Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ94 11/1 էջ 8-13
  • Եհովա բանաւոր է

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովա բանաւոր է
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Եհովա. Տիեզերքին Մեծագոյն Յարմարող Էութիւնը
  • Բանաւորութիւն՝ Աստուածային Իմաստութեան Յատկանիշ մը
  • «Ներող»
  • Վարուելակերպը Փոխել, Նոր Պարագաներու Դիմաց
  • Բանաւորութիւն՝ Հեղինակութիւն Գործադրելու մէջ
  • Բանաւորութիւն մշակենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Եհովան ընդօրինակէ՝ ճկուն ըլլալով
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
  • Եհովայի առատաձեռնութիւնը եւ խոհեմութիւնը գնահատէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Եհովայի ներած կերպով կը ներե՞նք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
դ94 11/1 էջ 8-13

Եհովա բանաւոր է

‘Վերին իմաստութիւնը ... հեզ [բանաւոր (ՆԱ)] է’։—ՅԱԿՈԲՈՒ 3։17

1. Ոմանք ինչպէ՞ս Աստուած նկարագրած են որպէս անբանաւոր, եւ Աստուծոյ նկատմամբ այսպիսի տեսակէտի մը մասին ի՞նչ կը խորհիք։

Ի՞ՆՉՊԻՍԻ Աստուած մը կը պաշտէք։ Կը կարծէ՞ք որ ան անթեքօրէն եւ խստօրէն արդար եւ բնաւորութեամբ խստապահանջ ու կարծր Աստուած մըն է։ Բողոքական բարեկարգիչ Ճոն Կալվինին համար, Աստուած այդպէս էր։ Կալվին կը դաւանէր որ Աստուած իւրաքանչիւր անհատի նկատմամբ «յաւիտենական ու անփոփոխելի ծրագիր» մը ունի, նախասահմանելով թէ իւրաքանչիւր անհատ յաւիտեան երջանի՞կ պիտի ապրի թէ մշտնջենապէս դժոխքին մէջ պիտի տանջուի։ Պահ մը երեւակայեցէք. Եթէ ասիկա շիտակ ըլլար, ի՛նչ որ ալ ընէիք, որքա՛ն ալ ծանր աշխատէիք, ոչ մէկ բան պիտի փոխէր ձեզ եւ ձեր ապագային նկատմամբ Աստուծոյ անփոփոխ, անթեք ծրագիրը։ Արդեօք այսպիսի անբանաւոր Աստուած մը պիտի հրապուրէ՞ր ձեզ։—Բաղդատել Յակոբու 4։8։

2, 3. (ա) Մարդկային հաստատութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն անբանաւորութիւնը ինչպէ՞ս կրնանք լուսաբանել։ (բ) Եհովայի երկնային կառքին մասին Եզեկիէլի տեսիլքը ինչպէ՞ս կը յայտնէ Իր յարմարող ըլլալը։

2 Որքա՜ն ամոքիչ է գիտնալ որ Աստուածաշունչին Աստուածը գերազանցօրէն բանաւոր է։ Ոչ թէ Աստուած, այլ մարդիկ, իրենց անկատարութիւններով կաշկանդուած, կարծր ու անթեք ըլլալու հակամէտ են։ Մարդկային կազմակերպութիւնները կրնան նոյնքան անղեկավարելի ըլլալ որքան բեռնատար կառախումբերը։ Երբ հսկայ բեռնատար կառախումբ մը երկաթուղիին վրայ խոչընդոտի մը հանդիպի, թեքուիլը անկարելի է, իսկ կանգ առնելը այնքան ալ դիւրին չէ։ Կարգ մը կառախումբեր այնքան զօրաւոր թափով կ’ընթանան որ անոնք, արգելակները գործածելէ ետք, քիլոմեթրէ մը աւելի կը կտրեն կանգ առնելու համար։ Նմանապէս, հսկայ քարիւղատար շոգենաւ մը, շարժակները մարելէ ետք, կրնայ ութ քիլոմեթր կտրել։ Եթէ նոյնիսկ անոնք հակառակ ուղղութեամբ աշխատին, անիկա կրնայ իր ընթացքը շարունակել երեք քիլոմեթր երթալով։ Բայց հիմա նկատի առէք այս երկուքէն շա՜տ աւելի ահարկու կառք մը՝ որ կը ներկայացնէ Աստուծոյ կազմակերպութիւնը։

3 Աւելի քան 2,600 տարիներ առաջ, Եհովա Եզեկիէլ մարգարէին տեսիլք մը տուաւ, որ հոգեղէն արարածներէ բաղկացող Իր երկնային կազմակերպութիւնը կը պատկերացնէր։ Անիկա ահաւոր համեմատութիւններով կառք մըն էր, Եհովայի «կառք»ը որ միշտ իր հսկողութեան ներքեւ է։ Ամենէն հետաքրքրականը անոր շարժելու կերպն էր։ Անոր վիթխարի անիւները քառաթաւալ ու աչքերով լեցուն էին, ուստի անոնք կրնային ամէնուրեք տեսնել եւ անմիջապէս ուղղութիւնը փոխել առանց կանգ առնելու կամ թեքուելու։ Իսկ այս հսկայ կառքը հարկ չունէր քարիւղատար շոգենաւի մը կամ բեռնատար կառախումբի մը նման ծանր ու դանդաղ շարժելու։ Անիկա կրնար փայլակի արագութեամբ շարժիլ, նոյնիսկ ուղղանկիւն դարձուացքներ ընելով։ (Եզեկիէլ 1։1, 14–28) Եհովա Կալվինի քարոզած Աստուծմէն ա՛յնքան տարբեր է, որքան Իր կառքը՝ մարդակերտ անճարակ մեքենաներէն։ Ան կատարելապէս յարմարող է։ Եհովայի անձնաւորութեան այս երեսակը գնահատելը պէտք է օգնէ մեզի որ յարմարող ըլլանք ու անբանաւորութեան որոգայթէն խուսափինք։

Եհովա. Տիեզերքին Մեծագոյն Յարմարող Էութիւնը

4. (ա) Ի՞նչ կերպով Եհովայի անունն իսկ կը յայտնէ իր յարմարող Աստուած մը ըլլալը։ (բ) Ի՞նչ են կարգ մը տիտղոսներ որոնք Եհովա Աստուծոյ կը կիրարկուին, եւ անոնք ինչո՞ւ տեղին են։

4 Եհովայի անունն իսկ կը պարփակէ իր յարմարող ըլլալը։ «Եհովա» բառացիօրէն կը նշանակէ «Ան կը Պատճառէ Ըլլալ»։ Ասիկա բացայայտօրէն կը նշանակէ թէ Եհովա կը պատճառէ որ ինք իր բոլոր խոստումներուն Կատարողը ըլլայ։ Երբ Մովսէս Աստուծոյ հարցուց իր անունը, Եհովա անոր նշանակութիւնը պարզաբանեց սա կերպով. «Ես եմ ՈՐ ԷՆ»։ (Ելից 3։14) Րօտըրհէմի թարգմանութիւնը զանիկա պարզօրէն կը մեկնէ. «Պիտի Ըլլամ ինչ որ կը հաճիմ ըլլալ»։ Եհովա կը փաստէ ըլլալ, կամ կ’ընտրէ ըլլալ ի՛նչ որ հարկ է իր արդար նպատակներն ու խոստումները կատարելու համար։ Հետեւաբար, ան կը կրէ տիտղոսներու տպաւորիչ շարք մը, ինչպէս՝ Ստեղծիչ, Հայր, Գերիշխան Տէր, Հովիւ, զօրքերու Եհովա, աղօթքի Լսող, Դատաւոր, Մեծ Ուսուցիչ, Փրկիչ։ Իր սիրալիր նպատակները կատարելու համար, ան պատճառ եղած է որ ինք այս բոլորը եւ աւելին ըլլայ։—Եսայեայ 8։13. 30։20, ՆԱ. Եսայեայ 40։28. 41։14. Սաղմոս 23։1. 65։2. 73։28, ՆԱ. Սաղմոս 89։26. Դատաւորաց 11։27. տես նաեւ Անգլերէնով Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը, Յաւելուածական 1J.

5. Ինչո՞ւ պէտք չէ եզրակացնենք թէ Եհովայի յարմարող ըլլալը կը ներփակէ թէ իր բնոյթը կամ չափանիշները կը փոխուին։

5 Արդ, ասիկա կը նշանակէ՞ որ Աստուծոյ բնոյթը կամ չափանիշները կը փոխուին։ Ո՛չ. ինչպէս Յակոբու 1։17–ն կը նշէ, «որուն մէջ բնաւ փոփոխութիւն կամ դառնալու շուք մը չկայ»։ Հոս հակասութիւն մը կա՞յ։ Բնա՛ւ երբեք։ Օրինակի համար, ո՞ր սիրալիր ծնողը տարբեր դերեր չ’առներ իր զաւակներուն օգտին համար։ Օրուան մը ընթացքին, ծնող մը կրնայ խորհրդատու մը, խոհարար մը, տանտիկին մը, ուսուցիչ մը, դաստիարակ մը, ընկեր մը, մեքենագործ մը, հիւանդապահ մը ըլլալ—ցանկը կարելի է երկարել։ Ծնողը իր անձնաւորութիւնը չի փոխեր, երբ ան այս դերերը կը ստանձնէ. ան պարզապէս կը յարմարի ընթացիկ կարիքներու։ Նոյնն է Եհովայի պարագան, բայց շատ աւելի մեծ տարողութեամբ։ Ոչ մէկ սահման կայ այն բաներուն զորս ան կրնայ պատճառել որ ինք ըլլայ իր արարածներուն օգտին համար։ Արդարեւ, անոր իմաստութեան խորութիւնը ապշեցուցիչ է։—Հռովմայեցիս 11։33

Բանաւորութիւն՝ Աստուածային Իմաստութեան Յատկանիշ մը

6. Աստուածային իմաստութիւնը նկարագրելու համար Յակոբոսի գործածած Յունարէն բառին բառացի նշանակութիւնն ու լռելեայն իմաստները ի՞նչ են։

6 Յակոբոս աշակերտ հետաքրքրական բառ մը գործածեց գերազանցօրէն յարմարող այս Աստուծոյն իմաստութիւնը նկարագրելու համար։ Ան գրեց. «Վերին իմաստութիւնը ... բանաւոր է»։ (Յակոբու 3։17, ՆԱ) Հոս անոր գործածած Յունարէն բառը (epieikes) դժուար է թարգմանել։ Թարգմանիչներ հետեւեալ բառերը գործածած են՝ «քաղցր», «հեզ», «ներողամիտ» եւ «նկատառու»։ Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը զայն կը թարգմանէ «բանաւոր», ստորանշումով մը որ ցոյց կու տայ թէ բառացի նշանակութիւնը «տեղի տուող» է։a Այս բառը նաեւ օրէնքին տառը չպնդելու, անտեղիօրէն խիստ կամ դաժան չըլլալու իմաստը կը հաղորդէ։ Ուսումնական Ուիլիըմ Պարգլէ, իր բառագրքին մէջ (New Testament Words), հետեւեալ մեկնաբանութիւնը կու տայ. «Էբիէյքէիա–ի մասին հիմնական ու գլխաւոր բանը այն է թէ անիկա Աստուծմէ կու գայ։ Եթէ Աստուած իր իրաւունքները պնդէր, եթէ Աստուած միայն օրէնքին անճկուն չափանիշները մեր վրայ կիրարկէր, ո՞ւր պիտի ըլլայինք։ Աստուած էբիէյքես եղող եւ ուրիշներու հետ էբիէյքէիա–ով վարուողի մը գերագոյն տիպարը կը հանդիսանայ»։

7. Եդեմի պարտէզին մէջ, Եհովա ինչպէ՞ս բանաւորութիւն ցուցաբերեց։

7 Նկատի առնենք այն ժամանակը, երբ մարդկութիւնը Եհովայի գերիշխանութեան դէմ ըմբոստացաւ։ Աստուծոյ համար որքա՜ն դիւրին եղած պիտի ըլլար այն երեք ապերախտ ըմբոստները՝ Ադամը, Եւան ու Սատանան՝ մեռցնել։ Այսպիսով, ան շա՜տ սրտացաւէ խնայած պիտի ըլլար իր անձը։ Իսկ ո՞վ կրնար առարկել թէ ան այսպիսի խիստ արդարութիւն մը պահանջելու իրաւունք չունէր։ Այսուհանդերձ, Եհովա իր երկնային կառանման կազմակերպութիւնը բնաւ չէ սահմանափակած արդարութեան որոշ անճկուն, անյարմարելի չափանիշներով։ Հետեւաբար, այդ կառքը անողոքօրէն մարդկային ընտանիքը եւ մարդկութեան ուրախ ապագայի բոլոր հեռանկարները չկոխկռտեց։ Ընդհակառակը, Եհովա փայլակի արագութեամբ իր կառքը վարեց։ Ըմբոստութենէն անմիջապէս ետք, Եհովա Աստուած հեռահաս նպատակ մը ուրուագծեց, որ Ադամի բոլոր սերունդին ողորմութիւն ու յոյս կը մատուցանէր։—Ծննդոց 3։15

8. (ա) Քրիստոնեայ Աշխարհի բանաւորութեան մասին ունեցած սխալ տեսակէտը ինչպէ՞ս կը հակադրուի Եհովայի իրական բանաւորութեան հետ։ (բ) Ինչո՞ւ կրնանք ըսել թէ Եհովայի բանաւորութիւնը չի նշանակեր որ ան կրնայ աստուածային սկզբունքներուն մէջ զիջումներ ընել։

8 Եհովայի բանաւորութիւնը, սակայն, չի նշանակեր որ ան կրնայ աստուածային սկզբունքներուն մէջ զիջումներ ընել։ Ներկայ Քրիստոնեայ Աշխարհի եկեղեցիները կրնան խորհիլ թէ բանաւոր են, երբ անբարոյութեան վրայ աչք կը խփեն պարզապէս իրենց կամակոր հօտերուն հաճութիւնը շահելու համար։ (Բաղդատել Բ. Տիմոթէոս 4։3։) Եհովա բնաւ չի բեկաներ իր օրէնքները, ոչ ալ զիջումներ կ’ընէ իր սկզբունքներուն մէջ։ Այլ, ան տեղի տալու, պարագաներուն յարմարելու կամեցողութիւն ցոյց կու տայ, որպէսզի այդ սկզբունքները թէ՛ արդարութեամբ եւ թէ ողորմութեամբ կիրարկուին։ Ան նոյնիսկ ուշադիր է որ իր արդարութեան ու զօրութեան գործադրումը հաւասարակշռէ իր սիրոյ ու բանաւոր իմաստութեան հետ։ Նկատի առնենք երեք կերպեր որոնց մէջ Եհովա բանաւորութիւն կը ցուցաբերէ։

«Ներող»

9, 10. (ա) «Ներող» ըլլալը ի՞նչ կապ ունի բանաւորութեան հետ։ (բ) Դաւիթ ինչպէ՞ս օգտուեցաւ Եհովայի ներողամտութենէն, եւ ինչո՞ւ։

9 Դաւիթ գրեց. «Վասնզի դո՛ւն, ո՛վ Տէր, բարի ու ներող ես եւ խիստ ողորմած այն ամենուն, որոնք քեզի կը կանչեն»։ (Սաղմոս 86։5) Երբ Եբրայերէն Սուրբ Գրութիւնները Յունարէնի թարգմանուեցան, Եբրայերէն «ներող» բառը թարգմանուեցաւ էբիէյքես կամ «բանաւոր»։ Արդարեւ, ներող ըլլալը եւ ողորմիլը թերեւս բանաւորութիւն ցուցաբերելու գլխաւոր կերպն են։

10 Դաւիթ անձամբ լաւատեղեակ էր թէ Եհովա որքա՜ն բանաւոր է այս մարզին մէջ։ Երբ Դաւիթ Բերսաբէին հետ շնութիւն գործեց եւ կարգադրեց որ անոր ամուսինը սպաննուի, թէ՛ ինք եւ թէ Բերսաբէն մահապատիժի արժանի էին։ (Բ. Օրինաց 22։22. Բ. Թագաւորաց 11։2–27) Եթէ մարդկային կարծր դատաւորներ հարցը ձեռք առնէին, շատ հաւանական էր որ երկուքն ալ իրենց կեանքերը կորսնցուցած ըլլային։ Բայց Եհովա բանաւորութիւն (epieikes) ցուցաբերեց, որ, ինչպէս Վայն իր բառարանին մէջ կը բացատրէ (Vine’s Expository Dictionary of Biblical Words), «այն նկատառութիւնը կ’արտայայտէ, որ հարցի մը իրողութիւնները ‘մարդասիրաբար ու բանաւորապէս’ կը դիտէ»։ Եհովայի ողորմած որոշումին ազդած իրողութիւններուն հաւանաբար մաս կազմեցին յանցագործներուն անկեղծ զղջումը եւ ուրիշներու հանդէպ Դաւիթի նախապէս յայտնաբերած ողորմութիւնը։ (Ա. Թագաւորաց 24։5–7. 25։32–35. 26։7–11. Մատթէոս 5։7. Յակոբու 2։13) Սակայն, Ելից 34։4–7–ին մէջ իր մասին տուած Եհովայի նկարագրութեան համաձայն, բանաւոր էր որ Եհովա պատժէր Դաւիթը։ Ան ուժեղ պատգամով մը Նաթան մարգարէն ղրկեց Դաւիթին, որպէսզի ան ըմբռնէ թէ Եհովայի խօսքը արհամարհած էր։ Դաւիթ զղջած, հետեւաբար իր մեղքին համար չմեռաւ։—Բ. Թագաւորաց 12։1–14

11. Մանասէի պարագային, Եհովա ինչպէ՞ս ներողամտութիւն ցուցաբերեց։

11 Յուդայի Մանասէ Թագաւորին օրինակը աւելի ուշագրաւ է այս մարզին մէջ, քանի որ Մանասէ, Դաւիթին հակառակը, երկար ատեն շատ ամբարիշտ եղաւ։ Մանասէ կրօնական զզուելի գործառնութիւններ խրախուսեց երկրին մէջ, ի ներառեալ՝ մարդկային զոհեր։ Հաւանաբար ան հաւատարիմ Եսայի մարգարէին ‘սղոցուելուն’ մէջ մաս ունէր։ (Եբրայեցիս 11։37) Մանասէն պատժելու համար, Եհովա թոյլ տուաւ որ ան Բաբելոն գերի տարուի։ Սակայն, Մանասէն բանտին մէջ զղջած ու ողորմութիւն թախանձեց։ Այս անկեղծ զղջումին ընդառաջելով, Եհովա «ներող» գտնուեցաւ, նոյնիսկ այս ծայրայեղ պարագային։—Բ. Մնացորդաց 33։9–13

Վարուելակերպը Փոխել, Նոր Պարագաներու Դիմաց

12, 13. (ա) Նինուէի պարագային, դէպքերու ի՞նչ փոփոխութիւն մղեց Եհովային որ իր վարուելակերպը փոխէ։ (բ) Յովնան ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ ինք Եհովա Աստուծմէ նուազ բանաւոր էր։

12 Եհովայի բանաւորութիւնը նաեւ կը ցուցաբերուի նոր պարագաներու դիմաց մտադրուած արարք մը փոխելու իր կամեցողութեամբ։ Օրինակի համար, երբ Յովնան մարգարէն հին Նինուէի փողոցներուն մէջ շրջագայեցաւ, անոր ներշնչուած պատգամը շատ պարզ էր. Հսկայ քաղաքը պիտի կործանուէր 40 օրէն։ Սակայն, անակնկալօրէն՝ պարագաները փոխուեցան։ Նինուէցիները զղջացին։—Յովնանու գլուխ՝ 3։

13 Շատ բան կը սորվինք դէպքերու փոփոխութեան դիմաց Եհովայի եւ Յովնանի հակազդեցութիւնները համեմատեցնելով։ Եհովա, արդարեւ, փոխեց իր երկնային կառքին ընթացքը։ Այս առիթով, ան պարագային յարմարեցաւ, պատճառելով որ ինք մեղքեր ներող մը ըլլայ, փոխանակ «հզօր պատերազմող» մը ըլլալու։ (Ելից 15։3) Միւս կողմէն, Յովնան շատ նուազ դիւրաթեք էր։ Փոխանակ Եհովայի կառքին հետ քայլ պահելու, ան շատ աւելի վարուեցաւ նախապէս յիշուած բեռնատար կառախումբին կամ քարիւղատար շոգենաւին նման։ Ան փլուզում յայտարարած էր, ուստի այդ փլուզումը պէ՛տք էր պատահէր։ Թերեւս ան խորհեցաւ որ վարուելակերպի որեւէ փոփոխութիւն զինք ամօթով պիտի ձգէր Նինուէցիներուն դիմաց։ Բայց համբերութեամբ, Եհովա բանաւորութեան ու ողորմութեան նկատմամբ իր պնդագլուխ մարգարէին անմոռանալի դաս մը սորվեցուց։—Յովնանու գլուխ՝ 4։

14. Եհովա ինչո՞ւ իր վարուելակերպը փոխեց իր Եզեկիէլ մարգարէին հանդէպ։

14 Եհովա ուրիշ առիթներով ալ փոխած է իր վարուելակերպը—նոյնիսկ յարաբերաբար աւելի պզտիկ հարցերու մասին։ Օրինակի համար, անգամ մը, ան Եզեկիէլ մարգարէին յանձնարարեց որ մարգարէական թատերախաղ մը ներկայացնէ։ Իր թելադրութիւններուն մէջ, Եհովա կը նշէր որ Եզեկիէլ իր կերակուրը եփէ կրակի մը վրայ, որու վառելանիւթը մարդու կղկղանք պէտք էր ըլլար։ Ասիկա շատ անհաճելի էր մարգարէին համար. ուստի ան աղաղակեց. «Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա» եւ աղաչեց Աստուծոյ որ զինք խնայէ այսպիսի զզուելի բան մը ընելէ։ Եհովա մարգարէին զգացումները չանտեսեց զանոնք անտեղի գտնելով. այլ ան թոյլ տուաւ որ Եզեկիէլ կովու քակորը գործածէ, որ մինչեւ օրս սովորական վառելանիւթ մըն է շատ մը երկիրներու մէջ։—Եզեկիէլ 4։12–15

15. (ա) Ո՞ր օրինակները ցոյց կու տան որ Եհովա մարդոց մտիկ ընելու ու ընդառաջելու մէջ կամեցողութիւն յայտնաբերած է։ (բ) Ասկէ ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ։

15 Մեր Եհովա Աստուծոյ խոնարհութիւնը նկատելը սիրտ չի՞ տոգորեր։ (Սաղմոս 18։35, ՆԱ) Ան մեզմէ անսահմանօրէն բարձր է. այսուհանդերձ ան անկատար մարդոց համբերութեամբ մտիկ կ’ընէ եւ երբեմն ըստ այնմ իր վարուելակերպը կը փոխէ։ Ան թոյլ տուաւ որ Աբրահամ երկարօրէն պաղատի իրեն Սոդոմի ու Գոմորի կործանման հարցով։ (Ծննդոց 18։23–33) Նաեւ ան թոյլ տուաւ որ Մովսէս առարկութիւններ յարուցանէ ըմբոստ Իսրայելացիները բնաջնջելու ու անոնց տեղ Մովսէսի միջոցաւ մեծ ազգ մը մէջտեղ բերելու իր առաջարկին։ (Ելից 32։7–14. Բ. Օրինաց 9։14, 19. բաղդատել Ամովսեայ 7։1–6։) Ան այսպիսով կատարեալ օրինակ մը հանդիսացաւ իր մարդկային ծառաներուն համար, որոնք նոյնանման կամեցողութիւն պէտք է ցուցաբերեն ուրիշներու մտիկ ընելու մէջ, երբ այդպէս ընելը բանաւոր ու կարելի է։—Բաղդատել Յակոբու 1։19։

Բանաւորութիւն՝ Հեղինակութիւն Գործադրելու մէջ

16. Եհովա իր հեղինակութիւնը գործադրելու կերպին մէջ ինչպէ՞ս կը տարբերի շատ մը մարդոցմէ։

16 Նկատա՞ծ էք որ, երբ անհատներ յաւելեալ հեղինակութիւն ձեռք ձգեն, շատեր նուազ բանաւոր կ’ըլլան։ Եհովա, ճիշդ հակառակը, տիեզերքին մէջ հեղինակութեան բարձրագոյն դիրքը կը գրաւէ, այսուհանդերձ ան բանաւորութեան մեծագոյն տիպարն է։ Ան իր հեղինակութիւնը կատարելապէս բանաւոր կերպով կը գործադրէ։ Շատ մը մարդոցմէ տարբեր ըլլալով, Եհովա անապահով չի զգար իր հեղինակութեան նկատմամբ, ուստի ան հարկ չի զգար զայն նախանձաբար պահպանելու—որպէս թէ ուրիշներու որոշ հեղինակութիւն յանձնելը կերպով մը իր հեղինակութեան պիտի սպառնար։ Իրականութեան մէջ, երբ իրմէ զատ միայն մէկ ուրիշ էութիւն մը կար տիեզերքին մէջ, Եհովա ընդարձակ հեղինակութիւն շնորհեց անոր։ Ան Լոկոսը կամ Բանը իր «ճարտարապետ»ը ըրաւ, անկէ ետք բոլոր բաները այս սիրելի Որդւոյն միջոցաւ մէջտեղ բերելով։ (Առակաց 8։22, 29–31. Յովհաննու 1։1–3, 14. Կողոսացիս 1։15–17) Ան հետագային անոր փոխանակեց «ամէն իշխանութիւն ... երկնքի ու երկրի մէջ»։—Մատթէոս 28։18. Յովհաննու 5։22

17, 18. (ա) Եհովա ինչո՞ւ հրեշտակներ Սոդոմ ու Գոմոր ղրկեց։ (բ) Աքաաբը ի՛նչպէս խաբելու նկատմամբ, Եհովա ինչո՞ւ հրեշտակներէն առաջարկներ խնդրեց։

17 Նմանապէս, Եհովա իր շատ մը արարածներուն գործեր կը յանձնէ, զորս ինք կրնայ ընել եւ աւելի լաւ կերպով։ Օրինակի համար, երբ ան Աբրահամին ըսաւ, «Հիմա [Սոդոմ ու Գոմոր] պիտի իջնեմ տեսնելու՝ թէ բոլորովին ինծի եկած աղաղակին պէս ըրի՞ն», ան ըսել չէր ուզեր թէ ինք հոն անձամբ պիտի երթար։ Այլ, Եհովա նախընտրեց հեղինակութիւն տալ հրեշտակներ նշանակելով, որ այսպիսի տեղեկութիւններ քաղեն իրեն համար։ Ան հեղինակութիւն տուաւ անոնց որ ապացոյցներ գտնելու այս պաշտօնը կատարեն եւ իրեն տեղեկագրութիւն մը ներկայացնեն։—Ծննդոց 18։1–3, 20–22

18 Ուրիշ առիթով մը, երբ որոշեց դատավճիռ գործադրել ամբարիշտ Աքաաբ Թագաւորին վրայ, Եհովա երկնային համաժողովի հրաւիրեց հրեշտակները, որպէսզի առաջարկներ ներկայացնեն թէ այդ հաւատուրաց թագաւորը ի՛նչպէս ‘խաբեն’, այնպէս որ ան մասնակցի այն պատերազմին որ իր կեանքին վերջ պիտի դնէր։ Վստահաբար, Եհովա՝ ամբողջ իմաստութեան Աղբիւրը՝ օգնութեան կարիքը չունէր լաւագոյն գործելակերպ մը ծրագրելու համար։ Այսուհանդերձ, ան իր հրեշտակները պատուեց լուծումներ առաջարկելու առանձնաշնորհում եւ իր ընտրած լուծումը գործադրելու հեղինակութիւն տալով անոնց։—Գ. Թագաւորաց 22։19–22

19. (ա) Եհովա ինչո՞ւ կը սահմանափակէ իր դրած օրէնքներուն թիւը։ (բ) Եհովա ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ թէ ինք մեզմէ ակնկալած բաներուն մէջ բանաւոր է։

19 Եհովա իր հեղինակութիւնը չի գործածեր ուրիշներու վրայ անտեղի հսկողութիւն բանեցնելու համար։ Ասոր մէջ ալ, ան անզուգական բանաւորութիւն կը ցուցաբերէ։ Ան զգուշութեամբ իր դրած օրէնքներուն թիւը կը սահմանափակէ եւ իր ծառաները կ’արգիլէ որ ‘գրուածէն աւելի բան մը խորհին’, իրենց կողմէ կերտուած ծանր օրէնքներ աւելցնելով։ (Ա. Կորնթացիս 4։6. Գործք 15։28. հակադրել Մատթէոս 23։4։) Ան բնաւ իր արարածներէն կոյր հնազանդութիւն չի պահանջեր, բայց ընդհանրապէս անոնց ուղղութիւն տալու համար բաւարար տեղեկութիւններ կը հայթայթէ ու զանոնք ընտրութեան մը առջեւ կը դնէ, թոյլ տալով որ անոնք գիտնան հնազանդելուն օգուտները եւ չհնազանդելուն հետեւանքները։ (Բ. Օրինաց 30։19, 20) Փոխանակ յանցանքի, ամօթի, կամ վախի միջոցաւ մարդիկը բռնադատելու, ան կը ջանայ սրտերուն հասնիլ. ան կ’ուզէ որ մարդիկ իրեն ծառայեն անկեղծ սէրէ մղուած, ոչ թէ՝ ստիպմամբ։ (Բ. Կորնթացիս 9։7) Այսպիսի սրտանց ծառայութիւն մը Աստուծոյ սիրտը կ’ուրախացնէ, ուստի ան անբանաւոր կերպով «դժուարահաճ» չէ։—Ա. Պետրոս 2։18, ՆԱ. Առակաց 27։11. բաղդատել Միքիա 6։8։

20. Եհովայի բանաւորութիւնը ինչպէ՞ս կ’ազդէ ձեզի։

20 Արտակարգ բան մը չէ՞ որ Եհովա Աստուած, որ ստեղծագործութեան մէջ եղող ոեւէ մէկէն աւելի զօրութիւն ունի, այդ զօրութիւնը բնաւ անբանաւոր կերպով չի գործածեր, բնաւ ուրիշները բռնադատելու համար չի գործածեր զայն։ Սակայն, մարդիկ, բաղդատաբար ա՛յդքան աննշան ըլլալով, իրարու վրայ տիրած են ամբողջ պատմութեան ընթացքին։ (Ժողովողի 8։9) Որոշապէս, բանաւորութիւնը թանկագին յատկութիւն մըն է, որ մեզ կը մղէ Եհովան աւելի սիրելու։ Ատիկա, իր կարգին, մեզ կը մղէ այս յատկութիւնը մշակելու։ Ինչպէ՞ս կրնանք ասիկա ընել։ Յաջորդ յօդուածին մէջ ասիկա նկատի պիտի առնենք։

[Ստորանիշ էջ 9]

a 1769–ին, բառագիր Ճոն Փարքհըրսդ այս բառը սահմանեց որպէս «տեղի տուող, տեղի տալու միտում ունեցող, քաղցր, հեզ, համբերող»։ Ուրիշ ուսումնականներ ալ «տեղի տալ» առաջարկած են որպէս սահմանում։

Ինչպէ՞ս Պիտի Պատասխանէիք

◻ Եհովայի անունը եւ իր երկնային կառքին տեսիլքը ինչպէ՞ս կը շեշտեն իր յարմարող ըլլալը։

◻ Բանաւորութիւնը ի՞նչ է, եւ անիկա ինչո՞ւ աստուածային իմաստութեան յատկանիշ մըն է։

◻ Ի՞նչ կերպերով Եհովա ցոյց տուած է որ ինք «ներող» է։

◻ Եհովա ինչո՞ւ նախընտրած է որոշ պարագաներու դիմաց մտադրուած արարք մը փոխել։

◻ Եհովա ինչպէ՞ս բանաւորութիւն կը ցուցաբերէ իր հեղինակութիւնը գործադրելու կերպին մէջ։

[Նկար՝ էջ 10]

Եհովա ինչո՞ւ ներեց ամբարիշտ Մանասէ Թագաւորին։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել