաթը լմնցաւ»։ (Դանիէլ 10։2, 3) «Երեք շաբաթ» կամ 21 օր սուգ բռնելը ու ծոմ պահելը անսովոր երկար ժամանակ մըն էր։ Երեւութապէս անիկա վերջացած ըլլալու էր «առաջին ամսուան քսանըչորրորդ օրը»։ (Դանիէլ 10։4) Հետեւաբար, Դանիէլի ծոմապահութեան շրջանին մէջ կար Պասեքը, որ առաջին ամսուն՝ Նիսանի 14–րդ օրը կը պահուէր, ինչպէս նաեւ՝ անոր յաջորդող եօթնօրեայ անխմոր հացի տօնը։

8. Դանիէլ նախապէս ե՞րբ Եհովայի առաջնորդութիւնը անձկալից փնտռած էր, եւ ի՞նչ եղած էր արդիւնքը։

8 Դանիէլ նախապէս ալ այսպիսի փորձառութիւն մը ունեցած էր։ Այդ ժամանակ, ան Երուսաղէմի 70 տարուան ամայութեան մասին Եհովայի տուած մարգարէութեան կատարումով մտատանջուած էր։ Այն ատեն ի՞նչ ըրաւ։ Դանիէլ ըսաւ. «Ես իմ երեսս Տէր Աստուծոյ դարձուցի, որպէս զի ծոմապահութեամբ, քուրձով ու մոխիրով աղօթք ու աղաչանք մատուցանեմ»։ Եհովա պատասխանեց Դանիէլի աղօթքին, Գաբրիէլ հրեշտակին միջոցաւ անոր պատգամ մը ղրկելով, որ մեծ քաջալերութիւն մը եղաւ իրեն համար։ (Դանիէլ 9։3, 21, 22) Եհովա այս անգամ ալ նոյն կերպով պիտի վարուէ՞ր, Դանիէլի տալով քաջալերութիւն մը, որու անհրաժեշտ կարիքը ունէր։

Ահարկու Տեսիլք մը

9, 10. (ա) Դանիէլ ո՞ւր կը գտնուէր, երբ տեսիլք մը ստացաւ։ (բ) Նկարագրեցէք ինչ որ Դանիէլ տեսաւ տեսիլքին մէջ։

9 Դանիէլ յուսախաբ չեղաւ։ Ան կը շարունակէ մեզի ըսել թէ անկէ ետք ի՛նչ տեղի ունեցաւ. «Ես Տիգրիս մեծ գետին եզերքն էի։ Աչքերս վերցուցի ու նայեցայ եւ ահա կտաւ հագած ու մէջքը Ոփազի ոսկիէ գօտի կապած մարդ մը տեսայ»։ (Դանիէլ 10։4, 5) Տիգրիսը՝ Եդեմի պարտէզէն ծագում առնող չորս գետերէն մէկն էր։ (Ծննդոց 2։10-14) Տիգրիս ու Եփրատ գետերուն միջեւ եղող շրջանը կոչուեցաւ Միջագետք, որ կը նշանակէ «Գետերու Միջեւ Գտնուող Ցամաքամաս»։ Ասիկա կը հաստատէ թէ երբ Դանիէլ այս տեսիլքը ստացաւ, ինք տակաւին Բաբելոնիայի մէջ էր, թէեւ թերեւս ո՛չ Բաբելոն քաղաքին մէջ։

10 Դանիէլ ի՜նչ ահաւոր տեսիլք մը տեսաւ։ Երբ ան իր աչքերը բարձրացուց, ակներեւաբար սովորական մարդ մը չտեսաւ։ Ան հետեւեալ վառ նկարագրութիւնը կու տայ. «Անոր մարմինը ոսկեքարի պէս ու երեսը փայլակի երեւոյթ ունէր։ Աչքերը կրակի բոցերու պէս եւ թեւերն ու ոտքերը փայլուն պղնձի գոյնի նման էին։ Իր ձայնը բազմութեան ձայնին պէս էր»։—Դանիէլ 10։6

11. Տեսիլքը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ Դանիէլի եւ իր հետ եղող մարդոց վրայ։

11 Տեսիլքը փայլուն ըլլալով հանդերձ, Դանիէլ ըսաւ որ «ինծի հետ եղող մարդիկը տեսիլքը չտեսան»։ Անբացատրելի պատճառով մը, անոնք «շատ վախցան ու փախան, որպէս զի պահուըտին»։ Ուստի, Դանիէլ միս–մինակ մնաց գետափին վրայ։ Այս ահաւոր «տեսիլք»ը այնքան համակեց զինք, որ Դանիէլ խոստովանեցաւ. «Իմ վրաս ոյժ չմնաց, իմ վայելչութիւնս ապականութեան դարձաւ ու ա՛լ ոյժ չունեցայ»։—Դանիէլ 10։7, 8

12, 13. Պատգամաբերին (ա) հագուստը եւ (բ) երեւոյթը ի՞նչ կը նշեն։

12 Հիմա աւելի մօտէն նայինք այս ապշեցուցիչ պատգամաբերին, որ ա՛յդքան ահաբեկեց Դանիէլը։ Ան «կտաւ հագած ու մէջքը Ոփազի ոսկիէ գօտի կապած» էր։ Վաղեմի Իսրայէլին մէջ, քահանայապետին գօտին, եփուտը եւ լանջապանակը, ինչպէս նաեւ միւս քահանաներուն հագուստները, մանուած բարակ քթանէ շինուած եւ ոսկիով նախշուած էին։ (Ելից 28։4-8. 39։27-29) Հետեւաբար, պատգամաբերին հագուստը սրբութիւն եւ իր պաշտօնին վայելչութիւնը կը նշէր։

13 Պատգամաբերին երեւոյթն ալ Դանիէլը ահաբեկած էր. անոր գոհարանման մարմնին փայլքը, շողացող դէմքին շլացուցիչ ճառագայթումը, կրակոտ աչքերուն ներթափանցող զօրութիւնը եւ անոր զօրաւոր ձեռքերուն ու ոտքերուն շքեղութիւնը։ Անոր կտրուկ ձայնն անգամ վախազդու էր։ Այս բոլորը յստակօրէն կը նշեն որ ան գերմարդկային մէկն էր։ ‘Կտաւ հագած այս մարդը’ բարձրաստիճան հրեշտակ մըն էր, որ Եհովայի սուրբ ներկայութեան կը ծառայէր, որու քովէն եկած էր պատգամով մը։a

«Սիրելի Մարդ»ը կը Զօրանայ

14. Դանիէլ ի՞նչ օգնութեան պէտք ունէր հրեշտակային պատգամը ստանալու համար։

14 Եհովայի հրեշտակին Դանիէլի բերած պատգամը ծանրակշիռ եւ բարդ էր։ Դանիէլ այս պատգամը ստանալու կարող ըլլալէ առաջ, օգնութեան պէտք ունէր, որպէսզի ֆիզիքական եւ մտային ընկճուած վիճակէն ապաքինէր։ Երեւութապէս ասկէ տեղեակ ըլլալով, հրեշտակը սիրալիր կերպով անձնապէս օգնեց Դանիէլի եւ զինք քաջալերեց։ Հիմա Դանիէլէ լսենք եղելութեան մնացեալ մասը։

15. Դանիէլին օգնելու համար հրեշտակը ի՞նչ ըրաւ։

15 «Անոր խօսքերը լսեցի ու անոր ձայնը լսածիս պէս՝ թմրած երեսիս վրայ գետինը ինկայ»։ Հաւանաբար վախը եւ վատ բանի մը նախազգացումը պատճառ եղան որ Դանիէլ նուաղի։ Հրեշտակը ի՞նչ ըրաւ, իրեն օգնելու համար։ Դանիէլ ըսաւ. «Այն ատեն ինծի ձեռք մը դպաւ ու զիս ծունկերուս ու ձեռքերուս թաթերուն վրայ վերցուց»։ Ասկէ զատ, հրեշտակը հետեւեալ խօսքերով խրախուսեց մարգարէն. «Ո՛վ Դանիէլ, սիրելի՛ մարդ, քեզի ըսելու խօսքերս լսէ՛ ու եղած տեղդ կայնէ՛, քանզի հիմա քեզի ղրկուեցայ»։ Իրեն երկարած օգնութեան ձեռքը ու մխիթարիչ խօսքերը կազդուրեցին Դանիէլը։ Թէեւ Դանիէլ ‘կը դողար’, բայց ‘կայնեցաւ’։—Դանիէլ 10։9-11

16. (ա) Ի՞նչպէս կը տեսնուի որ Եհովա արագօրէն կը պատասխանէ իր ծառաներուն աղօթքներուն։ (բ) Դանիէլի օգնութեան փութալու մէջ հրեշտակը ինչո՞ւ ուշացած էր։ (Շրջագիծը ներառեալ։) (գ) Հրեշտակը ի՞նչ պատգամ ունէր Դանիէլի համար։

16 Հրեշտակը նշեց որ ինք եկած էր մասնաւորաբար Դանիէլը զօրացնելու համար։ Ան ըսաւ. «Մի՛ վախնար, ո՛վ Դանիէլ, քանզի այն առաջին օրէն ի վեր, որ քու սիրտդ տուիր հասկնալու եւ քու Աստուծոյդ առջեւ քու անձդ խոնարհեցուցիր, քու խօսքերդ լսուեցան ու ես քու խօսքերուդ համար եկայ»։ Ապա, հրեշտակը բացատրեց թէ ինչո՛ւ ուշացած էր։ Ան ըսաւ. «Բայց Պարսիկներու թագաւորութեան իշխանը քսանըմէկ օր ընդդիմացաւ. սակայն ահա Միքայէլը՝ առաջին իշխաններէն մէկը՝ ինծի օգնութեան եկաւ ու ես հոն Պարսիկներու թագաւորներուն քով մնացի»։ Միքայէլին օգնութեամբ, հրեշտակը կրցած էր կատարել իրեն տրուած առաքելութիւնը՝ Դանիէլի քով գալով այս շատ կարեւոր պատգամով. «Հիմա քեզի եկայ, որպէս զի իմացնեմ թէ վերջին օրերը քու ժողովուրդիդ ինչ պիտի պատահի, վասն զի տեսիլքը ապագային համար է»։—Դանիէլ 10։12-14

17, 18. Երկրորդ անգամ ըլլալով, Դանիէլ ի՞նչպէս օգնութիւն ստացաւ, եւ ասիկա ի՞նչ ընելու կարող դարձուց զինք։

17 Այսպիսի հետաքրքրաշարժ պատգամ մը ստանալու ակնկալութիւնը փոխանակ խրախուսելու Դանիէլը, այնպէս կը թուի որ իր լսած բաները հակառակ ազդեցութիւն ունեցան իր վրայ։ Տեղեկութիւնը կը շարունակէ ըսել. «Անոր խօսքերը լսածիս պէս՝ երեսս դէպի գետինը ծռեցի ու համր մնացի»։ Բայց երկրորդ անգամ ըլլալով, պատգամաբեր հրեշտակը սիրալիր օգնութիւն տալու պատրաստ էր։ Դանիէլ ըսաւ. «Ահա մարդու որդիի կերպարանքով մէկը շրթունքներուս դպաւ ու բերանս բացուեցաւ ու խօսեցայ»։b —Դանիէլ 10։15, 16ա

18 Դանիէլ զօրացաւ, երբ հրեշտակը իր շրթունքներուն դպաւ։ (Համեմատել՝ Եսայեայ 6։7։) Խօսելու իր կարողութիւնը վերագտնելով, Դանիէլ կրցաւ պատգամաբեր հրեշտակին բացատրել իր կրած դժուարութիւնները։ Դանիէլ ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ, այս տեսիլքով ցաւերս վրաս դարձան։ Ալ ոյժ չունիմ։ Իմ Տէրոջս ծառան իր Տէրոջը հետ ի՞նչպէս պիտի կրնայ խօսիլ, վասն զի հիմակուընէ վրաս ոյժ չկայ ու վրաս շունչ չմնաց»։—Դանիէլ 10։16բ, 17

19. Երրորդ անգամ ըլլալով Դանիէլ ի՞նչպէս օգնութիւն ստացաւ եւ ի՛նչ արդիւնքով։

19 Դանիէլ որեւէ գանգատ կամ չքմեղանք չէր ներկայացներ։ Ան պարզապէս իր շփոթեցուցիչ կացութիւնը կը բացատրէր եւ հրեշտակը ընդունեց իր ըսածը։ Ուստի, երրորդ անգամ ըլլալով, պատգամաբեր հրեշտակը օգնեց իրեն։ Մարգարէն ըսաւ. «Այն մարդու կերպարանք ունեցողը նորէն ինծի դպաւ եւ զիս ուժովցուց»։ Պատգամաբերը կազդուրիչ կերպով դպնալուն հետ, հետեւեալ մխիթարական խօսքերն ալ ըսաւ. «Մի՛ վախնար, ո՛վ սիրելի մարդ, խաղաղութիւն ըլլայ քեզի, ուժովցի՛ր ու քաջ եղիր»։ Ակներեւաբար, Դանիէլ ճի՛շդ այդ սիրալիր դիպումին ու շինիչ խօսքերուն պէտք ունէր։ Հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։ Դանիէլ ըսաւ. «Երբ անիկա ինծի հետ խօսեցաւ, ուժովցայ ու ըսի. ‘Թող խօսի իմ Տէրս, վասն զի ուժովցուցիր զիս’»։ Արդ, Դանիէլ պատրաստ էր ուրիշ դժուար նշանակում մը ստանձնելու։—Դանիէլ 10։18, 19

20. Պատգամաբեր հրեշտակը իր նշանակումը կատարելու համար ինչո՞ւ ջանք թափելու կարիքը ունեցաւ։

20 Դանիէլը զօրացնելէ եւ անոր մտային ու ֆիզիքական կարողութիւնները վերագտնելու մէջ իրեն օգնելէ ետք, հրեշտակը իրեն տրուած առաքելութեան նպատակը յայտնեց։ Ան ըսաւ. «Գիտե՞ս թէ ինչու համար քեզի եկայ։ Հիմա Պարսիկներու իշխանին դէմ պատերազմելու պիտի երթամ։ Երբ ես երթամ՝ Յոյներու իշխանը պիտի գայ։ Բայց ես ճշմարտութեան գրքին մէջ գրուածը քեզի պիտի պատմեմ։ Ոեւէ մէկը չկայ, որ ինծի օգնէ, բայց միայն ձեր Միքայէլ իշխանը»։—Դանիէլ 10։20, 21

21, 22. (ա) Դանիէլի փորձառութենէն ի՞նչ կը սորվինք իր ծառաներուն հետ Եհովայի վերաբերմունքի կերպին մասին։ (բ) Արդ, Դանիէլ ի՞նչ բանի համար զօրացած էր։

21 Եհովայի կողմէ ի՜նչ խանդաղատանք եւ փափկանկատութիւն։ Ան իր ծառաներուն հետ միշտ կը վարուի անոնց կարողութիւններուն ու սահմանափակումներուն համաձայն։ Մէկ կողմէ, անոնց նշանակումներ կու տայ, քաջ գիտնալով թէ անոնք ի՛նչ իրագործելու կարող են՝ նոյնիսկ երբ անոնք իրենք զիրենք ատակ չեն զգար։ Իսկ միւս կողմէ, ան սիրայօժար կերպով անոնց մտիկ կ’ընէ, ապա իրենց նշանակումները կատարելու համար անոնց հարկ եղածը կը հայթայթէ։ Թող որ մենք ալ միշտ մեր երկնաւոր Հայրը՝ Եհովան՝ ընդօրինակենք, սիրալիր կերպով քաջալերելով եւ զօրացնելով մեր հաւատակիցները։—Եբրայեցիս 10։24

22 Հրեշտակին մխիթարիչ պատգամը մեծապէս քաջալերեց Դանիէլը։ Հակառակ իր յառաջացած տարիքին, Դանիէլ իսկոյն զօրացաւ եւ պատրաստուեցաւ ի նպաստ մեզի եղող յաւելեալ ուշագրաւ մարգարէութիւն մը ստանալու ու արձանագրելու համար։

[Ստորանիշներ]

a Թէեւ այս հրեշտակին անունը յիշուած չէ, բայց այնպէս կը թուի թէ ան նոյն հրեշտակն է որ Գաբրիէլի ձայնեց, որպէսզի տակաւին նոր տեսած տեսիլքին համար Դանիէլի օգնէ։ (Համեմատել՝ Դանիէլ 8։2, 15, 16–ը, 12։7, 8–ի հետ։) Ասկէ զատ, Դանիէլ 10։13–ը ցոյց կու տայ որ Միքայէլ՝ «առաջին իշխաններէն մէկը», օգնութեան հասաւ այս հրեշտակին։ Հետեւաբար, անունը չյիշուած այս հրեշտակը, Գաբրիէլի ու Միքայէլի հետ սերտօրէն աշխատելու առանձնաշնորհումը կը վայելէ։

b Թէեւ Դանիէլի հետ խօսող նոյն հրեշտակը կրնար իր շրթունքներուն դպչիլ եւ զինք կազդուրել, սակայն հոս ըսուածէն նաեւ կրնայ հասկցուիլ թէ ուրիշ հրեշտակ մը, թերեւս Գաբրիէլ, ասիկա ըրաւ։ Ամենայնդէպս, Դանիէլ զօրացաւ պատգամաբեր հրեշտակի մը կողմէ։

Ի՞ՆՉ ԸՄԲՌՆԵՑԻՔ

• Եհովայի հրեշտակը Դանիէլի օգնութեան փութալու համար ինչո՞ւ ուշացաւ Հ.Դ.Ա. 536/535–ին։

• Աստուծոյ պատգամաբեր հրեշտակին հագուստը եւ երեւոյթը ի՞նչ կը նշեն իր մասին։

• Դանիէլ ի՞նչ օգնութեան կարիքը ունէր, եւ հրեշտակը ի՞նչպէս այդ օգնութիւնը տուաւ երեք անգամ։

• Հրեշտակը ի՞նչ պատգամ ունէր Դանիէլի համար։

[Շրջանակ՝ էջ 204, 205]

Հրեշտակային Պահապաննե՞ր՝ թէ Դիւային Կառավարիչներ

ԴԱՆԻԷԼ գիրքէն շատ բան կրնանք սորվիլ հրեշտակներուն մասին։ Անիկա մեզի կը խօսի Եհովայի խօսքը տանելու մէջ անոնց դերին եւ իրենց նշանակումները կատարելու համար անոնց թափած ջանքին մասին։

Աստուծոյ հրեշտակը ըսաւ որ երբ Դանիէլի քով կ’երթար անոր հետ խօսելու համար, ճամբուն վրայ «Պարսիկներու թագաւորութեան իշխանը» իրեն արգելք հանդիսացաւ։ Անոր հետ 21 օր պայքարելէ ետք, պատգամաբեր հրեշտակը կրցաւ իր ճամբան շարունակել միայն, երբ օգնութիւն ստացաւ ‘Միքայէլէն՝ առաջին իշխաններէն մէկէն’։ Հրեշտակը նաեւ ըսաւ որ այդ թշնամիին դէմ դարձեալ պիտի պատերազմէր, ինչպէս նաեւ՝ հաւանաբար «Յոյներու իշխան»ին դէմ։ (Դանիէլ 10։13, 20) Ասիկա դիւրին պարտականութիւն մը չէր նոյնիսկ հրեշտակի մը համար։ Սակայն, Պարսկաստանի ու Յունաստանի այս իշխանները որո՞նք են։

Ամէն բանէ առաջ, կը նկատենք որ Միքայէլը կոչուած է «առաջին իշխաններէն մէկը» եւ ‘ձեր իշխանը’։ Ետքը, Միքայէլի ակնարկուած է որպէս Դանիէլի ‘ժողովուրդին որդիներուն վրայ կեցող մեծ իշխանը’։ (Դանիէլ 10։21. 12։1) Ասիկա կը նշէ որ Միքայէլ ինքն էր Իսրայելացիները անապատին մէջէն առաջնորդելու համար Եհովայի կողմէ նշանակուած հրեշտակը։—Ելից 23։20-23. 32։34. 33։2

Այս եզրակացութեան յանգելու կը նպաստեն Յուդա աշակերտին խօսքերը, թէ «Միքայէլ հրեշտակապետը, երբ Սատանային դէմ դնելով Մովսէսին մարմնին համար կը վիճէր»։ (Յուդա 9) Միքայէլի դիրքը, զօրութիւնը եւ հեղինակութիւնը զինք իրապէս «հրեշտակապետ» կը դարձնեն, որ կը նշանակէ «գլխաւոր հրեշտակը»։ Այս բարձր դիրքը տեղին ըլլալով կարելի է կիրարկել միմիայն Յիսուս Քրիստոսի՝ Աստուծոյ Որդիին, երկիր գալէն առաջ եւ վերջ։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։15. Յայտնութիւն 12։7-9

Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ Եհովա Պարսկաստանի եւ Յունաստանի նման ազգերուն վրայ ալ հրեշտակներ նշանակած է, զանոնք առաջնորդելու համար։ Յիսուս Քրիստոս՝ Աստուծոյ Որդին, բացայայտօրէն ըսաւ. «Այս աշխարհին իշխանը . . . իմ վրաս բան մը չունի»։ Ան նաեւ ըսաւ. «Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ . . . իմ թագաւորութիւնս ասկէ չէ»։ (Յովհաննու 14։30. 18։36) Յովհաննէս առաքեալ ըսաւ որ «բոլոր աշխարհ չարին մէջ [«զօրութեան ներքեւ», ՆԱ] է»։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Որոշ է որ աշխարհի ազգերը Աստուծոյ կամ Քրիստոսի առաջնորդութեան կամ իշխանութեան ներքեւ բնաւ չեն եղած ու ոչ ալ՝ են։ Մինչ Եհովա կը թոյլատրէ որ «վերին իշխանութիւններ»ը գոյատեւեն եւ երկրային կառավարական գործերուն վրայ հսկեն, բայց անոնց վրայ իր հրեշտակները չի նշանակեր։ (Հռովմայեցիս 13։1-7, ՆԱ) Անոնց վրայ եղած ոեւէ «իշխան» կամ «կառավարիչ» հոն դրուած կրնայ ըլլալ միայն «այս աշխարհին իշխան»ին՝ Բանսարկու Սատանային՝ կողմէ։ Անոնք աւելի դիւային իշխաններ պէտք է ըլլան, քան թէ՝ հրեշտակային պահապաններ։ Ուստի, տեսանելի կառավարիչներուն ետին, անտեսանելի դիւային ուժեր, կամ «իշխաններ», կան, եւ ազգային պայքարներուն մէջ խնդրոյ առարկաները միմիայն մարդիկ չեն։

[Էջը ծածկող նկար՝ էջ 199]

[Էջը ծածկող նկար՝ էջ 207]

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել